Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սկիզբ Սուրիոյ Մէջ Ռուսական Օդուժի Ռմբակոծումներուն

October 1, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Russia-Syria_9-30-15

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ իր գործողութիւնները ընթացք առած են` նշելով, որ ռուսական օդուժը հարուածած է զինուորական սարքեր, հաղորդակցութեան միջոցներ եւ զէնք ու զինամթերքի պահեստանոցներ: «Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ նախարարութիւնը նշած է, որ վերջերս հաստատուած Պաղտատի կեդրոնին ճամբով Սուրիոյ մէջ օդային հարուածներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը փոխանակէ Միացեալ Նահանգներու հետ: Ամերիկայի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»ին յայտնեց, որ ռուսական օդուժը Սուրիոյ մէջ իր առաջին օդային յարձակումը գործած է` հարուածելով Հոմսի եւ Համայի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող թիրախներ:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին առաքելութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն ու «այդ երկրին օրինական իշխանութիւններուն այդ ծիրին մէջ թափած ջանքերուն աջակցիլն է»:

Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դիմակայման միակ միջոցը կանխարգելիչ կերպով աշխատիլն է: Ան նշեց. «Եթէ ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ յաջողին, ապա Ռուսիա պիտի գան. ատոր պատահելուն պիտի չսպասենք»:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ցուցաբերուելիք աջակցութիւնը օդուժի ճամբով պիտի ըլլայ, եւ Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւններ պիտի չշղթայազերծուին, իսկ Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը պիտի ըլլայ ժամանակաւոր:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ իր կարծիքով, Փութին Սուրիոյ մէջ գետնի վրայ նոր կացութիւն մը չի ստեղծեր, այլ ինքնին Փութինի համար կեանքը աւելի կը բարդացնէ, «որովհետեւ, եթէ շարունակէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի, Իրանի եւ Հըզպալլայի օգտին կողմնակալութիւն ընել, ապա շրջանին մէջ սիւննի երկիրներուն հետ լուրջ հարց պիտի դիմագրաւէ, եւ ատիկա կրնայ նշանակել, որ կրնայ նոյնիսկ այդ սիւննի ժիհատականներուն թիրախ դառնալ, ուստի ատիկա անոր համար շատ բարդ է»:

Ան նշեց, որ իրենք կ՛աջակցին ռուսական օդային հարուածներուն, պայմանաւ որ Ասատի վարչակազմին աջակցութեան համար չըլլան:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ ռուսական զինեալ ուժերը Սուրիոյ մէջ օգտագործելու Փութինի դիմումին: Խորհուրդի անդամ  Սերկէյ Իվանով յայտնեց, որ Ասատ Փութինէն խնդրած է, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական միջամտութիւն տեղի ունենայ: Սուրիոյ նախագահական պալատը հաստատեց, որ Ասատ այդպիսի խնդրանքով դիմած է Փութինին` նշելով, որ ռուսական զինուորական աջակցութեան աճը կատարուած է «սուրիական պետութեան խնդրանքով»:

«Հաարեց» հաղորդեց, որ Ռուսիա օդային հարուածներէն ժամեր առաջ անոնց մասին տեղեակ պահած է Իսրայէլը, իսկ «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Ռուսիա Միացեալ Նահանգներէն ալ պահանջած է իրենց կործանիչները անմիջապէս հեռացնել Սուրիոյ օդային տարածքէն: Փենթակոն արդէն իսկ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ օդային տարածքին մէջ արկածներէ խուսափելու համար ռուսական եւ ամերիկեան ուժերուն միջեւ հաղորդակցութեան կապեր հաստատուած են:

Ռուսական ուղղափառ եկեղեցին աջակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ռուսական օդուժի օդային հարուածներուն եւ զայն նկատեց «սրբազան ճակատամարտ» մը: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ եկեղեցւոյ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավարը յայտնած է, որ «ահաբեկչութեան դէմ կռիւը այսօր սրբազան ճակատամարտ է, եւ թերեւս մեր երկիրը աշխարհի վրայ ամէնէն աշխուժ կերպով ատոր դէմ կը կռուի»` աւելցնելով, որ եկեղեցին կ՛աջակցի ՏԱՀԵՇի դէմ յարձակում գործելու համար Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժի տեղակայման կառավարութեան որոշումին: Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ մէջ ուղղափառ եկեղեցին, իսլամութիւնը, հրէութիւնը եւ պուտտայականութիւնը ներկայացնող խորհուրդ մը այս հարցով միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պիտի աջակցի կառավարութեան տուած որոշումին:

Սուրիական ազատ բանակը յայտարարեց, որ ռուսական օդուժը իր դիրքերը հարուածած է: Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ այնպէս կը թուի, թէ ռուսական կործանիչները թիրախ չեն դարձներ ՏԱՀԵՇի վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններ, իսկ ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւր մը նոյն գործակալութեան յայտնեց, որ ռուսական գործողութեան թիրախը ՏԱՀԵՇը չէ, այլ` Սուրիական ազատ բանակը:

Նախորդը

Խամենէի. «Եթէ Որոշենք Մունայի Ողբերգութեան Հակադարձել, Ապա Սէուտցի Ղեկավարներուն Կացութիւնը Լաւ Պիտի Չըլլայ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.