Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ Եւ Միջին Արեւելքի Կացութիւնները

June 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-26-15_Obama-PutinՍպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի կացութիւնները, ինչպէս նաեւ Իրանի հետ Վեցեակի բանակցութիւններուն ընթացքը:

Ըստ Սպիտակ տան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 25 յունիսին հեռաձայնած է նախագահ Օպամային: «Անոնք քննարկած են ՏԱՀԵՇ-ի հակազդելու անհրաժեշտութիւնը եւ կացութիւններու զարգացումը Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ կացութիւնը», նշած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը:

Օպամա յայտարարած է. «Խօսեցանք Ռուսիոյ կողմէ Մինսքի խմբակի համաձայնութիւններու ծիրին մէջ ստանձնած պարտաւորութիւններուն կատարման անհրաժեշտութեան մասին, ներառեալ` բոլոր ռուս զինուորներու եւ սպառազինութեան դուրս բերումը Ուքրանիոյ տարածքէն»:

Բացի ատկէ, երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են «Սուրիոյ վտանգաւոր կացութիւնը եւ ընդգծած Վեցեակի խումբի միասնութեան պահպանման կարեւորութիւնը շարունակուող բանակցութիւններուն մէջ, որոնց նպատակը Իրանի մէջ հիւլէական զէնքի յայտնուիլը կանխարգիլելն է»:

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարած է, որ ղեկավարները հանգամանօրէն քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացիկ խնդիրները: «Զգալի ուշադրութիւն դարձուած է ահաբեկչութեան այն հարցերուն, որոնք կապուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, մասնաւորաբար, Միջին Արեւելքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ազդեցութեան տարածման», նշած է ան:

«Փութին եւ Օպամա համաձայնած են յանձնարարել Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիին` հանդիպում ունենալ այդ նիւթը քննարկելու համար», ըսած է Փեսքով:

Բացի ատկէ, ըստ անոր, պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Մինսքի համաձայնութիւններու կատարման ընթացքը: «Այդ ծիրին մէջ նախագահները համաձայնած են, որ մօտ ատենէն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նուլընտ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին հանդիպումներ ունենան այդ համաձայնութիւններու իրագործման ընթացքը քննարկելու համար», ընդգծած է Փեսքով: Ան աւելցուցած է, որ կարծիքներ փոխանակուած են Սուրիոյ կացութեան շուրջ եւ արծարծուած է իրանեան հիւլէական ծրագիրի կարգաւորման նիւթը:

 

Նախորդը

Քրտամէտ Կուսակցութիւնը Թուրքիան Կը Մեղադրէ ՏԱՀԵՇ-ին Աջակցելուն Համար

Յաջորդը

ՏԱՀԵՇ Տարբեր Երկիրներու Մէջ Շարք Մը Յարձակումներ Գործեց

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.