Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Իշխանութիւնները Հիւանդատար Մեքենաներու Քարկոծման Հարցով Ձերբակալեցին Տիւրզի 10 Երիտասարդներ

Յունիս 25, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-24-15_DruzeԻսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Մաժտալ Շամսի մէջ սուրիական ընդդիմութենէն վիրաւոր զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենաներու քարկոծման հարցով ձերբակալուած են տիւրզի 10 երիտասարդներ, որոնց շարքին է շէյխ Ժուլան Ապու Զէյտ եւ իսրայէլեան բանտերէն նախապէս ազատ արձակուած գերի Ֆիտա Շահեր:

Մինչ այդ, Պաղեստինի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Մուաֆաք Թարիֆ նշեալ երկրին մէջ տիւրզի համայնքի ղեկավարութեան ժողովէն ետք քննադատեց բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ իսրայէլեան բանակին պատկանող եւ սուրիացի վիրաւոր զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենաներուն քարկոծումը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ժողովի ընթացքին որոշուած է տիւրզիական գիւղերուն մէջ ձեռնարկել իրազեկման արշաւի մը` բացատրելու համար, որ այդպիսի արարքները մեծ վնաս կը պատճառեն համայնքին: Որոշուած է նաեւ գրգռիչ գործունէութիւն ունեցող իւրաքանչիւր անձի դէմ միջոցառումներ որդեգրել:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն իր կարգին յայտնեց. «Իսրայէլ ոչ մէկ կողմի, ներառեալ` տիւրզիներուն պիտի չարտօնէ զինք Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշել»` նշելով, որ Իսրայէլի տիւրզիներէն ոմանց կողմէ հիւանդատար մեքենաներուն դէմ կատարուած յարձակումը «կարելի չէ հանդուրժել»:

«Այս դէպքը ծնունդն է տիւրզի համայնքի կարգ մը կողմերուն անպատասխանատու կերպով կատարած զգացումներու գրգռութեան», ըսաւ Եաալոն` աւելցնելով. «Թել Աւիւի կառավարութիւնը կը հասկնայ Սուրիոյ մէջ իրենց եղբայրներուն ճակատագիրին նկատմամբ տիւրզիներուն մտահոգութիւնը, սակայն սուրիական տագնապին առնչուած զարգացումներուն նկատմամբ պատասխանատու քաղաքականութեան կը հետեւի»:

Շէյխ Ղարիպ. «Ժապալ Արապը
Դիմակայելու Որոշում Տուաւ»

Լիբանանի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետերէն շէյխ Նասրէտտին Ղարիպ յայտնեց, որ Ժապալ Արապը դէմ կը դնէ գրգռութեան եւ իր սահմանը կտրելու բոլոր փորձերուն, եւ որոշում տուած է որեւէ յարձակում ետ մղելու:

Ան նշեց, որ իրենց կողմէ ուղարկուած եւ տիւրզի շէյխերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանի կողմէ Ժապալ Արապ ուղարկուած պատուիրակութիւն մը վերադառնալէ ետք զեկուցած են, որ այդտեղ մարդոց կորովը բարձր է, եւ անոնք միայն աջակցութեան կը կարօտին:

«Մենք բոլորս Սուրիոյ մեր հարազատներուն կողքին ենք, ինչպէս նաեւ սուրիական արաբական բանակին, որ ամբողջ այս ժողովուրդը կը պաշտպանէ եւ փոխան այս ժողովուրդին կը կռուի, անշուշտ ազգային պաշտպանութեան ուժերուն եւ Իսլամական դիմադրութեան կողքին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք բոլորս Ժապալ Արապի եւ Սուրիոյ համար զինուորներ ենք»:

 

Նախորդը

Ֆրանսացի Նախագահներու Լրտեսման Իբրեւ Բողոք Փարիզ Իր Մօտ Կը Կանչէ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սուրիա Եւ Սէուտական Արաբիա Համաձայնած Են Դեսպանատուները Վերաբանալ
Միջազգային

Սուրիա Եւ Սէուտական Արաբիա Համաձայնած Են Դեսպանատուները Վերաբանալ

Մարտ 24, 2023
Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց  Նախարարներուն Միջեւ Մօտալուտ  Հանդիպման Շուրջ Համաձայնութիւն
Միջազգային

Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ Մօտալուտ Հանդիպման Շուրջ Համաձայնութիւն

Մարտ 24, 2023
Շոյկու Եւ Աքար Քննարկած Են Արցախի  Տագնապի Լուծման Առնչուող Հարցեր
Միջազգային

Շոյկու Եւ Աքար Քննարկած Են Արցախի Տագնապի Լուծման Առնչուող Հարցեր

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In