
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, Քալիֆորնիայէն հանրապետական Էտ Ռոյս յայտնած է, որ Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրի մերժման իր հեղինակած բանաձեւը ներկայացուած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յանձնախումբի քննարկման:
Ան հաւաստած է, որ իր կողմէ որդեգրուած որոշումը իրեն որեւէ բաւարարութիւն չի պատճառեր, «սակայն, այս համաձայնագիրին հետեւանքները համաշխարհային անվտանգութեան համար չափազանց մեծ են: Այդ գործարքը չափէն աւելի շատ եւ չափէն աւելի արագ զիջումներ կը տրամադրէ ահաբեկչական պետութեան, ինչ որ աշխարհը կը դարձնէ նուազ անվտանգ եւ կայուն», ըսած է Ռոյս:
Ըստ անոր, ձեռք բերուած արդիւնքը «երբեք չի հասնիր անհրաժեշտ մակարդակին» եւ գործարքը «մշտական հիման վրայ Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու մեղմացում կ՛ապահովէ հիւլէական ծրագիրի միայն ժամանակաւոր սահմանափակումներ մտցնելու փոխարէն»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին յայտնեց. «Իրանի հետ համաձայնութիւնը պիտի չարգելակէ Թեհրանի կողմէ հիւլէական ռումբի ստեղծումը, այլ միայն ճամբայ պիտի հարթէ ատոր ստեղծման համար»: Ըստ անոր, այդ համաձայնութեան արդիւնքը պիտի ըլլայ «ահաբեկչական գործողութիւններու եւ անոնց զոհերու թիւի յաւելումը» ամբողջ աշխարհի վրայ: «Ատիկա շատ վտանգաւոր գործարք է եւ կը սպառնայ մեր բոլորին», պնդած է ան եւ ամերիկացի հրեաներուն կոչ ուղղած` «պայքարելու վատ գործարքի դէմ»:
Այս բոլորէն ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա զգուշացուց ամերիկեան Քոնկրեսին անդամները նշելով. «Եթէ Քոնկրեսին մէջ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան հաւանութիւն չտրուի, ապա Միացեալ Նահանգներ յարձակում պիտի գործեն Իրանի դէմ, ուստի եւ Հըզպալլան պիտի հակադարձէ հրթիռակոծելով Թել Աւիւը, եւ Իսրայէլն է, որ ատոր գինը պիտի վճարէ, որովհետեւ Հըզպալլան իր հրթիռները Թել Աւիւի վրայ պիտի արձակէ եւ ոչ թէ Նիւ Եորքի: Սակայն անոնք կրնան ականուած նաւ մը ուղարկել` ամերիկեան նաւու մը բախելու համար»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Օպամա այս խօսքերը ըսած է Միացեալ Նահանգներու հրեայ համայնքի 22 ղեկավարներու հետ իր հանդիպումին ընթացքին:
Ան զգուշացուցած է, որ եթէ Քոնկրեսը ձախողութեան մատնէ Իրանի հետ համաձայնութիւնը, ապա վերջինս պիտի քաշուի համաձայնութենէն, որուն ընդդիմադիրները յաւելեալ ճնշում պիտի բանեցնեն Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու:
Օպամա սուր կերպով քննադատեց Նեթանիահուն` ըսելով. «Պատրաստ էի անոր հետ հանդիպելու, որպէսզի քննարկեմ այն ինչ Իսրայէլը աւելի ապահով կը դարձնէ, սակայն ան պատրաստ չէ ինծի հետ հանդիպում ունենալու, որովհետեւ ատիկա կը նկատէ ճերմակ դրօշ բարձրացնել, իսկ ինք կ՛ուզէ շարունակել համաձայնութեան ընդդիմանալ»: