
Սուրիական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար հազարապետ-զօրավար Ալի Մամլուքի Ռիատ այցելութեամբ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորի ժառանգորդի փոխանորդ Մոհամետ պըն Սալմանի հետ հանդիպում ունենալը ինքնին Սուրիա-Սէուտական Արաբիա թշնամանքի պատին մէջ լուրջ ճեղք մըն է:
Աղբիւրները նշեցին, որ այժմ գոյութիւն ունի ամերիկեան հաւանութեամբ ռուսական ջանք մը` Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյրի միջեւ հանդիպում մը դասաւորելու համար` առ ի պատրաստութիւն այս տարուան վերջաւորութեան Ռուսիոյ կողմէ Մոսկուայի մէջ սուրիական իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ ժողովի մը հիւրընկալման: