Եմէնի Մէջ Երեք Պայթումներ. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Կեդրոնատեղին Թիրախ` Հրթիռակոծման
Երեք պայթումներ երէկ ցնցեցին Եմէնի Ատեն քաղաքը: Անոնցմէ առաջինը թիրախ դարձուց «Քասր» պանդոկին մէջ Խալետ Պահահի գլխաւորած կառավարութեան նստավայրը, երկրորդը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ուժերու կեդրոնատեղին, իսկ երրորդը` Շահպ քաղաքին մէջ արաբական միացեալ ուժերու զինուորական գործողութիւններուն հսկելու գրասենեակը: Վարչապետ Խալետ Պահահ եւ անոր կառավարութեան անդամները անվնաս մնացին, սակայն, ըստ եմէնեան բժշկական աղբիւրներու, տասնեակներով էմիրաթցի զինուորներ սպաննուած են: Էմիրաթական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց,...




















