Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ազրպէյճան Դէտեր Պիտի Չուղարկէ» Կ՛ըսէ Քաներվա

September 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Իլքա Քաներվա
Իլքա Քաներվա

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի պաշտօնական կայքը, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Իլքա Քաներվա յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը Ազրպէյճանի մէջ 1 նոյեմբերին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւելու համար դէտեր պիտի չուղարկէ:

Ան նշած է, որ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը նկատի առած է ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) խորհուրդները եւ հրաժարած դէտեր ուղարկել Ազրպէյճան:

Քաներվա նշած է, որ Ազրպէյճան պահանջած է կրճատել ԵԱՀԿ-ի գործընկեր ԺՀՄԻԳ-ի դէտերու առաքելութեան անդամներուն թիւը: «Այդ պատճառով կառոյցը ստիպուած է ջնջել դէտերու առաքելութեան ծրագրուող այցելութիւնը Ազրպէյճան: Կը գտնեմ, որ եթէ մեր սերտ գործընկեր ԺՀՄԻԳ-ը չի կրնար հետեւիլ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն, ապա մենք եւս ատիկա պիտի չընենք», ըսած է ԵԽԽՎ-ի նախագահը:

Նախքան այդ, Kontakt.az հաղորդած էր, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ընդունելով ԵԽԽՎ-ի յատուկ առաքելութիւնը յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի մէջ ձեռնարկուած են անհրաժեշտ միջոցառումներ ժողովրդավարական, արդար ու թափանցիկ խորհրդարանական ընտրութիւններու համար, ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմաններ` ընտրութիւններու հսկողութեան համար: Ան ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ի` Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի լիազօրութեան չհամապատասխանող որակած է կառոյցին Ազրպէյճան դէտեր չուղարկելու որոշումը:

Մամետեարով ըսած է, որ ԵԱՀԿ-ը աւելի քան 100 միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկիրներ 400-500 դէտ կ՛ուղարկէ: Միաժամանակ, ԺՀՄԻԳ-ը կ՛ուզէ 400 դէտ ուղարկել Ազրպէյճան, որ 9,5 միլիոն բնակչութիւն ունի: Ըստ անոր, այդքան երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ դէտերու ներկայութիւնը 125 շրջանի մէջ «չափազանց անհամաչափ է»:

Մամետեարով ըսած է, որ ԵԱՀԿ-ի առաջնակարգ հարցը պէտք է ըլլայ ընտրութիւններու թեքնիք աջակցութեան ցուցաբերումը:

Նախապէս Պաքուն մերժած էր այդ քանակութեամբ դէտեր ընդունիլ: Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի անդամ միւս պետութիւնները պարտաւոր են ընտրութիւններուն միջազգային դէտեր հրաւիրել, ինչպէս նաեւ ապահովել ԺՀՄԻԳ-ի անկախ ու անկողմնակալ աշխատանքը:

ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը հրաւէր ստանալէ ետք յայտնած էր, որ կը պատրաստուի 30 երկարաժամկէտ եւ 350 կարճաժամկէտ դէտ ուղարկել Ազրպէյճան: Սակայն 31 օգոստոսին ԵԱՀԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը յայտնած էր, որ իրենց երկիրը պատրաստ է ընդունիլ միայն 6 երկարաժամկէտ եւ մինչեւ 125 կարճաժամկէտ դէտ:

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Վերականգնուած Մեծ Մզկիթին

Յաջորդը

Քերրի Ռուսիոյ Եւ Իրանի Կոչ Կ՛ուղղէ Օժանդակելու Սուրիոյ Տագնապին Լուծման

RelatedPosts

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
Պոլսոյ Մէջ Ֆիտան-Պայրամով Հանդիպում
Միջազգային

Պոլսոյ Մէջ Ֆիտան-Պայրամով Հանդիպում

March 9, 2026
Սուտանի Եւ Պարզանի. «Իրաքը Դրացի  Երկիրներուն Վրայ Յարձակումի Սկսելու  Հարթակ Պիտի Չըլլայ»
Միջազգային

Սուտանի Եւ Պարզանի. «Իրաքը Դրացի Երկիրներուն Վրայ Յարձակումի Սկսելու Հարթակ Պիտի Չըլլայ»

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.