Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Թուրքիան Կը Մեղադրէ ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցելուն Համար

June 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ
Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական  կուսակցութեան համանախագահ Ֆիկեն Եիւքսեքտաղ Անգարան մեղադրած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներուն աջակցելու յանցանքով:

«Ամենայն հաւանականութեամբ` ծայրայեղականները սուրիական Քոպանի քաղաք մուտք գործած են Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգէն», ըսած է ան:

Քիւրտ կուսակցապետը խօսքը թրքական կառավարութեան ուղղելով յայտնած է. «Այդ յարձակումը կը հանդիսանայ թրքական կառավարութեան կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն աջակցութեան արդիւնք: Ապացուցեցէ՛ք, որ այդ կոտորածը չէ կատարուած ձեր աջակցութեամբ»:

Եիւքսեքտաղ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է, որ իրենց տեղեկութիւններով, հինգշաբթի օր Քոպանի ներխուժած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ փոխադարձ հրացանաձգութեան պատճառով աւելի քան 40 զոհ արձանագրուած է եւ հարիւրաւոր մարդիկ ալ վիրաւորուած են:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ հերքեց այն պնդումները, թէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները սուրիական քաղաքին դէմ յարձակում գործած են թրքական տարածքէն:

«Անատոլու» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մեկնաբանելով յարձակումը յայտարարած է. «Անմեղ քաղաքացիները թիրախ դարձուցած այդ յարձակումը կը դատապարտենք: Մենք մինչեւ այսօր մեր երկրէն ապաստան խնդրած, կարիքաւոր, Թուրքիոյ վստահող ոչ ոքի առջեւ մեր դռները փակած ենք: Դէպքէն անմիջապէս ետք ալ բոլոր վիրաւոր սուրիացիները` շուրջ 130 հոգի, մեր երկիր տեղափոխուած են եւ բուժում կը ստանան հիւանդանոցներու մէջ»:

Խօսելով այն մարդոց մասին, որոնք Թուրքիան կը մեղադրեն ահաբեկիչներու հետ համագործակցելու համար, ըսած է. «Անգամ մը եւս յստակօրէն կ՛ըսեմ` Թուրքիան ահաբեկչութեան հետ նոյն շարքի մէջ ներկայացնել ոչ ոք կրնայ եւ ոչ ոք իրաւունք ունի»:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը երէկ յայտարարեց, որ յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացած է 146-ի:

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղը` 80 Տարիէ Պատնէշի Վրայ

Յաջորդը

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ Եւ Միջին Արեւելքի Կացութիւնները

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար.  «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Պատերազմի Նախարար. «Իրանցիներուն Համար Հարցը Վերջ Գտաւ»

March 5, 2026
Ըստ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան.  ՕԹԱՆ Վնասազերծած Է Իրանէն Արձակուած  Եւ Դէպի Թուրքիա Ուղղուող Թեւաւոր Հրթիռ Մը
Միջազգային

Ըստ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութեան. ՕԹԱՆ Վնասազերծած Է Իրանէն Արձակուած Եւ Դէպի Թուրքիա Ուղղուող Թեւաւոր Հրթիռ Մը

March 5, 2026
Իրանի Վրայ Յարձակումի 4-րդ Օր.  Թրամփ. «Բաւարար Զէնք-Զինամթերքի Պահեստ  Ունինք Եւ Պատրաստ Ենք Ջախջախիչ  Յաղթանակ Արձանագրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Վրայ Յարձակումի 4-րդ Օր. Թրամփ. «Բաւարար Զէնք-Զինամթերքի Պահեստ Ունինք Եւ Պատրաստ Ենք Ջախջախիչ Յաղթանակ Արձանագրելու»

March 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.