Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլի Տիւրզիները Կը Շարունակեն Քարկոծել Սուրիական Զինեալ Ընդդիմութեան Վիրաւորները Փոխադրող Իսրայէլեան Հիւանդատար Մեքենաները

Յունիս 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-23-15_Druz

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ սուրիացի մը սպաննուած է եւ իսրայէլացի երկու զինուորներ վիրաւորուած են, երբ բռնագրաւեալ Կոլանի Մաժտալ Շամս գիւղէն տիւրզիներ յարձակում գործած են Սուրիոյ մէջ վիրաւորուած երկու զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենայի մը վրայ: Նշեալ վիրաւորներէն մէկը մահացած է, իսկ երկրորդին վիճակը ծանր է եւ փոխադրուած Հայֆայի «Ռամպամ» հիւանդանոցը:

Ըստ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին, տիւրզիները այն կարծիքը ունին, որ Իսրայէլի մէջ դարմանուողները Ժապհաթ Նուսրայի անդամներ են:

Իսրայէլեան աղբիւրներ տիւրզիներու ղեկավարութիւնը ամբաստանեցին համայնքին զգացումները գրգռելու համար, սակայն ուրիշներ մեղադրեցին իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանները` ցուցադրելնուն համար սուրիական զինեալ ընդդիմութեան Իսրայէլի մէջ դարմանուող վիրաւորները, որոնք կը սպառնան սպաննել տիւրզիները:

Իսրայէլեան ապահովական մարմինները խստացուցին հիւանդանոցներուն մէջ դարմանուող զինեալներուն պաշտպանութեան համար ապահովական միջոցառումները:

Իսրայէլեան բանակին սպայակոյտին պետ Կատի Այզենքոթ, որ իսրայէլեան բանակին մէջ հիւսիսային ճակատի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Աւիւ Քոխաւիի հետ ժողով մը գումարեց, ըսաւ. «Անընդունելի է, որ իսրայէլեան բանակի զինուորները եւ վիրաւորներ Իսրայէլի քաղաքացիներուն կողմէ յարձակումի ենթարկուին»: Իսկ բանակէն բարձրաստիճան սպայ մը ըսաւ, որ ցոյցերը տեղի կ՛ունենան, որովհետեւ տիւրզիները կը կարծեն, որ իսրայէլեան բանակը Ժապհաթ Նուսրային կ՛օժանդակէ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու դէպքը շատ վտանգաւոր նկատեց եւ խոստացաւ հաշուետուութեան կանչել պատասխանատուները: Ան տիւրզի համայնքի ղեկավարներուն կոչ ուղղեց` համայնքի անդամները հանդարտեցնելու, որովհետեւ ինք օրէնքի շրջանցում եւ բանակի առաքելութեան կատարման արգելակում պիտի չարտօնէ:

Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Մոշէ Եաալոն իր կարգին յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը խիստ կերպով պիտի վարուի սուրիացի ընդդիմադիր վիրաւոր զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենաներուն դէմ յարձակումին մեղսակիցներուն հետ:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը, ներքին տեղեկահաւաքի բաժանմունքը` Շապաքը եւ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը տիւրզի երիտասարդներու շրջանակին մէջ ձերբակալութիւններ կատարեցին:

 

 

 

Նախորդը

Վիլայէթի. «Յառաջիկայ Շաբաթ Իրանի, Սուրիոյ Եւ Իրաքի Միջեւ Յարաբերութեանց Մէջ Կարեւոր Զարգացում Մը Պիտի Արձանագրուի»

Յաջորդը

Քրտական Ուժերը Կը Մօտենան Ռաքքային

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?