«Ժողովրդավարական Հասարակութեան Մէջ Մամլոյ Ազատութեան Իրաւունքի Կարեւորութիւնը Ցոյց Տալու Համար» Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելեց «Հիւրրիյէթ»-ի Խմբագրատուն
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասս այցելած է Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան համակիրներուն կողմէ 10 օրուան մէջ երկու անգամ յարձակումի ենթարկուած «Հիւրրիյէթ»-ի խմբագրատուն: Ամերիկացի դիւանագէտը խմբագրութեան աշխատակիցներուն հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծած է, որ մամլոյ ազատութիւնը ժողովրդավարական հասարակութիւններու կարեւորագոյն տարրերէն մէկն է: «Ես այստեղ եմ, որպէսզի ցոյց տամ, թէ որքա՛ն կարեւոր է մամլոյ ազատութեան...




















