Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վեցեակին Հետ Համաձայնութիւնը Պիտի Օգնէ Եմէնի Եւ Սուրիոյ Տագնապին Լուծման» Կ’ըսէ Ռուհանի

August 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հասան Ռուհանի
Հասան Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանէն իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը աւելի մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Եմէնի եւ Սուրիոյ տագնապներուն շուտափոյթ լուծման համար:

«Եմէնի տագնապին լուծումը քաղաքական է, Սուրիոյ խնդիրին լուծումը քաղաքական է: Վեցեակին հետ Թեհրանի համաձայնագիրը պիտի ստեղծէ նոր մթնոլորտ, որ պիտի ըլլայ աւելի բարենպաստ», ըսաւ Ռուհանի:

Ան ըսաւ, որ նշեալ համաձայնութիւնը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան երրորդ ուղին է: «Աշխարհին դիմաց երկու ընտրանք ունինք` կա՛մ անոր յանձնուիլ, կա՛մ զայն պարտութեան մատնել, եւ երկու ընտրանքներն ալ անտրամաբանական են: Գոյութիւն ունի աշխարհի հետ ազգային շահերու ծիրին մէջ շինիչ գործակցութեան երրորդ ուղի մը», նշեց ան` աւելցնելով. «ՄԱԿ-ի հետ մեր գործակցութիւնը պատերազմով, կոչերով կամ անձնատուութեամբ չէ, այլ` տրամաբանութեան, օրինական հոլովոյթի ճամբով բանակցութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով»:

Իրանի նախագահը նշեց, որ հիւլէական կառոյցներու խուզարկումը իրանեան պետութեան գաղտնիքներն ու պաշտպանական կարողութիւնը կը վտանգէ, եւ ասոր վրայ հիմնաւորուած կը քննադատեն համաձայնութիւնը Իրանի ապահովական մարմիններուն մէջ կարծր կեցուածքի տէր մարդիկը, որոնք արեւմտեան ուժերու կողմէ զինուորական յարձակումէ մը կը վախնան: «Մեր ազգային ամէնէն նուրբ գաղտնիքները` զինուորական, գիտական, առեւտրական կամ ընկերային, պիտի չվտանգենք: Մեր պաշտպանական կարողութիւնը բացարձակապէս պիտի չտկարանայ», յայտարարեց Ռուհանի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ իր կարգին քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ նշեց, որ սկիզբէն ի վեր իր երկրին գլխաւոր առաջնահերթութիւնը դրացիներուն հետ լաւ ու սերտ յարաբերութիւններ ունենալն է: Ան նշեց, որ Վեցեակին հետ համաձայնութիւնը ոչ միայն Իրանի դրացիներուն վնաս չի պատճառեր, այլ ամբողջ շրջանին համար ձեռքբերում մըն է, որովհետեւ վերջ տուաւ 12 տարիէ ի վեր գոյութիւն ունեցող անտեղի լարուածութեան:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը կոչ ուղղեց շրջանային երկխօսութեան մը, որ հիմնուած ըլլայ հասարակ նպատակներու եւ սկզբունքներու վրայ` աւելցնելով, որ վերջիններուս ամէնէն կարեւորներն են բոլոր երկիրներուն հողային ամբողջականութեան, քաղաքական անկախութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան, ներքին հարցերուն չմիջամտելու, տարակարծութիւնները խաղաղ ճամբով լուծելու, սպառնական ոճն ու ուժի գործածութիւնը արգիլելու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, բարգաւաճման ու երջանկութեան հաստատման սկզբունքները:

 

Նախորդը

«Առաջին Քիւրտիստանը Պիտի Հիմնուի Թուրքիոյ Տարածքին Վրայ» Կ’ըսէ Էտիպօղլու

Յաջորդը

Քըլըճտարօղլու Էրտողանը Կը Մեղադրէ Համախոհական Կառավարութիւն Կազմելու Հոլովոյթը Խափանելու Համար

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.