Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Հաարեց»-ի. Յառաջիկայ Ժամերուն Կոլանի Մէջ Կրնան Արձանագրուիլ Վտանգաւոր Զարգացումներ Եւ Իսրայէլը Մղել Ուղղակի Միջամտութիւն Կատարելու

June 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-21-15_Golan

Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնած են, որ յառաջիկայ ժամերուն Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի հետ սահմանին վրայ կրնան արձանագրուիլ վտանգաւոր զարգացումներ, որոնք կրնան Իսրայէլը մղել «սուրիական հարցին մէջ ուղղակի միջամտութիւն կատարելու անմիջական որոշում տալու»:

Օրաթերթը կը նշէ, որ սուրիական բանակը քայքայելու փորձեր գոյութիւն ունին, սակայն վերջինս կրցած է պահպանել իր ռազմավարական դիրքերը, ներառեալ Համր-Ժիսր բլուրները` աւելցնելով, որ Ժապհաթ Նուսրա կը փորձէ այդ բլուրներուն տիրել, որպէսզի այդտեղէն կարենայ մուտք գործել Քալամունի շրջան:

«Փոքրամասնութիւնները շահագործելու ծրագիր մը գոյութիւն ունի, որուն ծիրին մէջ ցոյց կը տրուի, թէ Իսրայէլ փոքրամասնութիւնները կը պաշտպանէ, իսկ նպատակը տիւրզիները թիրախ դարձնելն է»:

«Քապաս». «Ժոմպլաթ Սուրիոյ Տիւրզիները
Պաշտպանելու Երաշխիքներ Ստացած Է
Սէուտական Արաբիայէն, Թուրքիայէն Եւ Յորդանանէն»

Լաւատեղեակ աղբիւրներ քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իտլիպի Քալպ Լաուզէ տիւրզիական գիւղին մէջ 21 տիւրզիներու սպանութեան պատասխանատուներուն ինքնութիւնը բացայայտելու հետաքննութեան ծիրին մէջ հրապարակային դատավարութեան մը շուրջ պատրաստութիւններ տեղի կ՛ունենան:

Ըստ «Քապաս»-ի տեղեկութեանց, լիբանանցի տիւրզի ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մասնաւորաբար Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ իր հանդիպումէն ետք Սէուտական Արաբիայէն, Յորդանանէն եւ Թուրքիայէն երաշխիքներ ստացած է պաշտպանելու համար Սուրիոյ տիւրզիները: Ժոմպլաթ մտահոգութիւն յայտնած է, որ Իսրայէլ կացութիւնը օգտագործելով ինքզինք ներկայացնէ իբրեւ տիւրզիներու փրկարար:

Սակայն աղբիւրները կը նշեն, որ հիւսիսային Սուրիոյ տիւրզիները պաշտպանելու Թուրքիայէն ստացած երաշխիքները կախեալ են տիւրզի գիւղերուն գտնուած շրջաններուն ներկայիս այդտեղ գտնուող ուժերուն հակակշիռին տակ մնալէն, իսկ եթէ յանկարծ այլ ուժեր այդ շրջաններուն տիրեն, այդ երաշխիքները բնականաբար կը չքանան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէի Նախագահը Կը Պատասխանէ Ազրպէյճանցի Երեսփոխանին

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.