Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Երկիրները Պիտի Փորձեն Լուծել Աշխարհի Վրայ Աղքատութեան Խնդիրները

August 4, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

UN_8-03-15

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրները 2 օգոստոսին համաձայնութիւն գոյացուցած են 2015-էն ետք ժամանակաշրջանին մէջ համաշխարհային զարգացման օրակարգին շուրջ: Ինչպէս կը սպասուէր, 29 էջերէ բաղկացած փաստաթուղթը, որուն շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուէին աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, սեպտեմբերին պիտի հաստատուի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովին ընթացքին:

Օրակարգին մէջ նշուած են կայուն զարգացման 17 նպատակներ` նախատեսուած 15 տարուան համար: Անոնց ամէնէն առաջինը կը նախատեսէ «աղքատութեան համատարած վերացում` իր բոլոր դրսեւորումներով»: Ատոր կը յաջորդեն, մասնաւորաբար «սովի վերացումը, պարենային անվտանգութեան ապահովումը» եւ առողջ կենսակերպը, սեռերու հաւասարութիւնը, յուսալի եւ կայուն ուժանիւթի հասանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ կայուն տնտեսական աճը, որ կը նախատեսէ աշխատատեղերու ստեղծում: Կայուն զարգացման նպատակներու իրականացումը պիտի պահանջէ ընկերային-տնտեսական զարգացման մարզի 170 առաջադրանքներու կատարում:

Նոր օրակարգը կը հիմնուի «Հազարամեակի զարգացման նպատակներ»-ու յաջողութեան վրայ, որոնց իրականացումը միջազգային ընտանիքին արտօնեց աղքատութենէն դուրս բերել աւելի քան 700 միլիոն մարդ: 2000-ին որդեգրուած ութ Կայուն զարգացման նպատակները կը ներառէին աղքատութեան, սովի, հիւանդութիւններու, սեռերու անհաւասարութեան դէմ պայքարի մարզի խնդիրները եւ ջուրի ու սննդեղէնի հասանելիութեան ապահովումը:

Օրակարգի անբաժանելի մասն է նաեւ կլիմայի վերաբերեալ նոր համաձայնագիրը, որ կը ծրագրուի որդեգրել տարուան վերջաւորութեան` Փարիզի մէջ: Անիկա պիտի փոխարինէ Քիոթոյի արձանագրութիւնը եւ պիտի նախատեսէ դէպի մթնոլորտ ջերմոցային կազերու արտանետումները կրճատելու միջոցառումներ:

«Մենք վճռականութեամբ լեցուն ենք` այս սերունդի կեանքի ընթացքին մարդկութիւնը ազատելու աղքատութեան ճիրաններէն, եւ կ’ուզենք մեր մոլորակը բուժել եւ պաշտպանել յանուն ներկայ եւ ապագայ սերունդներու: Մենք տրամադրուած ենք ձեռնարկել համարձակ քայլերու, որոնք կենսականօրէն անհրաժեշտ են աշխարհը կայուն ապագայի ուղի դուրս բերելու համար: Բոլորս միասին բռնելով այդ ուղին` մենք կը խոստանանք, որ ոչ ոք ետ պիտի մնայ», ըսուած է փաստաթուղթի ներածականին մէջ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ողջունած է երկիրներու կողմէ կայուն ընկերային-տնտեսական զարգացման նոր ծրագիրի շուրջ համաձայնութեան գոյացումը: «Ատիկա օրակարգ է մարդոց համար, աղքատութեան բնաջնջման գործողութիւններու ծրագիր` ատոր բոլոր չափանիշներով` անվերադարձ, համատարած, եւ ետեւ ոչ ոք ձգելով: Ատիկա նպատակամղուած է խաղաղութեան ապահովման եւ բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ գործընկերութիւններու ստեղծման` ի շահ մարդոց եւ մոլորակին», նշած է ան:

Ըստ անոր, սեպտեմբերին, երբ փաստաթուղթը ընդունին, սկիզբ պիտի դրուի «կայուն զարգացման նոր դարաշրջանին, ուր աղքատութիւնը արմատախիլ պիտի ըլլայ, բարիքները ընդհանուր պիտի ըլլան, իսկ կլիմայի փոփոխութիւններու հիմնական պատճառները պիտի յաղթահարուին»:

 

 

Նախորդը

Ոսկիի Գինը Մօտեցած Է 5 Տարուայ Նուազագոյն Ցուցանիշին

Յաջորդը

Ըստ ՄԱԿ-ի. Յառաջիկայ 50 Տարուան Մէջ Հայաստանի Բնակչութիւնը Պիտի Կրճատուի Գրեթէ Մէկ Միլիոնով

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.