Տեմիրթաշ ՔԱԿ-ի Եւ Թուրքիոյ Բանակին Կոչ Կ՛ուղղէ Զինադադար Հաստատելու
Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահաթթին Տեմիրթաշ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) եւ Թուրքիոյ բանակին հաւասարապէս կոչ ուղղեց զինադադար հաստատելու: «ՔԱԿ-ը պէտք է անմիջապէս լռութեան մատնէ իր զէնքերը եւ իր մատները վերցնէ բլթակէն: Այս առումով` կառավարութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ գործողութիւնները դադրած են, եւ իրենք զոհերու արձանագրումը կանխարգիլելու համար երկխօսութեան ճամբան պիտի հարթեն», ըսաւ ան: Անգարայի մէջ իր կուսակցութեան գումարած ժողովէն առաջ...




















