
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործուած է առաջին օդային յարձակումը` «պաշտպանելու համար» ընդդիմադիր զինեալները, որոնք ամերիկեան կողմը մարզած է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Պիլ Օրպըն յայտնեց, որ իր տեսակին մէջ առաջինը եղող նշեալ օդային հարուածը գործուած է ուրբաթ օր` պաշտպանելու համար Ուաշինկթընի կողմէ մարզուած «Նոր Սուրիան» խմբաւորումը:
Սպիտակ տունը նախապէս յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան իրենց մարզած զինեալները պաշտպանելու համար յաւելեալ միջոցառումներու դիմել, եթէ անոնք յարձակումի ենթարկուին սուրիական բանակին կողմէ:
Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Ապահովական Գօտիի
Հաստատումը Միայն Ժամանակի Հա՞րց Է
Թրքական պաշտօնական աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի հաստատումը «ժամանակի հարց է եւ ոչ աւելին»` աւելցնելով, որ ամերիկացիներուն հետ վերջերս այդ առնչութեամբ գոյացած համաձայնութիւնը հիւսիսային Սուրիոյ ապագային վերաբերեալ յստակ մանրամասնութիւններ կը պարունակէ:
Ըստ աղբիւրներուն, ամերիկացիները համոզուած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար քիւրտերուն հետ իրենց գործակցութեան փորձառութիւնը չի կրնար Թուրքիոյ սահմանին վրայ երկարիլ, որովհետեւ ժողովրդագրական ու ապահովական վտանգներ կը պարունակէ: Ամերիկացիները թրքական տեսակէտին նկատմամբ հասկացողութիւն ցուցաբերած են:
Ըստ աղբիւրներուն, այդ գօտիին վերաբերեալ թուրք-ամերիկեան բանակցութիւնները տեւած են ութ ամիս, որմէ ետք գոյացած համաձայնութեան պսակումը եղած է Էրտողան-Օպամա հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրքիա սկզբունքով սուրիական հողեր մուտք պիտի չգործէ, այլ ապահովական գօտի պիտի հաստատէ կրակոցի ճամբով, եւ սուրիական ընդդիմութիւնը պէտք է օգտուի թրքական այդ աջակցութենէն` ՏԱՀԵՇ-ի գրաւած քաղաքներն ու շրջանները ազատագրելու համար` աւելցնելով, որ Ժապհաթ Նուսրան կամ Ահրար Շամը այդ շրջանին մէջ գոյութիւն պիտի չունենայ եւ անոր ներկայութիւնը պիտի չարտօնուի:
Միւս կողմէ, Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Խալետ Աթիէ յայտնեց, որ Քաթար եւ Ռուսիա համաձայնած են, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը պէտք է ըլլայ բացառապէս քաղաքական լուծում մը, որ սուրիացի ժողովուրդին կողմէ ընդունելի է:


