Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցիփրաս Ստանձնեց Յունաստանի Վարչապետի Պարտականութիւնները

Սեպտեմբեր 23, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալեքսիս Ցիփրաս
Ալեքսիս Ցիփրաս

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի ժամանակաւոր կառավարութեան ղեկավար Վասիլիքի Թանու-Խրիսթոֆիլու գործերը փոխանցած է երկրի նոր վարչապետ, խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած Սիրիզա կուսակցութեան ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրասին: Գործերու յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցած է կառավարութեան նստավայրին մէջ` Ցիփրասի երդման արարողութենէն քիչ ետք:

«Կը կարծեմ, որ մեր երկիրը կրնայ դուրս գալ այն դժուարութիւններէն, որոնք անոր վիճակուած են վերջին հինգ տարուան ընթացքին, եւ ատիկա մեր սեփական պարտականութիւնն է: Մենք պէտք է կարելի ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեր երկիրը եւ ժողովուրդը յաղթահարեն դժուարութիւնները եւ երկիրը վերստին ուժեղ, լիիրաւ գործընկեր դառնայ Եւրոպական Միութեան մէջ, իսկ ժողովուրդը` հպարտ ու արժանապատիւ», յայտարարած է վարչապետը:

Խօսելով տեղահանուածներու խնդիրին մասին` ան նշած է, որ Յունաստանը հարկադրուած եղած է լուծել եւրոպական հիմնախնդիրը: «Յունաստանը առաջին ապաստանի երկիրն է, Եւրոպան մինչեւ հիմա, ցաւօք, հոգ չէ ըրած այն մասին, որ ընդունող երկիրները պաշտպանէ տեղահանուածներու ալիքէն, որ անվերահսկելի չափերու հասած է», ըսած է Ցիփրաս:

Սիրիզա 20 սեպտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հաւաքած էր քուէներուն 35,46 առ հարիւրը: Հաշուի առնելով յաղթողին տրուող 50 յաւելեալ աթոռներու իրողութիւնը, կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ ապահոված է 145 աթոռ: Անոր գլխաւոր մրցակիցը` աջ կեդրոնամէտ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը ստացած է քուէներու 28,09 առ հարիւրը (75 աթոռ), Անկախ յոյներ կուսակցութիւնը` 3,69 առ հարիւրը (10 աթոռ): Այսպիսով Սիրիզան եւ Անկախ յոյները միասնաբար խորհրդարանին մէջ կ՛ունենան 155 աթոռ, որ անոնց համար կ՛ապահովէ մեծամասնութիւն, որովհետեւ կառավարութեան ձեւաւորումը 300 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ 151 երեսփոխան կը պահանջէ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հարցազրոյցներ Ունեցաւ Զուիցերիոյ Չորս Կարեւոր Թերթերուն Հետ

Յաջորդը

«Իրան Պատրաստ Է Ռուսիոյ Հետ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ճակատ Կազմելու» Կ՛ըսէ Ապտելլահեան

RelatedPosts

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ  Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորելու,  Սակայն Ոչ Ի Վնաս Ռուսական Շահերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին. Թրամփ-Փութին Հանդիպումի Չեղեալ Նկատուելուն Պատճառը Մոսկուայի` Ուաշինկթընին Յղած Յուշագիրն Է

Նոյեմբեր 1, 2025
Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը  Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Գլխաւոր լուրեր

Աֆղանիստանն Ու Փաքիստանը Զինադադարը Երկարաձգելու Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են

Նոյեմբեր 1, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?