Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Թուրքիոյ Սահմանէն Յարձակում Կը Գործէ Արաբ Բունարի Դէմ

June 26, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-25-15_KobaneՏԱՀԵՇ-ի զինեալներ երէկ Արաբ Բունարի դէմ շղթայազերծեցին յարձակում մը, որուն ընթացքին օգտագործեցին ականուած ինքնաշարժներ:

Երկու ականուած ինքնաշարժներ պայթեցնելէ ետք, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները ամրացան Արաբ Բունարի հարաւը գտնուող Մաշթա Նուր հիւանդանոցին մէջ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բախումներուն պատճառով արձանագրուած է 35 զոհ եւ 50 վիրաւոր:

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Արաբ Բունար մուտք գործած են Թուրքիոյ ճամբով` սահմանային անցքին վրայ ականուած ինքնաշարժ պայթեցնելէ ետք: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն ոմանք Արաբ Բունար մուտք գործած են Թուրքիոյ ճամբով` աւելցնելով, որ քրտական յաւելեալ ուժեր ուղղուած են Արաբ Բունար: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիա Արաբ Բունարի պայթումէն վիրաւորուած 10 սուրիացիներ հիւրընկալած է: «Մայատին» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Արաբ Բունար ներթափանցած են քիւրտ զինեալներու տարազներով ծպտուելէ ետք:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի տնօրէն Ռամի Ապտել Ռահման յայտնեց, որ Արաբ Բունարի դէմ յարձակում գործելով ՏԱՀԵՇ կը փորձէ իր համակիրներուն տրամադրութիւնը բարձրացնել եւ հարուածել քիւրտերուն տրամադրութիւնը, մանաւանդ որ Արաբ Բունարը վերածուած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ դիմադրութեան խորհրդանիշի, եւ այդ ճակատամարտէն ետք բազմաթիւ օտար կամաւորներ միացած են քրտական ուժերուն:

Միւս կողմէ, հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ Արաբ Բունարի հարաւը գտնուող գիւղի մը մէջ 20 քիւրտեր ենթարկած է մահապատիժի:

Այլ գետնի վրայ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ յաջողած է մուտք գործել Հասաքէ քաղաք, սակայն սուրիական բանակը կը հերքէ այդ լուրը:

Մինչ այդ, «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը Տարաան գրաւելու համար «Հարաւային փոթորիկ» գործողութեան շղթայազերծումը յայտարարած է: Լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը ձախողութեան մատնած է Տարաա նահանգին մէջ Արֆա եւ Նամեր ճակատներուն վրայ ճամբան կտրելու զինեալներուն փորձը, իսկ Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ յաջողած է գրաւել Տարաան Դամասկոսի կապող միջազգային ճամբան եւ փակած է Տարաայի մէջ գտնուող կառավարական ուժերու մատակարարման ճամբաները: Սակայն Տարաայի ոստիկանութենէն աղբիւր մը սուրիական «Իխպարիյէ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Տարաա-Դամասկոս ճամբան ամբողջութեամբ կը գտնուի բանակին վերահսկողութեան տակ:

Միւս կողմէ, «Ժազիրա» հաղորդեց, որ սուրիական հողերէն արձակուած հրասանդի ռումբի մը պայթումին պատճառով Յորդանանի Ռամսա գիւղին մէջ զոհեր ու վիրաւորներ արձանագրուած են:

Նշենք նաեւ, որ երէկ պաղեստինեան Եարմուք գաղթակայանին մէջ եւս պաղեստինցի զինեալներու եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բուռն բախումներ արձանագրուեցան:

Նախորդը

Քերրի. «Եթէ Իրան Չկատարէ Պարտաւորութիւնները` Համաձայնութիւն Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

«Սուրիացի Գաղթականներու Թղթածրարին Առումով Մեծ Պետութիւնները Պատասխանատու Են Լիբանանի Զօրակցութեան» Շեշտեց Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.