Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրի. «Եթէ Իրան Չկատարէ Պարտաւորութիւնները` Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

June 26, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քըրպի
Ճոն Քըրպի

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ միջազգային ընտանիքը Իրանի հետ որեւէ հիւլէական թղթածրարի հարցով համաձայնութիւն պիտի չստորագրէ, եթէ Թեհրան չկատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:

«Հաւանական է, որ Իրան չկատարէ այն, որուն մասին համաձայնած էինք Լոզանի մէջ: Այդ պարագային համաձայնութիւն չի գոյանար», ըսած է Քերրի:

Ան հաղորդած է, որ այսօր պիտի մեկնի Վիեննա` Վեցեակի ձեւաչափով հանդիպումին մասնակցելու համար:

«Պիտի տեսնենք, թէ ի՛նչ կրնանք ընել այդ պարագային», ըսած է ան:

Քըրպի. «Առանց Երաշխիքներու Իրանի
Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ
Համաձայնութիւն Պիտի Չգոյանայ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Իրանի հետ վերջինիս հիւլէական թղթածրարին շուրջ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է Հիւլէական միջազգային գործակալութեան արտօնէ ստուգել ծրագիրին խաղաղ բնոյթը:

Ան յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ծանօթացած է Իրանի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած այն բանաձեւին, որ ՄԱԿ-ի հետաքննիչներուն կ՛արգիլէ իրանեան զինուորական  կեդրոններ այցելել, ինչ որ կը հակասէ Թեհրանի եւ Վեցեակին միջեւ անցեալ ապրիլին գոյացած Լոզանի համաձայնագիրին:

Քըրպի ըսաւ, որ բոլորը, ներառեալ` Իրան Լոզանի մէջ համաձայն գտնուեցան, որ հետաքննիչները արտօնութիւն ունենան այցելելու այն կեդրոնները, զորս կ՛ուզեն խուզարկել: Ան յայտնեց, որ Իրան պէտք է իր բարի կամեցողութիւնը փաստէ, եթէ կ՛ուզէ մեծ տէրութեանց վստահութիւնը շահիլ` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացնելու յոյսը կրնայ տկար ըլլալ, եթէ Իրան անհրաժեշտ երաշխիքները չներկայացնէ:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնեց, որ կարելի է հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել 1 յուլիսէն առաջ:

 

Նախորդը

«ԱՊՀ-ի Տարածքին Մէջ Համարկումը Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Կարեւոր Ուղղութիւններէն Մէկն Է» Ըսած Է Փութին

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ Սահմանէն Յարձակում Կը Գործէ Արաբ Բունարի Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.