Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Օգոստոս 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սայէպ Օրէյքաթ
Սայէպ Օրէյքաթ

– ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ «Սաֆա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ յորդանանեան եւ պաղեստինեան կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուելիք բանաձեւի մը շուրջ, որ կը պահանջէ պաշտպանել պաղեստինցի ժողովուրդը եւ վերջ տալ իսրայէլեան բռնագրաւումին: Համաձայնութիւնը գոյացած է պաղեստինցի նորածին Ալի Տաուապշէի ողջակիզումին իբրեւ պատասխան: Ամմանի մէջ Պաղեստինի դեսպան Աթալլա Խէյրի յայտնեց, որ ՊԱԿ-ի քարտուղար Սայեպ Օրէյքաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի հետ` քննարկելու համար Տաուապշէի ողջակիզման ոճիրին հակադարձելու միացեալ քայլերը:

– ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ նախագահ Պարաք Օպամա իր երկրի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի ձեռամբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի փոխանցած նամակին մէջ շեշտած է երկու երկիրներուն շահերուն սպառնացող հասարակաց մարտահրաւէրներու դիմակայման համար Եգիպտոս-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեանց ամրապնդման կարեւորութիւնը: Օպամա շեշտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է նպաստելու Եգիպտոսի ու շրջանի կայունութեան հաստատման ջանքերուն յաջողութեան, իսկ ամերիկեան ընկերութիւնները պատրաստ են Եգիպտոսի մէջ արձանագրուող բարգաւաճումի հոլովոյթը յառաջ մղելու:

– ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ վիճակագրական «Եուրոսթաթ» մարմինը յայտարարեց, որ յունիսին միութեան մէջ անգործներուն թիւը հասած է 23 միլիոն 296 հազարի, որոնցմէ 17 միլիոն 756 հազարը Եւրոյի գօտիին մէջ, այլ խօսքով` բաղդատմամբ մայիսին Եւրոպական Միութեան մէջ անգործներուն թիւը նուազած է 23 հազարով, իսկ Եւրոյի գօտիին մէջ բարձրացած է 31 հազարով: Յունիս 2014-էն սկսեալ մէկ տարուան ընթացքին անգործութեան բարձրագոյն համեմատութիւնը արձանագրուած է Յունաստանի մէջ ( 25,6 առ հարիւր) իսկ նուազագոյնը` Գերմանիոյ մէջ (4,7 առ հարիւր), որուն կը յաջորդեն Չեխիան, Մալթան եւ Բրիտանիան:

– ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ Նիւ Մեքսիքօ նահանգի Լաս Քրուսես քաղաքի երկու եկեղեցիներու մօտ ականներ պայթած են` առանց մարդկային վնասներ պատճառելու: Առաջին պայթումը տեղի ունեցած է մկրտչական եկեղեցւոյ մը մօտ, իսկ երկրորդը` կաթողիկէ եկեղեցւոյ մօտ:

Boeing_8-03-15

– ԻՐԱՆԵԱՆ քաղաքային թռիչքներու խորհուրդի գործավար Մոհամետ Խատա Քարամի յայտնեց, որ Իրան կը ծրագրէ իր ճամբորդատար օդանաւերու տորմիղը արդիականացնելու նպատակով ամերիկեան «Պոյինկ» եւ ֆրանսական «Էրպաս» ընկերութիւններէն տարեկան 80-90 օդանաւեր գնել, անմիջապէս որ երկրին դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցուին:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան նախարարաց խորհուրդի շաբաթական հերթական նիստին ընթացքին յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը երկրին մէջ գործող հրեայ ծայրայեղականներուն նկատմամբ աչք պիտի չփակէ` շեշտելով. «Իսրայէլ միասնական է ընդդէմ մեր ժողովուրդի զաւակներէն եղող ոճրագործներուն»: Յիշեցնենք, որ ուրբաթ օր հրեայ բնակեցուածներ պաղեստինցի նորածին մը ողջակիզած էին:

– ՌՈՒՍԻՈՅ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը յառաջիկայ աշնան պիտի այցելէ Ռուսիա:

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյտ յառաջիկայ սեպտեմբերին պիտի այցելէ Մոսկուա:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ոսկիի Գինը Մօտեցած Է 5 Տարուայ Նուազագոյն Ցուցանիշին

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?