Միջազգային

Օպամա. «Իրանի Հետ Համաձայնութեան  Ջնջումը Հըզպալլայի Կողմէ  Թել Աւիւի Ռմբակոծումը Կը Նշանակէ»

Օպամա. «Իրանի Հետ Համաձայնութեան Ջնջումը Հըզպալլայի Կողմէ Թել Աւիւի Ռմբակոծումը Կը Նշանակէ»

Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Քալիֆորնիայէն հանրապետական Էտ Ռոյս յայտնած է, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրի մերժման իր հեղինակած բանաձեւը ներկայացուած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յանձնախումբի քննարկման: Ան հաւաստած է, որ իր կողմէ որդեգրուած որոշումը իրեն որեւէ բաւարարութիւն չի պատճառեր, «սակայն, այս համաձայնագիրին հետեւանքները համաշխարհային անվտանգութեան համար չափազանց մեծ են: Այդ գործարքը չափէն աւելի շատ եւ չափէն...

Սուրիական Աղբիւրներ  «Ժումհուրիյա»-ին Կը Յայտեն.  Ամերիկեան Հաւանութեամբ Մուալլեմ-Ժուպէյր  Հանդիպում Մը Դասաւորելու  Ռուսական Ջանք Մը Գոյութիւն Ունի

Սուրիական Աղբիւրներ «Ժումհուրիյա»-ին Կը Յայտեն. Ամերիկեան Հաւանութեամբ Մուալլեմ-Ժուպէյր Հանդիպում Մը Դասաւորելու Ռուսական Ջանք Մը Գոյութիւն Ունի

Ատել Ժուպէյր Սուրիական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար հազարապետ-զօրավար Ալի Մամլուքի Ռիատ այցելութեամբ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորի ժառանգորդի փոխանորդ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ հանդիպում ունենալը ինքնին Սուրիա-Սէուտական Արաբիա թշնամանքի պատին մէջ լուրջ ճեղք մըն է: Աղբիւրները նշեցին, որ այժմ գոյութիւն ունի ամերիկեան հաւանութեամբ ռուսական ջանք մը` Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ Սէուտական...

Խըրխըզիստան Այսօրուընէ Կը Դառնայ  Եւրասիական Տնտեսական  Միութեան Լիիրաւ Անդամ

Խըրխըզիստան Այսօրուընէ Կը Դառնայ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Լիիրաւ Անդամ

Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Խըրխըզիստան այսօրուընէ սկսեալ կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ: «6 օգոստոսին ուժի մէջ կը մտնէ Խըրխըզիստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը: Խըրխըզիստան կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան հինգերորդ լիիրաւ անդամը Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ռուսիոյ հետ միասին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Խըրխըզիստանի` Մաքսային միութեան միանալու մասին որոշումը որդեգրուած...

ՕԹԱՆ Կրկնակի Չափով Պիտի Կրճատէ  Պալթեան Օդային Պարեկութեան  Օդանաւերու Թիւը

ՕԹԱՆ Կրկնակի Չափով Պիտի Կրճատէ Պալթեան Օդային Պարեկութեան Օդանաւերու Թիւը

ՕԹԱՆ մտադիր է կրճատել Պալթեան օդային պարեկային ծառայութեան մէջ ներգրաւուած կործանիչներու թիւը` 16-էն հասցնելով 8-ի: Lenta.ru կը հաղորդէ, որ դաշինքի ներկայացուցիչներուն կարծիքով` կրճատումը կը համապատասխանէ իրականացուող առաջադրանքներու ծաւալին: Միեւնոյն ժամանակ ռուսական օդանաւերու արձանագրած թռիչքներուն քանակը 2014-ի 203-ի փոխարէն 2015-ին հասած է 310-ի: Կրճատումը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 2015-ին, երբ Պալթեան օդային պարեկութեան ներկայ 38-րդ հերթական խումբը պիտի աւարտէ իր ծառայութիւնը:...

Եաալոն Իսրայէլացի Բնակեցուածի Մը Վարչական  Կալանքի Առաջին Հրամանագիրը Կը Հրապարակէ

Եաալոն Իսրայէլացի Բնակեցուածի Մը Վարչական Կալանքի Առաջին Հրամանագիրը Կը Հրապարակէ

Մոշէ Եաալոն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն իսրայէլացի բնակեցուածի մը դէմ վարչական կալանքի հրամանագիր մը հրապարակեց: Նախապէս այդպիսի հրամանագիրները միայն պաղեստինցիներուն դէմ կ՛օգտագործուէին: Հրամանագիրին մէջ նշուած է, որ երեքշաբթի օր ձերբակալուած իսրայէլացի բնակեցուած Մորտախայ Մէյիր վեց ամիսով վարչական կալանքի կ՛ենթարկուի` «վերջերս արձանագրուած բռնարարքներու եւ ահաբեկչական յարձակումներու իր մեղսակցութեան համար»: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի նշեր, եթէ նշեալ բնակեցուածը Այսրյորդանանի հիւսիսը Տումա գիւղին...

«Ապահարզան Կատարած Կաթողիկէները,  Որոնք Դարձեալ Ամուսնացած Են,  Մաս Կը Կազմեն Եկեղեցիին»  Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

«Ապահարզան Կատարած Կաթողիկէները, Որոնք Դարձեալ Ամուսնացած Են, Մաս Կը Կազմեն Եկեղեցիին» Կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը

Ֆրանչիսկոս պապը Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց, որ ապահարզան կատարած կաթողիկէները, որոնք դարձեալ ամուսնացած են, մաս կը կազմեն եկեղեցւոյ, եւ պէտք չէ անոնց հետ վարուիլ իբրեւ զրկեալներ: «Նկատի ունենալով, որ այդ կացութիւնները մասնաւորաբար զաւակներու վրայ կ՛ազդեն, մենք այդ ընտանիքներուն` մեր հասարակութեան մէջ ներառման մեծ կարեւորութեան կը գիտակցինք», ըսաւ ան` հարց տալով. «Ինչպէ՞ս կրնանք այդ ծնողները քաջալերել, որ իրենց զաւակները կրթեն ըստ քրիստոնէական...

«Սուրիոյ Մէջ Մեր Մարզած  Ընդդիմադիրները  Պաշտպանելու Համար Առաջին  Օդային Հարուածը Կատարեցինք»  Յայտարարեց Փենթակոնը

«Սուրիոյ Մէջ Մեր Մարզած Ընդդիմադիրները Պաշտպանելու Համար Առաջին Օդային Հարուածը Կատարեցինք» Յայտարարեց Փենթակոնը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուած է առաջին օդային յարձակումը` «պաշտպանելու համար» ընդդիմադիր զինեալները, որոնք ամերիկեան կողմը մարզած է: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Պիլ Օրպըն յայտնեց, որ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող նշեալ օդային հարուածը գործուած է ուրբաթ օր` պաշտպանելու համար Ուաշինկթընի կողմէ մարզուած «Նոր Սուրիան» խմբաւորումը: Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան...

ՔԱԿ Անձնասպանական Գործողութեամբ Մը  Աւելի Քան 50 Թուրք Զինուորներ Սպաննեց

ՔԱԿ Անձնասպանական Գործողութեամբ Մը Աւելի Քան 50 Թուրք Զինուորներ Սպաննեց

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ թրքական բանակի զօրանոցի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարելով սպաննած է աւելի քան 50 զինուորներ` նշելով, որ գործողութիւնը հիւսիսային Իրաքի քրտական Զարքալէ գիւղին դէմ թրքական ռմբակոծումին զոհ գացած քաղաքայիններուն վրէժը լուծելու համար էր: ՔԱԿ-ի զինեալ թեւին` Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան ուժեր խմբաւորումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իրենց մարտիկները 2 օգոստոսին նահատակ Շըրֆան Վարթոյի անունը կրող...

Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է  Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան  Փոքրամասնական Կառավարութեան Աջակցելու`  Փոխան Արտակարգ Ընտրութիւններու

Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Փոքրամասնական Կառավարութեան Աջակցելու` Փոխան Արտակարգ Ընտրութիւններու

Սեմիհ Եալչըն Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան փոխնախագահ Սեմիհ Եալչըն երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր կուսակցութիւնը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կազմուած փոքրամասնական կառավարութեան մը պիտի աջակցի, եթէ իշխող կուսակցութիւնը համաձայնի նոյեմբերին արտակարգ ընտրութիւններու կայացման: Եալչըն յայտնեց. «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ կազմուած սովորական փոքրամասնական կառավարութեան մը պիտի աջակցինք, սակայն, եթէ փոքրամասնական կառավարութիւն կը նշանակէ ընտրական կառավարութիւն մը, պէտք...

Շին Պեթ Ձերբակալած Է Եկեղեցիի Մը  Դէմ Յարձակումի Հարցով Կասկածուող  Ծայրայեղական Հրեաներ

Շին Պեթ Ձերբակալած Է Եկեղեցիի Մը Դէմ Յարձակումի Հարցով Կասկածուող Ծայրայեղական Հրեաներ

Մայիր Իթինկըր` ձերբակալուած Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը` Շին Պեթը ձերբակալած է յունիսին եկեղեցիի մը դէմ յարձակումի մը հարցով կասկածուող ծայրայեղական հրեաներ: Հրեաներու ձերբակալութիւնը Տումա գիւղին մէջ պաղեստինցի նորածինին հրկիզումէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինն է: Օրաթերթը կը նշէ, որ ձերբակալեալներուն շարքին է 24-ամեայ Մայիր Իթինկըրը, սակայն տակաւին յստակ չէ, եթէ ան...

Ըստ «Սթրաթֆոր»-ի.  Ալի Մամլուք Այցելած Է Ռիատ

Ըստ «Սթրաթֆոր»-ի. Ալի Մամլուք Այցելած Է Ռիատ

Ալի Մամլուք Ամերիկեան «Սթրաթֆոր» հետազօտութեանց կեդրոնը հրապարակեց զեկուցում մը, ըստ որուն, Սուրիոյ ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար հազարապետ-զօրավար Ալի Մամլուք այցելած է Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք, ուր հանդիպում ունեցած է թագաւորութեան գահաժառանգի փոխանորդ, պաշտպանութեան նախարար Մոհամետ պըն Սալմանի հետ: Լուսարձակներէ հեռու այցելութիւնը տեղի ունեցած է անցեալ յուլիսին: «Սթրաթֆոր»-ի աղբիւրները յայտնած են, որ Ռուսիոյ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով...

Բրիտանիա Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Պայքարը Պիտի Շարունակէ Մինչեւ 2017

Բրիտանիա Իրաքի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակէ Մինչեւ 2017

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով միջազգային լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆելլըն յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը մինչեւ մարտ 2017: «Մենք «Թորնէյտօ» կործանիչներով հարուածները պիտի երկարաձգենք յաւելեալ մէկ տարի` մինչեւ մարտ 2017», նշած է նախարարը: Միեւնոյն ժամանակ ան բացառած է բրիտանական ուժերու մասնակցութիւնը Իրաքի ցամաքային գործողութիւններուն մէջ: Ըստ անոր, Պաղտատ այդպիսի խնդրանք չէ...

«Թուրքիան Յոյս Ունի Տարեկան 1 Միլիառ Տոլարի  Օգուտ Ստանալ Ռուսական Կազի Գինի Զեղչէն»  Կ՛ըսէ Եըլտըզ

«Թուրքիան Յոյս Ունի Տարեկան 1 Միլիառ Տոլարի Օգուտ Ստանալ Ռուսական Կազի Գինի Զեղչէն» Կ՛ըսէ Եըլտըզ

Թաներ Եըլտըզ ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ Թուրքիան յոյս ունի տարեկան մէկ միլիառ տոլարի չափով օգուտ ստանալ ռուսական կազի գինի զեղչէն: Ան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիան կը յուսայ, որ Ռուսիան պիտի չյետաձգէ կազի համար 10,25 առ հարիւրի զեղչի մասին համաձայնագիրի ստորագրումը: «Թուրքիան խոչընդոտ չի տեսներ «Թրքական հոսք» կազի խողովակաշարի...

Օպամա Արտօնած Է Օդուժին`  Սուրիական Ընդդիմութեան Աջակցիլը

Օպամա Արտօնած Է Օդուժին` Սուրիական Ընդդիմութեան Աջակցիլը

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա արտօնած է օդուժին ուժերը օգտագործել Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութիւնը պաշտպանելու համար, եթէ վերջինս երկրին կառավարական զօրքերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուի: Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ որոշումը կը մեծցնէ վտանգը, որ ամերիկեան զինեալ ուժերը ուղղակի հակամարտութեան մէջ մտնեն կառավարական ուժերուն հետ: Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարներու, որոշումին նախորդած են երկար ամիսներ տեւած բանավէճեր...

Քըլըճտարօղլու Էրտողանը Կը Մեղադրէ  Համախոհական Կառավարութիւն  Կազմելու Հոլովոյթը Խափանելու Համար

Քըլըճտարօղլու Էրտողանը Կը Մեղադրէ Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Հոլովոյթը Խափանելու Համար

Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու մեղադրած է երկրի նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը համախոհական կառավարութիւնը կազմելու հոլովոյթը խափանելու հարցին մէջ: Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարը համոզուած է, որ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու կը զօրակցի համախոհական կառավարութեան կազմութեան, սակայն անոր այս հարցին մէջ կը խանգարէ Էրտողանը: «Հէ՜յ, ընկե՛ր, դուն վարչապե՞տ ես, թէ՞ նախագահ:...

