Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա արտօնած է օդուժին ուժերը օգտագործել Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութիւնը պաշտպանելու համար, եթէ վերջինս երկրին կառավարական զօրքերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուի:
Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ որոշումը կը մեծցնէ վտանգը, որ ամերիկեան զինեալ ուժերը ուղղակի հակամարտութեան մէջ մտնեն կառավարական ուժերուն հետ:
Ըստ ամերիկացի պաշտօնատարներու, որոշումին նախորդած են երկար ամիսներ տեւած բանավէճեր այն խնդիրին շուրջ, թէ ամերիկացի զինուորները ի՛նչ ներդրում պէտք է ունենան սուրիական թատերաբեմին վրայ զինուորական գործողութիւններուն մէջ, իրենց դաշնակիցներուն աջակցութիւն ապահովելու գործին մէջ:
Կը նշուի, որ ամերիկեան վարչակարգի ներկայացուցիչները խորապէս մտահոգ են այն բանէն, որ Փենթակոնը զինուորական ուժով պաշտպանելով սուրիական ընդդիմութիւնը, կրնայ ակամայ բացայայտ հակամարտութեան մէջ մտնել Ասատի կառավարութեան հետ:
Քրեմլին յայտնեց, որ Ուաշինկթընի վերոնշեալ որոշումը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու Դամասկոսի կարողութիւնը կը սահմանափակէ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կ’ուղղուի իր սուրիացի պաշտօնակիցը լքելու:
Ըստ Էրտողանի, «Փութին այլեւս չի բաժներ այն տեսակէտը, թէ իր երկիրը մինչեւ վերջ Սուրիոյ կողքին պիտի կանգնի: Կը կարծեմ, որ ան կ’ուղղուի Ասատէն հրաժարելու: