Միջազգային

Յունաստանի Խորհրդարանական  Ընտրութիւններ.  Սիրիզա Դարձեալ Յաղթական

Յունաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Սիրիզա Դարձեալ Յաղթական

Ցիփրաս կը տօնէ իր կուսակցութեան յաղթանակը Երէկ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ, որոնք վերջին վեց տարուան ընթացքին իրենց տեսակին մէջ հինգերորդ էին: Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած նախնական տուեալները ցոյց տուին, որ արմատական ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութիւնը ապահոված է քուէներուն 35 առ հարիւրը, իսկ պահպանողական Նոր Ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը` 28¬ը: Վերջինիս ղեկավարը անմիջապէս ընդունեց իր կուսակցութեան պարտութիւնը: Նշեալ արդիւնքին լոյսին...

Քերրի. «Ասատ Պէտք Է Հեռանայ,  Սակայն Ոչ Անպայման Անմիջապէս»

Քերրի. «Ասատ Պէտք Է Հեռանայ, Սակայն Ոչ Անպայման Անմիջապէս»

Ճոն Քերրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Լոնտոնի մէջ իր բրիտանացի պաշտօնակից Ֆիլիփ Համընտի հետ հանդիպումէն ետք խօսելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման մասին յայտարարեց, որ ատիկա «պայման չէ, որ տեղի ունենայ առաջին օրը կամ առաջին ամիսը... գոյութիւն ունի հոլովոյթ մը, որ պէտք է համախմբէ բոլոր կողմերը, ատիկա լաւագոյն կերպով իրագործելու կարելիութեան շուրջ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնելու համար»`...

Էրտողան-Հոլլանտ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն

Էրտողան-Հոլլանտ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Երուսաղէմի մէջ Աքսայի մզկիթին մօտ տեղի ունեցած բախումներուն հարցը: Էրտողան միջազգային ընտանիքին յորդորած է Իսրայէլի գործողութիւններուն դէմ միջոցառումներու ձեռնարկել: Հոլլանտ յայտնած է, որ կատարուածը զինք եւս կը մտահոգէ եւ առաջարկուող հաւանական լուծումին ինք եւս պատրաստ...

Սպիտակ Տունը Պատրաստ Է Մոսկուայի Հետ  Բանակցութիւններու  Սկսելու Սուրիոյ Խնդիրին Շուրջ

Սպիտակ Տունը Պատրաստ Է Մոսկուայի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու Սուրիոյ Խնդիրին Շուրջ

Ճոշ Ըռնեսթ «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտարարած է, որ նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմը պատրաստ է Ռուսիոյ հետ «մարտավարական, գործնական քննարկումներու» սկսելու Սուրիոյ մէջ գործողութիւններու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար: Քրեմլին երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ պատրաստ է Սուրիա ուժեր ուղարկելու հարցը ուսումնասիրելու, եթէ Դամասկոս այդպիսի պահանջ մը ներկայացնէ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի...

Յունաստանի Մէջ Ընտրութիւններու  Նախօրեակին Կատարուած  Հարցախոյզի Մը Համաձայն.  Սիրիզա Առաջին Դիրքի Վրայ

Յունաստանի Մէջ Ընտրութիւններու Նախօրեակին Կատարուած Հարցախոյզի Մը Համաձայն. Սիրիզա Առաջին Դիրքի Վրայ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ «Խմբագիրներու թերթը»` յղում կատարելով «Փրորաթա» ընկերութեան պատուէրով կատարուած հասարակական կարծիքի հարցախոյզին, կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն 4 օր առաջ արմատական ձախ Սիրիզա կուսակցութիւնը 4 առ հարիւրով կը գերազանցէ պահպանողական աջ կեդրոնամէտ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը: 15 սեպտեմբերին, երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Վանկելիս Մէյմարաքիսի միջեւ տեղի ունեցած պատկերասփռուած բանավէճէն մէկ օր ետք կատարուած...

Մոսկուա. «Ասատի Վարչակազմին  Չենք Աջակցիր, Այլ Կը Ջանանք Սուրիական  Պետութիւնը Պաշտպանել»

Մոսկուա. «Ասատի Վարչակազմին Չենք Աջակցիր, Այլ Կը Ջանանք Սուրիական Պետութիւնը Պաշտպանել»

Մարիա Զախարովա Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Մոսկուան Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին չ՛աջակցիր, այլ կը ջանայ պաշտպանել սուրիական պետութիւնը»: «Մոսկուայի` Դամասկոսին տրամադրած զինուորական աջակցութեան նպատակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է եւ շրջանին մէջ ամբողջական աղէտի կանխարգիլումը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մոսկուա պատրաստ է սուրիական ուժերուն իր տրամադրած զինուորական աջակցութեան մասին պատշաճ խողովակներու միջոցով տեղեկութիւններ փոխանցելու»: Ան Միացեալ Նահանգները...

Եւրոպայի Ղեկավարները Կը Քննարկեն  Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Եւրոպայի Ղեկավարները Կը Քննարկեն Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակը

Անն Պրասոր «Արմէնփրես»` վկայակոչելով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Անն Պրասորը, Եւրոպական խորհրդարանի ղեկավար Մարթին Շուլցը եւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հանը 17 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած են Սթրազպուրկի մէջ: Հանդիպումին մասնակցած են երկու խորհրդարանական կառոյցներու քաղաքական խմբակցութիւններու ղեկավարները եւս: Հանդիպումին մասնակիցները քննարկած են Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները, ինչպէս...

Ազրպէյճան Կը Կասեցնէ Եւրոպական  Միութեան Հետ Միջխորհրդարանական  Համագործակցութիւնը

Ազրպէյճան Կը Կասեցնէ Եւրոպական Միութեան Հետ Միջխորհրդարանական Համագործակցութիւնը

Իլհամ Ալիեւ Vesti.ru կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան կը կասեցնէ Եւրոպական Միութեան հետ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը` Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու մասին Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած բանաձեւէն ետք: Եւրոպական խորհրդարանը խիստ ոճի բանաձեւ որդեգրած էր Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին մասին: Եւրոպացի պաշտօնեաները ազրպէյճանական իշխանութիւններէն պահանջած են ազատ արձակել ազրպէյճանցի որոշ բանտարկեալներ, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած միջազգային դէտեր չուղարկելու այդ երկրին մէջ տեղի ունենալիք...

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը  Տագնապի Քաղաքական Լուծման Մուտքի Դարպասն Է»  Կ՛ըսէ Մուալլեմ

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Տագնապի Քաղաքական Լուծման Մուտքի Դարպասն Է» Կ՛ըսէ Մուալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց. «Առաջնահերթութիւնը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցն է, որովհետեւ տագնապի քաղաքական լուծման մուտքի դարպասն է եւ կը բաւարարէ սուրիացի ժողովուրդի ապահովութեան ու կայունութեան հաստատման ձգտումները»: Ան ընդգծեց երկու կողմերուն միջեւ այդ հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի շրջանային ու...

Ըստ «Հայաթ» Օրաթերթին.  Իրաքեան Ապահովական Մարմինները  Կը Սպասեն Միջնորդութեանց Ճամբով  Թուրք Աշխատաւորներու Ազատ Արձակման

Ըստ «Հայաթ» Օրաթերթին. Իրաքեան Ապահովական Մարմինները Կը Սպասեն Միջնորդութեանց Ճամբով Թուրք Աշխատաւորներու Ազատ Արձակման

Ապահովական աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ իրաքեան գաղտնի սպասարկութիւնները կասկած չունին, որ առեւանգեալ թուրք աշխատաւորները հաւանաբար կը գտնուին Պաղտատի Զայունա, Պալատիյէթ կամ Քամալիյէ շրջաններէն մէկուն մէջ` նշելով, որ անոնցմէ երկուքին Պասրայի մէջ ազատ արձակումը պարզապէս առեւանգողներուն կողմէ պատգամ մըն է, որուն նպատակը մէկ կողմէ ապահովական ուժերը ապակողմնորոշել է, միւս կողմէ` երկու առեւանգեալները տասնեակներով անցարգելներ շրջանցելով Պաղտատէն Պասրա փոխադրելով իրենց...

«Սուրիոյ Տագնապին Լուծման  Մեր Նախաձեռնութիւնը  Կեանքի Պիտի Կոչուի Ռուսիոյ Հետ  Խորհրդակցութիւններէ Ետք»  Ըսաւ Ապտելլահեան

«Սուրիոյ Տագնապին Լուծման Մեր Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Պիտի Կոչուի Ռուսիոյ Հետ Խորհրդակցութիւններէ Ետք» Ըսաւ Ապտելլահեան

Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերու օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան յայտնեց. «Սուրիական տագնապին լուծման իրանեան նախաձեռնութիւնը կեանքի պիտի կոչուի յառաջիկայ օրերուն` ռուս պաշտօնատարներու հետ նախատեսուած խորհրդակցութիւններէն ետք»: Ան նշեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ անցեալ ամիս Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին այդ նախաձեռնութիւնը ներկայացուցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին, որ զայն ողջունած է...

Իրաքի Մէջ Առեւանգուած 18 Թուրք Աշխատաւորներէն  Երկուքը Ազատ Արձակուած Են

Իրաքի Մէջ Առեւանգուած 18 Թուրք Աշխատաւորներէն Երկուքը Ազատ Արձակուած Են

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ պաշտօնական այցելութեամբ Պաքու գտնուող նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ յայտարարած է, որ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ առեւանգուած 18 աշխատաւորներէն երկուքը ազատ արձակուած են: Ան յայտնած է նաեւ ազատ արձակուած աշխատաւորներուն անունները` աւելցնելով, որ անոնք ազատ արձակուած են Պասրա քաղաքին մէջ: Նախապէս թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը յայտնած էր,...

«Տեղահանուածներու Տագնապը Վատթարացաւ  Եւ Դարմանման Համար Եւրոպայի Հետ  Գործակցութեան Կը Կարօտի»  Կ՛ըսէ Օպամա

«Տեղահանուածներու Տագնապը Վատթարացաւ Եւ Դարմանման Համար Եւրոպայի Հետ Գործակցութեան Կը Կարօտի» Կ՛ըսէ Օպամա

Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ տեղահանուածներու տագնապը վատթարացած է` աւելցնելով, որ ճգնաժամը լուծուելու համար եւրոպական երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գործակցութեան կը կարօտի: Ան նշեց, որ գործակցութիւնը պէտք է ներառէ նաեւ տեղահանուածներու ճգնաժամի աղբիւրը եւ Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծումը: «Կարեւոր է, որ Միացեալ Նահանգներ սուրիացի տեղահանուածներէն իրենց բաժինը ստանձնեն», ըսաւ ան:

Իսրայէլեան Ուժեր Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Ներխուժեցին Աքսայի Մզկիթ

Իսրայէլեան Ուժեր Երկրորդ Օրն Ըլլալով Ներխուժեցին Աքսայի Մզկիթ

Իսրայէլեան ուժերը երկրորդ օրն ըլլալով ներխուժեցին Աքսայի մզկիթ եւ խոշտանգեցին այդտեղ հերթապահութիւն կատարողները: Գործողութեան ընթացքին իսրայէլացի արձակազէններ բարձրացած էին մօտակայ շէնքերու տանիքները: Իսրայէլեան ուժերը նաեւ փակեցին մզկիթին դռները եւ նամազ կատարել փափաքողներուն արգելք հանդիսացան մուտք գործել մզկիթ: Իսրայէլեան ուժերը մզկիթին մէջ յառաջանալով հասան մինչեւ Սալահէտտինի բեմահարթակը եւ պաշարեցին մզկիթի դարմանատան մէջ վիրաւորներ դարմանող բժիշկներն ու ձերբակալեց անոնցմէ ոմանք: Երուսաղէմի կառավարիչ...

«Մենք Սուրիական Կառավարութեան  Կ՛աջակցինք Եւ Պիտի Շարունակենք  Զինուորական Աջակցութիւն Տրամադրել»  Ըսաւ Փութին

«Մենք Սուրիական Կառավարութեան Կ՛աջակցինք Եւ Պիտի Շարունակենք Զինուորական Աջակցութիւն Տրամադրել» Ըսաւ Փութին

Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքը շրջանցեց Իրաքն ու Սուրիան եւ այլեւս կը սպառնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններուն»: Ան մտահոգութիւն յայտնեց ժիհատական զինեալներուն Ռուսիա վերադարձին նկատմամբ: Ռուսիոյ նախագահը յայտարարեց, որ «մենք սուրիական կառավարութեան կ՛աջակցինք եւ պիտի շարունակենք անոր զինուորական աջակցութիւն տրամադրել»` աւելցնելով. «Եթէ Սուրիոյ չաջակցէինք, այդտեղ կացութիւնը Լիպիոյ կացութենէն աւելի վատ պիտի ըլլար»: «Կարելի չէ...

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Կարելի Է  Վերջ Տալ Միայն Քաղաքական Լուծման Ճամբով»  Ըսաւ Տը Միսթուրա

«Սուրիոյ Մէջ Ահաբեկչութեան Կարելի Է Վերջ Տալ Միայն Քաղաքական Լուծման Ճամբով» Ըսաւ Տը Միսթուրա

Սթեֆան Տը Միսթուրա Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան Տը Միսթուրա շեշտեց. «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան կարելի է վերջ տալ միայն քաղաքական լուծումի մը գոյացման ճամբով»: Ան յայտնեց, որ պէտք է Սուրիոյ մէջ հասնիլ քաղաքական լուծումի մը, որ կը պահպանէ պետութեան հաստատութիւնները` «կանխարգիլելու համար Լիպիոյ մէջ պատահածին կրկնութիւնը»: Ան նշեց, որ Սուրիոյ մէջ տագնապին ռազմականացման կարելիութիւնը աւելի մեծ է, քան քաղաքական...

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Իրանէն  Կը Պահանջեն Դադրեցնել Արաբական Պետութեանց  Ներքին Հարցերուն Իր Միջամտութիւնը

Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Իրանէն Կը Պահանջեն Դադրեցնել Արաբական Պետութեանց Ներքին Հարցերուն Իր Միջամտութիւնը

Արաբ արտաքին գործոց նախարարները Գահիրէի մէջ իրենց ժողովին աւարտին Իրանէն պահանջեցին դադրեցնել արաբական պետութիւններու ներքին հարցերուն իր միջամտութիւնը` նշելով, որ այդ միջամտութիւնը կ՛արգելակէ շրջանին մէջ վստահութեան մթնոլորտի կառուցումը եւ կը սպառնայ շրջանի կայունութեան: Արաբ նախարարները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին սուրիական տագնապին եւ անոր վտանգաւոր հետեւանքներուն, ինչպէս` Սուրիոյ եւ դրացի երկիրներուն մէջ գաղթականներու եւ տեղահանուածներու թիւի աճին առնչութեամբ,...

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը «Խիստ  Վիրաւորական» Բնութագրած Է  Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը «Խիստ Վիրաւորական» Բնութագրած Է Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի խորհրդարանը 14 սեպտեմբերի նիստին ընթացքին որդեգրած է որոշում մը, որուն մէջ 10 սեպտեմբերին Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւը «խիստ վիրաւորական» բնութագրած է: Որոշման մէջ կը նշուի, թէ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը կը վկայէ, որ Արեւմուտքին մէջ Ազրպէյճանը «վարկաբեկելու արշաւ» սկսած է: Կը նշուի նաեւ, որ այն բանէն ետք, երբ Եւրոպական խորհրդարանը անցեալ տարուան սեպտեմբերին...

Գերմանիա Կը Կասեցնէ  Իր Մասնակցութիւնը Շենկենի  Համաձայնագիրին

Գերմանիա Կը Կասեցնէ Իր Մասնակցութիւնը Շենկենի Համաձայնագիրին

«Տեր Շփիկըլ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տէ Մեզիեր յայտարարած է, որ Գերմանիա հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն գաղթականներու ներհոսքին պատճառով կը վերականգնէ սահմանային հսկողութիւնը: Առանձնակի ուշադրութիւն պիտի դարձուի Աւստրիոյ վրայ: «Տեր Շփիկըլ»-ի տուեալներով` կառավարութիւնը կը քննարկէ սահման զինուորներ ուղարկելու կարելիութիւնը: «Այս միջոցառումները նպատակաուղղուած են այն բանին, որ կրճատուի գաղթականներու հոսքը եւ վերականգնի եկուորներու արձանագրման բնականոն...

Քոնկրեսին Ներկայացուած Է Միջին Արեւելքի  Փոքրամասնութիւններու Ճնշումը  Ցեղասպանութիւն Նկատող Բանաձեւ Մը

Քոնկրեսին Ներկայացուած Է Միջին Արեւելքի Փոքրամասնութիւններու Ճնշումը Ցեղասպանութիւն Նկատող Բանաձեւ Մը

Աննա Էշու «Սի.Էն.Էս.նիուզ» կայքը կը հաղորդէ, որ քոնկրեսականներ Աննա Էշու եւ Ճեֆ Ֆորթենպերի Քոնկրեսին ներկայացուցած են բանաձեւ մը` պահանջելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու դէմ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գործուող արարքները կոչել ցեղասպանութիւն: «Բանաձեւի նախագիծը կոչ կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները անուանել ցեղասպանութիւն: Ցեղասպանութիւն, որովհետեւ քրիստոնէական հնադարեան համայնքները իսկապէս կ՛ոչնչացուին, եւ այնտեղ կան մեծ թիւով այլ հաւատացեալներ...

Page 831 of 882 1 … 830 831 832 … 882

Արխիւներ