Սուրիոյ տագնապին հարցը տիրական էր Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հանդիպումին ընթացքին:
Փութին հանդիպումէն ետք ըսաւ, որ «Սուրիոյ ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրը»` շեշտելով, որ Մոսկուա պիտի ամրապնդէ Սուրիոյ բանակին տրամադրած իր աջակցութիւնը, սակայն առանց մասնակցելու ցամաքային գործողութիւններուն: «Ռուսիա կը սերտէ գետնի վրայ ահաբեկիչներուն դէմ, ներառեալ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իսկապէս կռիւ մղողներուն, ինչպէս` սուրիական բանակին եւ քրտական պաշտպանութեան ջոկատներուն աջակցութիւնը աւելցնելու հարցը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պէտք է երկրին մէջ քաղաքական հոլովոյթին զուգահեռ ընթանայ:
Անդրադառնալով Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ Օպամայի` Ասատի հեռացման պնդումին` Փութին նշեց. «Օպամա եւ Հոլլանտ սուրիացի քաղաքացիներ չեն եւ չեն կրնար սուրիացի ժողովուրդի ճակատագիրի որոշման մասնակցիլ»:
Ռուսիոյ նախագահը նաեւ նշեց, որ իր երկիրը կը սերտէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ օդային հարուածներուն մասնակցելու կարելիութիւնը, սակայն միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ` աւելցնելով. «Իրան, Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա եւ Յորդանան կրնան ապագային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համապարփակ դաշինքի մը միանալ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը հաղորդեց, որ Օպամա Փութինին յայտնած է, որ Ուաշինկթընի կարծիքով, Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատումը կարելի չէ, եթէ Ասատ իշխանութեան վրայ մնայ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Ռուսիա պէտք չէ արտօնէ Սուրիոյ մասնատումը, որովհետեւ ատոր այլընտրանքը պիտի դառնայ ՏԱՀԵՇ-ի խալիֆայութիւնը: Ան նշեց, որ Օպամա եւ Փութին քննարկած են Սուրիոյ հարցին մէջ համագործակցելու կարելիութիւնը:
«Մենք համաձայնած ենք, որ մեր հասարակաց նպատակը ՏԱՀԵՇ-ին յաղթելն է եւ թոյլ չտալը, որ անոնք խալիֆայութիւն ձեւաւորեն հսկայական տարածքի մէջ: Անոնք արդէն հիմնուած են Իրաքի ու Սուրիոյ զգալի տարածքներուն մէջ եւ այնտեղ իրենց անմարդկային օրէնքները հաստատած», ըսաւ Լաւրով` աւելցնելով, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ մտադիր չեն իսլամականներուն արտօնել հասնելու իրենց նպատակին:
Լաւրով նաեւ աւելցուց, որ Սուրիան պէտք չէ քաղաքական բարեփոխումներ կատարելու ընթացքին կրկնէ Իրաքի եւ Լիպիոյ սխալները: «Մենք պէտք է համոզուինք, որ բոլոր անհրաժեշտ քաղաքական բարեփոխումները կատարուած են, որպէսզի չկրկնուին սխալները Իրաքի եւ Լիպիոյ, ուր ժողովրդավարացման նպատակով կատարուած զինուորական ներխուժումը երկիրները մխրճեց քաոսի մէջ, զանոնք վտանգներու ենթարկեց եւ հասցուց ոչնչացման եզրին», ըսաւ ան:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ ամբողջ աշխարհի համար հիմնական մարտահրաւէրը այժմ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարն է: Ան նաեւ նշեց, որ քաղաքական բարեփոխումները պէտք է կատարուին սուրիական կառավարութեան եւ բոլոր ընդդիմադիր խումբերուն մասնակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի անդրադառնալով Օպամա-Փութին հանդիպումին ըսաւ. «Ռուսիոյ հետ խօսեցանք պայթող տակառներու օգտագործումը դադրեցնելու համար Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին վրայ ճնշում բանեցնելու մասին»: «Ամերիկան եւ Ռուսիան Սուրիոյ վերաբերող հիմնական հարցերու շուրջ համաձայնեցան, սակայն տակաւին գոյութիւն ունին կարգ մը տարակարծութիւններ: Ժամանակը հասած է քով- քովի գալու եւ տագնապէն դուրս գալու միջոցներ գտնելու», նշեց ան:
Սպիտակ տունը իր կարգին նշեց, որ Ռուսիոյ` Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման անհրաժեշտութիւնը ընդունիլը սկիզբ մըն է: Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց. «Ռուսական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներուն մօտ կը նկատեն հրատապ հարցերու, ներառեալ` սուրիական տագնապի լուծման համար Ռուսիոյ հետ գործակցելու պատրաստակամութիւն մը»:
«Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Սպիտակ տան մէկ ներկայացուցիչը, մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ նպատակները, յայտնած է, որ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, որ ռուսական բանակը փոխան Ասատին աջակցելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուի` նշելով. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական ներկայութեան յաւելումը ժխտական երեւոյթ չի նկատեր: Անոնց նպատակները մեզի համար յստակ են: Անոնց նպատակները ՏԱՀԵՇ-ը հետապնդելն ու սուրիական կառավարութեան աջակցիլն է»:
Ան այն կարծիքը յայտնեց, որ ռուսերը կը գիտակցին Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի եւ այդ նպատակի իրագործման համար հոլովոյթի մը սկսելու անհրաժեշտութեան, սակայն տարակարծութիւնը նշեալ հոլովոյթին արդիւնքին շուրջ է` աւելցնելով, որ կ՛ակնարկէ Ասատին:
Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ ռուսական դիւանագիտական-զինուորական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց, որ Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Ռուսիոյ զինուորականներուն միջեւ գաղտնի սպասարկական տեղեկութեանց փոխանակման Պաղտատի կեդրոնը պիտի սկսի գործել հոկտեմբերին կամ նոյեմբերին:
Մինչ այդ, Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եովալ Շթայնից յայտնեց, որ Իսրայէլ մտահոգ է Սուրիոյ մէջ իրանեան ցամաքային ուժերու տեղակայման եւ Իրանի հետ ուղղակի ճակատի բացման կարելիութենէն: Ան նշեց, որ Իսրայէլ չի միջամտեր Ասատի` իշխանութեան վրայ մնալու կամ չմնալու հարցին, սակայն կ՛ուզէ վստահ ըլլալ, որ մեծ տէրութիւններուն միջեւ Սուրիոյ տագնապին շուրջ հաւանական համաձայնութեան մը ծիրին մէջ Իրանի պիտի չարտօնուի սուրիական հողերուն վրայ տեղակայել ցամաքային ուժեր: