Միջազգային

Հրացանաձգութիւն` Պոլսոյ Մէջ Արդարութիւն  Եւ Բարգաւաճում  Կուսակցութեան Կեդրոնատեղիին Դէմ

Հրացանաձգութիւն` Պոլսոյ Մէջ Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Կեդրոնատեղիին Դէմ

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ անծանօթ զինեալներ իրենց ինքնաշարժէն կրակ բացին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող կեդրոնատեղիին դէմ` վիրաւորելով շէնքին պահակը: Թրքական ոստիկանութիւնը անմիջապէս հասաւ դէպքին վայրը հետաքննութիւն կատարելու համար եւ շէնքին մերձակայքը լայն խուզարկութիւն կատարեց` փորձելով ձերբակալել յանցագործները: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու իր կարգին դէպքին վայրը այցելելով յայտարարեց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները այսպիսի յարձակումներու ճամբով...

Ռուսիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարները Պիտի Քննարկեն Սուրիոյ Հարցը

Ռուսիոյ Եւ Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Պիտի Քննարկեն Սուրիոյ Հարցը

Ատել Ժուպէյր «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր վաղը Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն Միջին Արեւելքի կացութիւնը: Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն քննարկման օրակարգը սուրիական տագնապն ու ատոր լուծման ուղիներն են, Եմէնի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը: Նշենք, որ...

Տեմիրթաշ Կը Քննադատէ Քիւրտերու Դէմ  Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Տեմիրթաշ Կը Քննադատէ Քիւրտերու Դէմ Թուրքիոյ Գործողութիւնները

Սելահաթթին Տեմիրթաշ Անակնկալօրէն Պրիւքսէլ այցելած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ «անարդար պատերազմ» որակեց քիւրտերուն վրայ թրքական յարձակումները` միաժամանակ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան, որ դատապարտէ յարձակումները եւ յստակօրէն նեցուկ կանգնի քրտական հաշտութեան հոլովոյթին: Ան կրկնեց, թէ թրքական յարձակումներուն գլխաւոր թիրախը եղած են ոչ թէ «Իսլամական պետութեան», այլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դիրքերը:

Օպամա. «Թուրքիան Պէտք Է Կռուի  ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ոչ Թէ ՔԱԿ-ի Դէմ»

Օպամա. «Թուրքիան Պէտք Է Կռուի ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ոչ Թէ ՔԱԿ-ի Դէմ»

Պարաք Օպամա «Հաֆինկթըն Փոսթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Սպիտակ տան մէջ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան նախ եւ առաջ պէտք է կռուի ՏԱՀԵՇ-ի եւ ոչ թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ: Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ ՔԱԿ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Թուրքիոյ գործողութիւնները պիտի յառաջացնե՞ն խնդիրներ, Օպամա ըսած է. «Բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան...

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը  Անգարայի Մէջ Պիտի Քննարկէ Սուրիոյ Հարցը

Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Անգարայի Մէջ Պիտի Քննարկէ Սուրիոյ Հարցը

Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ «Սփութնիք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Անգարա, ուր Թուրքիոյ ղեկավարութեան հետ պիտի քննարկէ սուրիական տագնապի հարցը: «Այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ շրջանային շրջապտոյտի մը ծիրին մէջ, որուն ընթացքին ան մտադիր է քննարկել շարք մը հարցեր, ներառեալ` Սուրիոյ ճգնաժամը»,...

ՏԱՀԵՇ Հոմսի Մէջ Շուրջ  100 Ասորի Ընտանիքներ Գերեվարած Է

ՏԱՀԵՇ Հոմսի Մէջ Շուրջ 100 Ասորի Ընտանիքներ Գերեվարած Է

Մարդկային իրաւանց ասորական դիտարանը յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ Հոմսի նահանգին մէջ, սուրիական անապատին սահմանակից Քարիաթէյն գիւղին մէջ շուրջ 100 ասորի ընտանիքներ գերեվարած է: Դիտարանը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ՏԱՀԵՇ չորեքշաբթի օր կառավարական ուժերուն եւ անոնց կողմնակից միլիսներու հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած է գիւղը: Դիտարանը կ՛աւելցնէ, որ Սատատ գիւղին մօտ գտնուող Հիուարէյն գիւղի` ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գրաւումէն ետք, Հոմսի հարաւարեւելեան շրջանին...

Աճեմօղլու. «Քրտական Հարցի Լուծման  Հոլովոյթին Ձախողութիւնը Թուրքիոյ Համար  Աղէտ Մը Կրնայ Դառնալ»

Աճեմօղլու. «Քրտական Հարցի Լուծման Հոլովոյթին Ձախողութիւնը Թուրքիոյ Համար Աղէտ Մը Կրնայ Դառնալ»

Տարօն Աճեմօղլու «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Տարօն Աճեմօղլու, որ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր տնտեսագէտներէն մէկը կը նկատուի, Թուրքիոյ տնտեսական եւ քաղաքական այժմու վիճակին մասին «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հարցումներուն պատասխանեց եւ մասնաւոր կերպով ընդգծեց, թէ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթին ձախողիլն ու կանգ առնելը Թուրքիոյ համար քաղաքական եւ տնտեսական աղէտ մը կրնայ դառնալ: Տարօն Աճեմօղլու կողմնակից է, որ քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը շարունակուի...

«Պի.Պի.Սի.Ազերի» Կը Գրէ.  Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիի Նախագիծը  Կը Կորսնցնէ Իր Նշանակութիւնը

«Պի.Պի.Սի.Ազերի» Կը Գրէ. Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Երկաթուղիի Նախագիծը Կը Կորսնցնէ Իր Նշանակութիւնը

«Պի.Պի.Սի.Ազերի» կը գրէ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը շատ կարեւոր կը նկատէ կառուցումը Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին, որուն շինարարութիւնը պէտք էր աւարտէր 5 տարի առաջ եւ ներկայ դրութեամբ դադրեցուած է: Ըստ գործակալութեան, թէեւ երկաթուղիի Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքներէն անցնող հատուածները «մասնակիօրէն պատրաստ» են, սակայն թրքական կողմը կը յայտնէ, որ շինարարութիւնը ընդմիջուած է եւ պիտի շարունակուի միայն եկող շաբաթ: Վերլուծաբաններուն կարծիքով` արդէն 1 միլիառ տոլարէն...

Ցիփրաս Եւ Հոլլանտ 15 Օգոստոսէն Ետք  Յունաստանի Վարկի Շուրջ  Համաձայնագիրին Կնքումը Կ՛ակնկալեն

Ցիփրաս Եւ Հոլլանտ 15 Օգոստոսէն Ետք Յունաստանի Վարկի Շուրջ Համաձայնագիրին Կնքումը Կ՛ակնկալեն

Ցիփրաս եւ Հոլլանտ «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի վարչապետին մամլոյ ծառայութիւնը` ամփոփելով Եգիպտոսի մէջ 6 օգոստոսին Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի միջեւ հանդիպումին արդիւնքները, յայտնած է, որ երկու ղեկավարները համաձայնած են, որ Աթէնք շուրջ 86 միլիառ եւրոյի ծաւալով երկրորդ վարկային ծրագիրին շուրջ վարկատուներուն հետ բանակցութիւնները պէտք է աւարտէ 15 օգոստոսէն անմիջապէս ետք: Նշենք, որ երկու ղեկավարները...

2015-ին Միջերկրական Ծովուն Ճամբով  224 Հազար Ապօրինի Գաղթական Հասած Է Եւրոպա

2015-ին Միջերկրական Ծովուն Ճամբով 224 Հազար Ապօրինի Գաղթական Հասած Է Եւրոպա

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վարչութենէն յայտնած են, որ այս տարուան սկիզբէն մինչեւ օրս շուրջ 224 հազար ապօրինի գաղթական կտրած է Միջերկրական ծովը, որպէսզի մուտք գործէ եւրոպական երկիրներ: ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վարչութենէն նշած են. «Գոյութիւն ունեցող տուեալներուն համաձայն, յուլիսի աւարտին շուրջ 224 հազար տեղահանուած եւ գաղթական ծովու ճամբով հասած է Եւրոպա,...

Եգիպտոս Սուէզի Ջրանցքին Տակ  Փապուղիներ Պիտի Փորէ

Եգիպտոս Սուէզի Ջրանցքին Տակ Փապուղիներ Պիտի Փորէ

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով միջազգային լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Սուէզի ջրանցքի վարչակազմի պետ ծովակալ Մոհապ Մամիշ յայտարարած է, որ Եգիպտոս որոշած է Սուէզի ջրանցքին տակ սկսիլ վեց փապուղիներու կառուցման աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ ատիկա ջրային ուղիին զարգացման երկրորդ հանգրուանն է: Ըստ անոր, քանի մը փապուղիներ 11 մեթր տրամագիծով պիտի փորուին Իսմայիլիյայի ծայրամասերուն մէջ, իսկ յաւելեալ երկու փապուղիներ` Փոր Սայիտ շրջանին մէջ: Մամիշ նաեւ...

35 Տարի Առաջ Գողցուած «Սթրատիվարիուս»  Ջութակը Գտած Են Միացեալ Նահանգներու Մէջ

35 Տարի Առաջ Գողցուած «Սթրատիվարիուս» Ջութակը Գտած Են Միացեալ Նահանգներու Մէջ

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու իրաւապահ մարմինները յայտնաբերած են «Սթրատիվարիուս»-ի ջութակը, որ 35 տարի առաջ գողցուած էր յայտնի երաժիշտ Ռոման Թոթենպերկէն: Վերջինիս ջութակը գողցուած էր 1980-ին, անոր նուագահանդէսէն ետք: Ջութակահարին դուստրը` Նինա Թոթենպերկ «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնած է, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ը գողցուած ջութակին յայտնաբերման համար իրեն յայտնած է յունիսին, եւ շուտով գործիքը պիտի վերադարձնեն իրենց ընտանիքին: «Էֆ.Պի.Այ.»-ի գործակալը...

Հարաւային Սէուտական Արաբիոյ Մէջ  Անձնասպանական Գործողութիւն

Հարաւային Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն

Երէկ Սէուտական Արաբիոյ հարաւը գտնուող Ասիր նահանգի Ապհա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը: Երկրին ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ գործողութեան զոհ գացած են ապահովական մարմիններու տասը անդամներ, իսկ ուրիշներ վիրաւորուած են: Նախքան այդ, սէուտական «Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը նշած էր, որ զոհերուն թիւը, ըստ նախնական տուեալներու, 17 է: Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ յարձակումը գործուած է նամազի ժամուն եւ թիրախ...

«Ռուսիան Դէմ Է Իրաքի Մէջ ՔԱԿ-ի Դէմ  Թուրքիոյ Հարուածներուն»  Ըսաւ Մետվետեւ

«Ռուսիան Դէմ Է Իրաքի Մէջ ՔԱԿ-ի Դէմ Թուրքիոյ Հարուածներուն» Ըսաւ Մետվետեւ

Տմիթրի Մետվետեւ Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դիրքերուն դէմ թրքական օդուժի յարձակումները «օրինականութեան տեսակէտէն խիստ կասկածելի են»: Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած դաշինքին ծրագրած աշխատանքներուն` Մետվետեւ կապեր նկատած է Ուաշինկթընի եւ Իրաքի տարածքին մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերու...

Ջրանցքին Բացումէն 146 Տարի Ետք.  Եգիպտոսի Նախագահը Բացումը  Կատարեց Սուէզի Նոր Ջրանցքին

Ջրանցքին Բացումէն 146 Տարի Ետք. Եգիպտոսի Նախագահը Բացումը Կատարեց Սուէզի Նոր Ջրանցքին

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի երէկ բացումը կատարեց Սուէզի ջրանցքին մէկ ընդլայնուած ճիւղին, որուն վրայ աշխատանքները, նախագահին հրամանով, փոխան նախատեսուած երեք տարուան աւարտեցան մէկ տարիէն: Բացման արարողութեան ներկայ էին միջազգային անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալլըն ծրագիրը գովաբանելով զայն նկատեց «արդի հրաշալիք» մը: Բացման առիթով երկրին մէջ ազգային տօն...

Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքերու Կիրարկման Հարցով  Ապահովութեան Խորհուրդի Բանաձեւին Շուրջ.  Ուաշինկթըն-Մոսկուա Համաձայնութիւն

Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքերու Կիրարկման Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Բանաձեւին Շուրջ. Ուաշինկթըն-Մոսկուա Համաձայնութիւն

Քերրի եւ Լաւրով «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա համաձայնութիւն գոյացուցած են ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւի մը շուրջ, որ կը ճշդէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու յարձակումին ետին գտնուողները` զանոնք արդարադատութեան յանձնելու համար: Ապահովութեան խորհուրդը այսօր քուէարկութեան պիտի ենթարկէ ամերիկեան առաջարկը, ըստ որուն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարն ու քիմիական զէնքերու տարածման հսկող միջազգային կազմակերպութիւնը հետաքննիչներու խմբակ մը կը կազմեն`...

Մոալլեմ Այցելեց Օման

Մոալլեմ Այցելեց Օման

Մոալլեմ եւ Ալուի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ այցելեց Օման, ուր հանդիպում ունեցաւ իր օմանցի պաշտօնակից Եուսեֆ պըն Ալուիի հետ: Հանդիպումէն ետք անոնք յայտարարեցին, որ ժամանակը հասած է «շինիչ ջանքերը միաւորելու` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, ապահովութեան ու կայունութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ հողերու ամբողջականութեան ու անվտանգութեան պահպանման սուրիացիներու ձգտումներուն ընդառաջման հիմամբ վերջ տալու համար Սուրիոյ մէջ տագնապին»:...

«Միջազգային Ընտանիքը Պիտի Չխստացնէ  Իրանի Դէմ Սահմանուած Պատժամիջոցները»  Կ՛ըսէ Օպամա

«Միջազգային Ընտանիքը Պիտի Չխստացնէ Իրանի Դէմ Սահմանուած Պատժամիջոցները» Կ՛ըսէ Օպամա

Պարաք Օպամա «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ միջազգային ընտանիքը պիտի չխստացնէ Իրանի դէմ պատժամիջոցները` տեղի տալով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ճնշումին: «Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ մեր սերտ դաշնակիցները եւ մանաւանդ Չինաստանը կամ Ռուսիան, անկասկած չեն պատրաստուիր գոյութիւն ունեցող պատժամիջոցները խստացնել յաւելեալ 5, 10, 15 տարիով` ենթարկուելով Քոնկրեսի թելադրանքին», նշած է Օպամա` Ուաշինկթընի Ամերիկեան...

Ըստ Դիւանագիտական Շրջանակներու.  Մամլուք-Պըն Սալման  Հանդիպումի Մթնոլորտը Չոր Էր

Ըստ Դիւանագիտական Շրջանակներու. Մամլուք-Պըն Սալման Հանդիպումի Մթնոլորտը Չոր Էր

Մոհամետ Պըն Սալման Դիւանագիտական շրջանակներ լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգի փոխանորդ Մոհամետ պըն Սալմանի եւ Սուրիոյ անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար հազարապետ-զօրավար Ալի Մամլուքի միջեւ հանդիպումին մթնոլորտը «չոր եւ պաղ էր»: Աղբիւրները աւելցուցած են, որ սէուտցի իշխանը հանդիպումին ընթացքին Դամասկոսէն պահանջած է հեռանալ Իրանէն, որովհետեւ վերջինս կը կանգնի «շրջանը հարուածած բոլոր աղէտներուն ետին»: Իշխանը նաեւ պահանջած է, որ իրանեան...

Էրտողան-Ռուհանի Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Էրտողան-Ռուհանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Էրտողան եւ Ռուհանի «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Զրոյցին ընթացքին Էրտողան Իրանի նախագահին տեղեկութիւններ հաղորդած է ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) դէմ իրականացուող գործողութիւններուն մասին: Ան ընդգծած է, որ Սուրիոյ  եւ Իրաքի մէջ գոյութիւն ունեցող անկայուն իրավիճակը բացասաբար կրնայ ազդել նաեւ դրացի երկիրներուն...

Page 842 of 882 1 … 841 842 843 … 882

Արխիւներ