Միջազգային

Պաշտօնը Երեք Տարի Թափուր Մնալէն Ետք.  Սիսի Թել Աւիւի Մէջ Նշանակեց Դեսպան Մը,  Նեթանիահու Ողջունեց

Պաշտօնը Երեք Տարի Թափուր Մնալէն Ետք. Սիսի Թել Աւիւի Մէջ Նշանակեց Դեսպան Մը, Նեթանիահու Ողջունեց

Հազեմ Խէյրաթ Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի արտաքին գործոց նախարարի դիւանագէտներու եւ հիւպատոսներու հարցով օգնական Հազեմ Խէյրաթը նշանակած է Թել Աւիւի մէջ Եգիպտոսի դեսպան` փոխարինելով Աթեֆ Սալեմը, որ Քուպայի մէջ Եգիպտոսի դեսպանի թեկնածու առաջադրուած է: Արտաքին գործոց նախարարի գրասենեակի պատասխանատու Եասեր Ռիտա թեկնածու առաջադրուած է Ուաշինկթընի մէջ Եգիպտոսի դեսպանի պաշտօնին` փոխարինելով Մոհամետ Թաուֆիքը: Նախարարի...

Իսրայէլի Տիւրզիները Կը Քարկոծեն Սուրիական  Զինեալ Ընդդիմութեան Վիրաւորները  Փոխադրող Իսրայէլեան Հիւանդատար Մեքենաները

Իսրայէլի Տիւրզիները Կը Քարկոծեն Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութեան Վիրաւորները Փոխադրող Իսրայէլեան Հիւանդատար Մեքենաները

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ տիւրզի երիտասարդներ երէկ քարկոծած են իսրայէլեան բանակին պատկանող հիւանդատար մեքենաները, որոնք Կոլանի մէջ սուրիական զինեալ ընդդիմութենէն վիրաւորներ կը փոխադրէին: Ըստ իսրայէլեան կայքերու, հիւանդատար մեքենայ մը քարկոծուած է Գալիլիոյ տիւրզիական Հարֆիշ գիւղին մէջ: Խումբ մը տիւրզի երիտասարդներ ինքնաշարժով հետապնդած են հիւանդատար մեքենան, անոր ճամբան կտրած եւ ապա զայն քարկոծած` փորձելով արգելք հանդիսանալ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան անդամներուն Իսրայէլի...

«Միացեալ Նահանգներ Մոսկուայի  Պիտի Չարտօնեն Վերադարձնել  Խորհրդային Անցեալը»  Կ՛ըսէ Քարթըր

«Միացեալ Նահանգներ Մոսկուայի Պիտի Չարտօնեն Վերադարձնել Խորհրդային Անցեալը» Կ՛ըսէ Քարթըր

Էշթըն Քարթըր «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Էշթըն Քարթըր Պերլինի մէջ յայտարարած է, որ Ռուսիա կը փորձէ վերականգնել արտաքին քաղաքական ազդեցութեան գօտիները, ինչպէս անոնք եղած են խորհրդային ժամանակներուն ընթացքին` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց դաշնակիցները պիտի չարտօնեն Քրեմլինին այդ մէկը իրականացնել: Քարթըր ըսած է, որ ՕԹԱՆ-ի մէջ դաշնակիցները պատրաստ են Մոսկուայի հետ բարելաւելու յարաբերութիւնները, սակայն այդ...

«Ուիքիլիքս» Կը Հրապարակէ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Աւելի Քան 60 Հազար Փաստաթուղթեր

«Ուիքիլիքս» Կը Հրապարակէ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Աւելի Քան 60 Հազար Փաստաթուղթեր

«Ուիքիլիքս» իր հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի` Լոնտոնի մէջ Էքուատորի դեսպանատուն ապաստանելուն եռամեակին առիթով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աւելի քան 60 հազար փաստաթուղթեր հրապարակեց եւ յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին 500 հազար փաստաթուղթ եւս պիտի հրապարակէ` նշելով, որ ձեռք ձգած է Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ այլ պետութիւններու միջեւ ե-նամակներ, ինչպէս նաեւ սէուտական այլ նախարարութեանց կողմէ պատրաստուած գաղտնի զեկուցումներ: Ըստ...

Թուրքիոյ Մէջ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութեանց Մէջ. Հանրապետական Ժողովուրդի Եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւններուն Միջեւ Կամուրջներու Հրկիզում

Թուրքիոյ Մէջ Համախոհական Կառավարութեան Կազմութեան Բանակցութեանց Մէջ. Հանրապետական Ժողովուրդի Եւ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութիւններուն Միջեւ Կամուրջներու Հրկիզում

Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ բուռն վիճաբանութիւն ծագեցաւ, երբ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի կտրուկ կերպով մերժեց եւ ձաղկեց համախոհական կառավարութեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի առաջարկը: Պահչելի «Թուիթըր»-ի վրայ անուղղակի կերպով պատասխանելով Քըլըճտարօղլուի առաջարկին գրեց. «Ես ինծի հարց կու տամ. անոնք, որոնք դիրքի կը ձգտին, կրնա՞ն կեանքէն...

Թեհրան Չի Բացառեր Յուլիսէն Ետք Վեցեակին Հետ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութիւնը

Թեհրան Չի Բացառեր Յուլիսէն Ետք Վեցեակին Հետ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութիւնը

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները կրնան շարունակուիլ նաեւ 30 յունիսէն` համաձայնագիրի ստորագրման ժամկէտի աւարտէն ետք: Ըստ անոր, Թեհրան չի պնդեր, որ Վեցեակին հետ համաձայնագիրի ստորագրման հարցին մէջ շեշտը դրուի ժամանակի վրայ: Ան նշած է, որ շատ հաւանական է, որ բանակցութիւնները շարունակուին նաեւ...

ՏԱՀԵՇ Ականապատած Է Փալմիրը

ՏԱՀԵՇ Ականապատած Է Փալմիրը

«Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ՍՈՀՐ իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ղեկավար Ռամի Ապտուլ Ռահման յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ականապատած են Փալմիր հնագիտական քաղաքը, որուն աւերակները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ պահպանուող տարածքներու ցանկին վրայ: «Անոնք (զինեալները) ականապատումը կատարած են մէկ օր առաջ: Անոնք պայթուցիկ նիւթեր տեղադրած են նաեւ Հռոմէական թատրոնին մէջ: Մենք տակաւին չենք գիտեր այդ ամէնուն պատճառը», ըսած է Ապտուլ Ռահման:...

Չարլսթոնի Եկեղեցիին Դէմ Յարձակումին  Հարցով Կասկածեալը Ձերբակալուեցաւ

Չարլսթոնի Եկեղեցիին Դէմ Յարձակումին Հարցով Կասկածեալը Ձերբակալուեցաւ

Հարաւային Քարոլայնա նահանգի Չարլսթոն քաղաքին մէջ Միացեալ Նահանգներու արդի պատմութեան մէջ ցեղապաշտական յոռեգոյն յարձակումին ընթացքին սեւամորթներու պատմական եկեղեցիին մէջ ինը անձերու սպանութեան հարցով կասկածեալը ձերբակալուեցաւ Հիւսիսային Քարոլայնա նահանգի Շիլպի քաղաքին մէջ: Ոստիկանութիւնը 21-ամեայ Տիլըն Ռուֆը օդանաւով փոխադրեց Չարլսթոն: Ռուֆ նշեալ եկեղեցիին մէջ մէկ ժամ նստած էր, ապա հաւատացեալներուն վրայ կրակ բանալով 9 անձեր սպաննած:

Քըլըճտարօղլու Համախոհական Կառավարութեան  Վարչապետի Պաշտօնը Կ՛առաջարկէ Պահչելիին

Քըլըճտարօղլու Համախոհական Կառավարութեան Վարչապետի Պաշտօնը Կ՛առաջարկէ Պահչելիին

Քեմալ Քըլըճտարօղլու «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու  նախքան երկրին մէջ համախոհական կառավարութեան կազմելու շուրջ պաշտօնական բանակցութիւններու սկիզբը առաջարկած է կազմել ընդդիմադիր երեք կուսակցութիւններէն բաղկացած համախոհական կառավարութիւն մը, որուն մէջ վարչապետի պաշտօնը պիտի վարէ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի: Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը...

Յունաստանը Պարտազանցումէն Փրկելու  Խնդիրը Պիտի Քննարկուի  Եւրոյի Գօտիի Վեհաժողովին Ընթացքին

Յունաստանը Պարտազանցումէն Փրկելու Խնդիրը Պիտի Քննարկուի Եւրոյի Գօտիի Վեհաժողովին Ընթացքին

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոյի գօտիի խումբի նախագահ Երուն Տէյսելպլում` ամփոփելով Յունաստանի հարցին նուիրուած 18 յունիսին Լիւքսամպուրկի մէջ գումարուած նիստին արդիւնքները, յայտնած է, որ Յունաստանը պարտազանցումէն փրկելու խնդիրը պիտի քննարկուի Եւրոյի գօտիի անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն մակարդակով: Նշեալ ղեկավարներուն ոչ պաշտօնական վեհաժողովը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Աթէնքի համար վարկերու նիւթին, տեղի պիտի ունենայ 22 յունիսին Պրիւքսէլի մէջ: «Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ...

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական  Դատարանը Ազրպէյճանի Դէմ  Վճիռ Արձակած Է

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Ազրպէյճանի Դէմ Վճիռ Արձակած Է

Ազրպէյճանական Kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 18 յունիսին «Մեհթիեւը ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով վճիռ արձակած է: Դատարանը վճռած է, որ Խաքիմելտոսթու Մեհթիեւի իրաւունքները խախտուած են Նախիջեւանի ազգային անվտանգութեան նախարարութեան կողմէ` իր լրագրական գործունէութեան հետեւանքով բանտարկուելու եւ վատ վերաբերմունքի համար: Մեհթիեւին հետապնդելու պատճառները եղած են անոր հրապարակումները 2007 թուականին մարդու իրաւունքներու խախտումներուն վերաբերեալ, որմէ ետք զինք կանչած են...

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ  Նախագահի Ընտրութեան Շուրջ Վէճ

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ Նախագահի Ընտրութեան Շուրջ Վէճ

«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ քրտական կուսակցութեանց ու խմբաւորումներուն միջեւ վէճ յառաջացած է, երբ մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի որոշած է նախագահի ընտրութիւնը կատարել ժողովրդային քուէարկութեամբ, ինչ որ Ժալալ Թալպանիի ղեկավարած Քրտական ազգային միութեան, Փոփոխութիւն շարժումի եւ շարք մը իսլամական կուսակցութեանց մօտ վերապահութիւն յառաջացուցած է: Վերջիններս կ՛ուզեն, որ նախագահը ընտրուի խորհրդարանին կողմէ եւ ոչ թէ ժողովուրդին: Քրտական...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը  Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ  Զինուորական Օգնութիւն Յատկացնելուն

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Ուքրանիոյ Զինուորական Օգնութիւն Յատկացնելուն

«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հաւանութիւն տուած է 612 միլիառ տոլարի հասնող զինուորական պիւտճէի նախագիծին, որ զինուորական օգնութիւն կը նախատեսէ Ուքրանիոյ: Փաստաթուղթին թեր քուէարկած է 71 ծերակուտական, իսկ դէմ` 25 ծերակուտական: Պիւտճէի սրբագրումը, որ որդեգրուած է հանրապետական ծերակուտական Ռոպ Փորթմընի նախաձեռնութեամբ, կ՛արտօնէ սպառազինութիւններու մատակարարումը Քիեւին, ներառեալ` հրաձգային զէնքն ու նռնականետերը: Փաստաթուղթի բնագիրին համաձայն, Փենթակոնը արտաքին գործոց նախարարութեան...

Թիֆլիսի Ողողումներուն  Պատճառով 457 Մարդ Վնասուած Են

Թիֆլիսի Ողողումներուն Պատճառով 457 Մարդ Վնասուած Են

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի Պետական անվտանգութեան եւ ճգնաժամերու կառավարման խորհուրդը հաղորդած է, որ Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ ողողումներէն վնասուած են 457 մարդիկ, որոնցմէ 119-ը` երեխաներ: «Աղէտին պատճառով վնասուած բնակչութեան հաշուարկման իբրեւ արդիւնք առողջապահութեան նախարարութիւնը արձանագրած է 106 ընտանիք, ընդամէնը` 457 մարդ: Անոնցմէ 119-ը երեխաներ են, 56-ը` տարեցներ, իսկ հինգը` յղիներ», ըսուած է խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ վերջին տուեալներուն,...

Ֆրանչիսկոս Պապը Քաղաքական Գործիչները  Յանդիմանած Է Բնութեան Նկատմամբ  Իրենց Անփոյթ Վերաբերմունքին Համար

Ֆրանչիսկոս Պապը Քաղաքական Գործիչները Յանդիմանած Է Բնութեան Նկատմամբ Իրենց Անփոյթ Վերաբերմունքին Համար

Ֆրանչիսկոս պապը Lenta.ru կայքը` յղում կատարելով «Նէյչըր» ամսագիրին, կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը եպիսկոպոսներուն ուղղուած քաղաքական, ընկերային եւ կրօնական կարեւորագոյն հարցերով նախանցեալ օր հրապարակուած կոնդակին մէջ քաղաքական գործիչները կը յանդիմանէ քաղաքական գործիչները կլիմայի փոփոխութիւնը դադրեցնելու համար քայլեր չկատարելու պատճառով: Ըստ ամսագիրին, նշեալ կոնդակին սեւագիր տարբերակին մէջ կը նշուի, որ համաշխարհային ջերմացումը կրնայ յանգեցնել «կենսոլորտային համակարգերու աննախադէպ ոչնչացման եւ մարդկութեան համար...

