Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քերրի Ռուսիոյ Եւ Իրանի Կոչ Կ՛ուղղէ Օժանդակելու Սուրիոյ Տագնապին Լուծման

September 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճոն Քերրի
Ճոն Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնեց, որ ամերիկեան բանակին մէկ զեկուցումին համաձայն, Սուրիոյ մէջ գտնուող ռուսական կործանիչներու տեսակը ցոյց կու տայ, որ անոնք ռուսական ուժերը պաշտպանելու համար են:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Ռուսիոյ եւ Իրանի կոչ ուղղեց օժանդակելու Սուրիոյ պատերազմին վերջ տալու աշխատանքներուն` նշելով. «Սուրիոյ մէջ ռուսական կործանիչներու գոյութիւնը թերեւս Մոսկուայի մտադրութեանց նկատմամբ որոշ հարցականներ կը ստեղծէ»:

Ան շեշտեց. «Թէ՛ Միացեալ Նահանգներ, թէ՛ Ռուսիա կ՛ուզեն Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պարտութեան մատնել, սակայն Ուաշինկթընի կարծիքով, Մոսկուայի կողմէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի աջակցութիւնը կը ներգրաւէ օտար զինեալները, որոնք Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը կ՛ուզեն»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին յայտարարեց, որ Մոսկուա կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ հակամարտող կողմերուն միջեւ անմիջական քաղաքական երկխօսութեան սկսելու:

Ան նշեց, որ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար միջազգային ընտանիքը պէտք է Դամասկոսի հետ համակարգում կատարէ»` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքը Իրաքի մէջ համակարգում կը կատարէ Պաղտատի իշխանութեանց հետ, սակայն դժբախտաբար Սուրիոյ պարագային Դամասկոսի հետ այդպիսի համագործակցութիւն մը չունի` աւելցնելով, որ այդպիսի համագործակցութեան մը պարագային այդ պայքարը աւելի ազդու պիտի դառնայ:

Միւս կողմէ, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնած են, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանց Վալթեր Շթայնմայեր եւ Քերրի ճշդած են սուրիական տագնապէն դուրս գալու եւ դէպի Եւրոպա եւ Գերմանիա ուղղուող սուրիացի տեղահանուածներու հոսքին վերջ տալու ճամբու քարտէս մը, որուն ծիրին մէջ շրջանի շարք մը առանցքային երկիրներ կը մասնակցին այս ողբերգութեան լուծման նոր ջանքի մը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտնեց, որ Ուաշինկթընի կեցուածքը Սուրիոյ նկատմամբ ռուսական կեցուածքին առնչութեամբ նուազ չափով մերժողական դարձած է:

 

Նախորդը

«ԵԱՀԿ Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ազրպէյճան Դէտեր Պիտի Չուղարկէ» Կ՛ըսէ Քաներվա

Յաջորդը

Օպամա Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ Պիտի Քննարկէ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին Հարցը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.