Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Տարբեր Երկիրներու Մէջ Շարք Մը Յարձակումներ Գործեց

June 27, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-26-15_kuwait– ՏԱՀԵՇ-ի դրօշը բարձրացուցած անձ մը Ֆրանսայի մէջ «Էր Փրոտաքց» քիմիական գործարանին դէմ յարձակում գործեց: Ֆրանսական «Լը Փարիզիեն» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ան կտրած է յարձակումին ընթացքին սպաննուած մարդու մը գլուխը եւ զայն կախած գործարանի ցանկապատէն: Յայտնի դարձած է նաեւ, որ կտրուած գլխուն վրայ արաբերէնով գրառումներ կատարուած են:

Դէպքը պատահեցաւ Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը` Լիոն քաղաքին մօտակայքը: Կը հաղորդուի, որ կասկածեալներէն մէկը, որ ձերբակալուած է, մերժած է խօսիլ եւ բացայայտել իր անձը:

Յարձակումին հետ կապուած այլ զինեալ մը սպաննուած է ոստիկանութեան յատուկ գործողութեան ընթացքին:

– Քուէյթի մայրաքաղաքի Սաուապեր շրջանին մէջ գտնուող «Իմամ Սատեք» մզկիթին դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը պատճառեց 27 զոհ եւ 227 վիրաւոր: ՏԱՀԵՇ ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, վիրաւորներուն շարքին է քուէյթեան խորհրդարանի անդամ մը: Քուէյթցի երեսփոխան մը, որ դէպքին ականատես դարձած էր, յայտնեց, որ պայթումին ժամանակ 2000 անձեր մզկիթին մէջ կը մասնակցէին ուրբաթ օրուան նամազին:

– Զինեալ ահաբեկիչներ յարձակում գործեցին Թունուզի Սուսա քաղաքին մէջ գտնուող երկու պանդոկներու դէմ, ուր բախում մը տեղի ունեցաւ ապահովական ուժերուն հետ: Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան, արձանագրուած է 32 զոհ:

– ՏԱՀԵՇ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով սպառնաց մորթել Երուսաղէմի քրիստոնեաները, եթէ Ֆիթրի տօնէն առաջ չհեռանան քաղաքէն` պնդելով, որ քրիստոնեաները Իսրայէլի մօտ իբրեւ լրտես կ՛աշխատին: Ահաբեկչական խմբաւորումը հաղորդագրութեան մէջ նշեց նաեւ այն թաղամասերը, ուր մուտք պիտի գործէ: Այդ թաղամասերուն շարքին են հին Երուսաղէմը եւ Ս. Յարութեան եկեղեցին:

 

 

Նախորդը

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ Եւ Միջին Արեւելքի Կացութիւնները

Յաջորդը

Տաւութօղլու Յայտարարած Է Իշխող Կուսակցութեան Խորհրդարանի Նախագահի Թեկնածուին Անունը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Կնքել, Պայմանով Որ Լաւ Ըլլայ Եւ Անոր Հիւլէական Զէնքեր Ու Հրթիռներ Ունենալու Արգելք Պարունակէ»

February 12, 2026
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի  Ինքնապաշտպանութեան Իրաւունքին Եւ Կը Հաւատանք,  Թէ Այդ Հարցերուն Վերաբերեալ  Որոշումները Ներքին Հարց Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Պատրաստ Ենք Իւրանիոմի Հարստացման Համեմատութեան Եւ Հարստացուած Իւրանիոմի Պահեստի Ծաւալին Շուրջ Բանակցելու»

February 12, 2026
Փեզեշքիան. «Հիւլէական Զէնքի Ձեռք Բերման Չենք Ձգտիր, Եւ Պատրաստ Ենք Բոլոր Տեսակի Հետաքննութիւններուն Եւ Ստուգման»
Միջազգային

Փեզեշքիան. «Հիւլէական Զէնքի Ձեռք Բերման Չենք Ձգտիր, Եւ Պատրաստ Ենք Բոլոր Տեսակի Հետաքննութիւններուն Եւ Ստուգման»

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.