
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ տեղի ունեցած է անակնկալ հանդիպում մը:
Թերթը կը գրէ, որ 7 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր տնօրէն Տորէ Կոլտ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու Հռոմի մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցած են:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաստատած են լուրը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ հաստատեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման ջանքերը վերակենդանացնելու համար երկու կողմերուն միջեւ հանդիպումներ տեղի ունեցած են` աւելցնելով, որ վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Սպանիոյ մէջ:
Նշելէ ետք, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է «մէկ տարի շարունակ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութեան գալու եղանակներու որոնումներէն» ետք, «Հաարեց» գրած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող Տորէ Կոլտ պատասխանատու է թրքական վարչախումբի տրամադրութեան տակ եղած «Իսրայէլի թղթածրար»-ին համար:
Կը նշուի, որ այդ հանդիպումը Իսրայէլի կողմէ խիստ գաղտնի պահուած է: Կոլտ հանդիպումին մասին չէ յայտնած նոյնիսկ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարարութեան խորհրդականին:
 
			

