Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Առջեւ. «Պատրաստ Ենք Ռուսիոյ Եւ Իրանի Հետ Գործելու Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Համար» Յայտարարեց Օպամա

Սեպտեմբեր 29, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պարաք Օպամա
Պարաք Օպամա

Երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ-ի 70-րդ Ընդհանուր ժողովը: ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները կը գտնուէին Նիւ Եորք` Ընդհանուր ժողովի առաջին օրուան ընթացքին արտասանելու համար իրենց երկրին խօսքը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ իր երկիրը առանձինը չի կրնար աշխարհի հարցերը լուծել: Ան նշեց, որ Իրանի դէմ պատժամիջոցները հաստատուած են անոր հիւլէական ծրագիրին խաղաղասիրական բնոյթէն վստահ ըլլալու համար` աւելցնելով. «Իրանի հետ գոյացուցինք համապարփակ եւ երկարատեւ համաձայնութիւն մը, որ Իրանի կ՛արտօնէ խաղաղասիրական նպատակներու համար հիւլէական ուժանիւթէն օգտուիլ»:

«Իրան աւանդութիւն ունեցող պետութիւն մըն է, սակայն «Մահ Ամերիկայի» նշանաբանը յառաջդիմութեան արձանագրման չի նպաստեր», ըսաւ ան: Ան ընդգծեց. «Պիտի չտատամսիմ մեր դաշնակիցները առանձին կերպով պաշտպանելէ` անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ ուժի կիրարկումով»:

«Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի նման ահաբեկչական ուժի մը գոյութիւնը պիտի չընդունինք», ըսաւ Օպամա եւ յայտարարեց, որ «Պատրաստ ենք Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ գործելու Սուրիոյ տագնապին լուծման համար»` աւելցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չի կրնար մաս կազմել փոխանցման հանգրուանին:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ իսլամական կրօնը ահաբեկչական նկատելը տգիտութեան արդիւնք է: Ան նաեւ նշեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ տեղահանուածներուն համար նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել:

Ընդհանուր ժողովին ընթացքին նշանակալից էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի տասնամեակէ մը ի վեր առաջին անգամ ըլլալով ներկայութիւնը: Ան խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ Լիպիան միջազգային օրէնքի խախտումով շղթայազերծուած պատերազմի մը ականատես դարձաւ, իսկ այսօր նոյն բանը տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ, ուր ահաբեկիչներու հոսք մը կայ` ընդգծելով, որ անպայման պէտք է օժանդակութիւն տրամադրել Իրաքի, Սուրիոյ եւ Լիպիոյ կառավարութիւններուն` անոնց հարցերը լուծելու ծիրին մէջ:

Փութին կոչ ուղղեց կազմելու ընդլայնուած համապարփակ դաշինք մը` ընդդէմ ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի:

«Սուրիոյ մէջ ոչ ոք ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարի բացի սուրիական բանակէն եւ քրտական ջոկատներէն», ըսաւ Փութին: Ան նշեց, որ իր երկիրը չի կրնար առաւել եւս հանդուրժել աշխարհի վրայ ստեղծուած կացութիւնը եւ «Սուրիոյ մէջ ախորժակներ չունի»:

Ռուսիոյ նախագահը յայտնեց, որ ահաբեկչութեան վտանգը կ՛աճի եւ աշխարհի վրայ դէպի նոր շրջաններ կը տարածուի, ներառեալ` դէպի Ռուսիա, եւ ընդգծեց, որ իր երկիրը չի կրնար արտասահմանի մէջ կռուած ահաբեկիչներուն Ռուսիա վերադարձը արտօնել:

Ան նաեւ նշեց, որ ՕԹԱՆ կ՛ընդլայնուի, ինչ որ կը ստեղծէ քաղաքական տագնապներ, ինչպէս որ պատահեցաւ Ուքրանիոյ մէջ:

 

Նախորդը

«Ասատի Իշխանութեան Վրայ Մնալը ՏԱՀԵՇ-ը Պարտութեան Մատնելու Միակ Երաշխիքն Է» Ըսաւ Ռուհանի

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Գործող Նախագահը Մտահոգութիւն Յայտնած Է Տագնապի Գօտիին Մէջ Լարուածութեան Աճին Առնչութեամբ

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?