«Բրիտանացի Լրագրողներուն Եւրոպական  Խաղերուն Ներկայ Գտնուիլ  Թոյլ Չտալը Ամօթալի Էր»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ  Բրիտանիոյ Դեսպանը

«Բրիտանացի Լրագրողներուն Եւրոպական Խաղերուն Ներկայ Գտնուիլ Թոյլ Չտալը Ամօթալի Էր» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանը

Իրֆան Սիտտիկ Kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իրֆան Սիտտիկ մեկնաբանած է շարք մը բրիտանացի լրագրողներու Պաքու մուտքի արգելքը: Ան նշած է, որ ներկայ եղած է Եւրոպական խաղերու բացումին` Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Թոպիաս Էլվուտի հետ եւ տպաւորուած է ձեռնարկով: «Դժբախտաբար, որոշ բրիտանացի լրագրողներ հաւատարմագիր չէին ստացած խաղերը լուսաբանելու համար: Ամօթալի է, որ որոշ լրագրողներ զրկուած...

Չարլսթոնի Մէջ Եկեղեցիի Մը  Դէմ Յարձակում Մը 9 Զոհ Պատճառեց

Չարլսթոնի Մէջ Եկեղեցիի Մը Դէմ Յարձակում Մը 9 Զոհ Պատճառեց

Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Քարոլայնա նահանգի Չարլսթոն քաղաքին մէջ սեւամորթ բողոքականներու պատմական եկեղեցիին դէմ զինեալ յարձակումի մը պատճառով 9 զոհ արձանագրուեցաւ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քաղաքին ոստիկանապետը չորեքշաբթի երեկոյեան տեղի ունեցած յարձակումը նկատած է «ատելութեան հողի վրայ կատարուած յանցագործութիւն»: Ոստիկանութեան տուեալներով, կասկածեալը 21-25 տարեկան սպիտակամորթ տղամարդ մըն է, որ յարձակումէն ետք սեւ ինքնաշարժով մը փախուստի դիմած է: Ոստիկանութիւնը զոհուածներէն...

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ծածկել  Բանակին Մէջ Իր Կորուստները

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ծածկել Բանակին Մէջ Իր Կորուստները

Ազրպէյճան կը շարունակէ իր հասարակութենէն պահել բանակին մէջ ունեցած կորուստները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին ազրպէյճանական բանակին մէջ անձնասպանութեան երկու դէպք եւ մէկ զոհ արձանագրուած է, ինչի մասին այդ երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խուսափած է յայտնել: «Ազատլիկ» կայքը 16 յունիսի երեկոյեան յայտնած է, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Թովուզի եւ Գեդաբեկի մէջ տեղակայուած զօրամասերուն մէջ զինուորներու անձնասպանութեան երկու...

Ռուսիա Եւ Թուրքիա Մինչեւ Յունիսի  Վերջը Կրնան «Թրքական Հոսք»-ին Հարցով  Համաձայնութիւն Գոյացնել

Ռուսիա Եւ Թուրքիա Մինչեւ Յունիսի Վերջը Կրնան «Թրքական Հոսք»-ին Հարցով Համաձայնութիւն Գոյացնել

Gazeta.ru կայքը, վկայակոչելով Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչեւ յունիս ամսուան վերջը պէտք է նախապատրաստեն «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի կառուցման առնչուող առաջին պարտաւորեցնող փաստաթուղթերը: Յառաջիկային պիտի քննարկուի ջրային հատուածին մէջ խողովակաշարի առաջին հատուածի կառուցման հարցը: Ըստ ռուս նախարարին, կողմերը մօտիկ ապագային պիտի նախապատրաստեն անհրաժեշտ բոլոր փաստաթուղթերը: Նովաք նաեւ աւելցուցած է, որ իրենք արդէն...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

ԹՐՔԱԿԱՆ ապահովական մարմինները փակեցին Սուրիոյ հետ Աքչաքալէի սահմանային անցքը` արգելք հանդիսանալու համար, որ Թել Ապիատէն փախուստ տուած սուրիացիները վերադառնան իրենց քաղաքը` նշելով, որ այդ քայլին դիմած են, որովհետեւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սահմանին միւս կողմը գտնուող անցքին դուռը փակած են: ՀՐԷԱԿԱՆ կրօնական հիմնարկի մը ուսանողներ հրկիզեցին Թիպերիատի հիւսիսը գտնուող պատմական եկեղեցի մը: Ոստիկանութիւնը 16 ուսանողներն ու անոնց ուսուցիչը ձերբակալելէ ետք,...

Page 854 of 881 1 … 853 854 855 … 881

Արխիւներ