
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն բացի խորհրդարան մուտք գործած երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ալ ճշդած են խորհրդարանի նախագահի պաշտօնին իրենց թեկնածուներուն անունները:
Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան խորհրդարանի նախագահի պաշտօնի թեկնածուն է Տենիզ Պայքալ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեանը` Տենկիր Միր Մեհմեթ Ֆըրաթ, իսկ Ազգայնական շարժում կուսակցութեանը` Էքմելետտին Իհսանօղլու:
Թրքական լրատուամիջոցները նախապէս յայտնած էին, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը համախոհական կառավարութիւն կազմելու համար համաձայնութիւն գոյացուցած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ: Վերջինս ատոր դիմաց պահանջած է նախարարական 8 եւ երկու փոխվարչապետի պաշտօն, եւ նախնական համաձայնութիւն այն մասին, որ նորընտիր խորհրդարանի նախագահ պէտք է նշանակուի կուսակցութեան թեկնածուն` Էքմելետտին Իհսանօղլու: