
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով միջազգային լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆելլըն յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը մինչեւ մարտ 2017:
«Մենք «Թորնէյտօ» կործանիչներով հարուածները պիտի երկարաձգենք յաւելեալ մէկ տարի` մինչեւ մարտ 2017», նշած է նախարարը: Միեւնոյն ժամանակ ան բացառած է բրիտանական ուժերու մասնակցութիւնը Իրաքի ցամաքային գործողութիւններուն մէջ: Ըստ անոր, Պաղտատ այդպիսի խնդրանք չէ ներկայացուցած Լոնտոնի:
Բրիտանիոյ խորհրդարանը սեպտեմբեր 2014-ին լիազօրած էր Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ռմբակոծումները:
Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ միջազգային դաշինքը Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութիւններու սկսած է օգոստոս 2014-ին:


