Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ Անձնասպանական Գործողութեամբ Մը Աւելի Քան 50 Թուրք Զինուորներ Սպաննեց

August 5, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

PKK_8-04-15

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ թրքական բանակի զօրանոցի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը կատարելով սպաննած է աւելի քան 50 զինուորներ` նշելով, որ գործողութիւնը հիւսիսային Իրաքի քրտական Զարքալէ գիւղին դէմ թրքական ռմբակոծումին զոհ գացած քաղաքայիններուն վրէժը լուծելու համար էր:

ՔԱԿ-ի զինեալ թեւին` Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան ուժեր խմբաւորումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իրենց մարտիկները 2 օգոստոսին նահատակ Շըրֆան Վարթոյի անունը կրող լայնածաւալ գործողութիւն մը կատարած են` լուծելու համար Կորդուաց լեռներուն մէջ Զարքալէի բնակիչներուն դէմ թրքական յարձակումին զոհերուն:

Գործողութեան ընթացքին Պայազիտ նահանգի Քարափուլայ զօրակայանին մէջ 5 թոն ականներով բեռցուած ինքնաշարժ մը պայթեցուած է:

Յարձակումին ընթացքին զինուորական մեքենաներ, զինուորական ինքնաշարժներ եւ զինամթերանոցներ քանդուած են:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ Շըրնաք նահանգին մէջ ականի մը պայթումին պատճառով թրքական ապահովական մարմիններու երկու անդամներ սպաննուած են:

Միւս կողմէ, Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ կոչ ուղղեց ՔԱԿ-ի յարձակումներուն պատասխան տալու ընթացքին համաչափութիւնը յարգելու:

Report.az կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը յայտնած է, որ թրքական լրատուամիջոցներուն արգիլուած է երկրին մէջ տեղի ունեցող պայթումներուն հետ կապուած լուրեր հրապարակել:

Պաքու-Թիֆլիս-Էրզրում կազի խողովակաշարի` Կարսի նահանգէն անցնող հատուածին վրայ տեղի ունեցած պայթումէն ետք նախարարութիւնը Թուրքիոյ խողովակաշարերով վառելանիւթի փոխադրման ընկերութեան` ՊՈԹԱՇ-ի արգիլած է այդ միջադէպին վերաբերեալ տեղեկութիւններ հաղորդել լրատուամիջոցներուն: Անհրաժեշտութեան պարագային այդպիսի դէպքերու մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակէ նախարարութիւնը:

Յիշեցնենք, որ վերջերս պայթեցուած էր Իրաքէն Թուրքիա քարիւղ փոխադրող Քերքուք-Եումուրթալըք խողովակաշարը: Պայթեցուած էր նաեւ Թուրքիոյ Արարատ նահանգին մէջ Մասիսի ստորոտով Իրանէն Թուրքիա կազ փոխադրող խողովակաշարը: Թուրքիոյ իշխանութիւնները անմիջապէս յայտարարած են, որ երկու պայթումներուն պատասխանատուները ՔԱԿ-ի զինեալներն են:

 

 

Նախորդը

Թրքական Ազգայնական Կուսակցութիւնը Պատրաստ Է Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Փոքրամասնական Կառավարութեան Աջակցելու` Փոխան Արտակարգ Ընտրութիւններու

Յաջորդը

«Սուրիոյ Մէջ Մեր Մարզած Ընդդիմադիրները Պաշտպանելու Համար Առաջին Օդային Հարուածը Կատարեցինք» Յայտարարեց Փենթակոնը

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.