«Վեցեակին Հետ Համաձայնութիւնը  Պիտի Օգնէ Եմէնի  Եւ Սուրիոյ Տագնապին Լուծման»  Կ’ըսէ Ռուհանի

«Վեցեակին Հետ Համաձայնութիւնը Պիտի Օգնէ Եմէնի Եւ Սուրիոյ Տագնապին Լուծման» Կ’ըսէ Ռուհանի

Հասան Ռուհանի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը աւելի մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Եմէնի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուտափոյթ լուծման համար: «Եմէնի տագնապին լուծումը քաղաքական է, Սուրիոյ խնդիրին լուծումը քաղաքական է: Վեցեակին հետ Թեհրանի համաձայնագիրը պիտի ստեղծէ նոր մթնոլորտ, որ պիտի ըլլայ...

«Առաջին Քիւրտիստանը Պիտի Հիմնուի Թուրքիոյ Տարածքին Վրայ»  Կ’ըսէ Էտիպօղլու

«Առաջին Քիւրտիստանը Պիտի Հիմնուի Թուրքիոյ Տարածքին Վրայ» Կ’ըսէ Էտիպօղլու

Մեհմեթ Ալի Էտիպօղլու Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութենէն նախկին երեսփոխան Մեհմեթ Ալի Էտիպօղլու յայտարարած է, որ չեն կրնար ըսել, թէ Թուրքիան տակաւին որքա՛ն պիտի կարենայ դիմակայել Արեւմուտքին, սակայն այն, որ Քիւրտիստանի առաջին պետութիւնը պիտի հիմնուի Թուրքիոյ տարածքին մէջ, հաստատ է: Թրքական «Ենիչաղ» թերթը կը հաղորդէ, որ Էտիպօղլու նկատած է, որ Արեւմուտքը փոխած է Իրաքի մէջ քրտական պետութիւնը ստեղծելու իր ծրագիրը, եւ այժմ...

ՄԱԿ-ի Երկիրները Պիտի Փորձեն Լուծել  Աշխարհի Վրայ Աղքատութեան Խնդիրները

ՄԱԿ-ի Երկիրները Պիտի Փորձեն Լուծել Աշխարհի Վրայ Աղքատութեան Խնդիրները

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները 2 օգոստոսին համաձայնութիւն գոյացուցած են 2015-էն ետք ժամանակաշրջանին մէջ համաշխարհային զարգացման օրակարգին շուրջ: Ինչպէս կը սպասուէր, 29 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթը, որուն շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուէին աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, սեպտեմբերին պիտի հաստատուի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընթացքին: Օրակարգին մէջ նշուած են կայուն զարգացման 17 նպատակներ` նախատեսուած 15 տարուան համար:...

Ոսկիի Գինը Մօտեցած Է 5 Տարուայ  Նուազագոյն Ցուցանիշին

Ոսկիի Գինը Մօտեցած Է 5 Տարուայ Նուազագոյն Ցուցանիշին

Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը գրէ, որ ոսկիի գինը հասած է վերջին հինգ տարուան նուազագոյն ցուցանիշին` անցեալ շաբթուան մէջ արձանագրելով տարուան ընթացքին գինի մեծագոյն անկումը: Ըստ հինգշաբթի օր հրապարակուած տուեալներուն, մետաղին արժէքը նուազած է 7,7 առ հարիւրով, ինչ որ առաւելագոյն ցուցանիշն է վերջին երկու տարուան ընթացքին: Կը հաղորդուի, որ ներդրողները 11 օրուան մէջ վաճառած են ոսկիի ձուլակտորները: Ոսկիի գինի անկումը...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Սայէպ Օրէյքաթ - ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ «Սաֆա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յորդանանեան եւ պաղեստինեան կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք բանաձեւի մը շուրջ, որ կը պահանջէ պաշտպանել պաղեստինցի ժողովուրդը եւ վերջ տալ իսրայէլեան բռնագրաւումին: Համաձայնութիւնը գոյացած է պաղեստինցի նորածին Ալի Տաուապշէի ողջակիզումին իբրեւ պատասխան: Ամմանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Աթալլա Խէյրի յայտնեց, որ ՊԱԿ-ի քարտուղար Սայեպ Օրէյքաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած...

Page 843 of 881 1 … 842 843 844 … 881

Արխիւներ