Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱԿ-ը Հրապարակած Է Խաղաղութեան Համար Իր Երեք Պայմանները

September 24, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ալի Հայտար Քայթան
Ալի Հայտար Քայթան

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ ինքնավարութեան համար պայքարող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալ թեւը հրապարակած է երկրին մէջ խաղաղութեան եւ հաշտութեան համար իր երեք պայմանները` սպառնալով, որ հակառակ պարագային քիւրտերուն պայքարը պիտի շարունակուի յաւելեալ 30 տարի:

Հիւսիսային Իրաքի Կորդուաց լեռներուն վրայ ՔԱԿ-ի ռազմակայաններէն մէկուն մէջ քիւրտ ղեկավար Ալի Հայտար Քայթանի հետ զրոյցի մը ընթացքին վերջինս ըսած է, որ յուլիսէն ի վեր թուրք-քրտական բախումներու վերսկսման մեղաւորը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է: ՔԱԿ-ի հիմնադիրներէն Քայթան նշած է, որ տարիներու ընթացքին կազմակերպութիւնը փոխած է իր դիրքորոշումը, եւ այժմ կը ձգտի Թուրքիոյ տարածքին մէջ ոչ թէ անկախ Քիւրտիստան, այլ քրտական ինքնավարութիւն ստեղծելու:

«Մենք միայն ինքնավարութիւն կ՛ուզենք ստեղծել: Մարտերու վերսկսման միակ մեղաւորը Էրտողանն է: ՔԱԿ-ի յարձակումները միայն պատասխան են Թուրքիոյ անվտանգութեան ուժերու յարձակումներուն: Էրտողան մեր դէմ պատերազմ յայտարարած է, եւ մենք մեզ կը պաշտպանենք», ըսած է ան:

Ըստ Քայթանի, քիւրտերուն եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղ բանակցութիւնները կրնան վերականգնիլ, եթէ թրքական բանակը դադրեցնէ յարձակումները, բանտէն ազատ արձակուի ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան եւ չէզոք որեւէ երկիր միջնորդութիւն ստանձնէ թրքական պետութեան եւ քիւրտերուն միջեւ: «Օրինակ` իբրեւ միջնորդ կրնան հանդէս գալ Միացեալ Նահանգները: Այլ տարբերակ չկայ: ՔԱԿ-ի նոր մարտիկները աւելի արմատական են: Հաշտութեան համար իբրեւ տարեց սերունդ մենք վերջին կարելիութիւնն ենք Անգարայի համար: Հակառակ պարագային, պայքարը պիտի շարունակուի յաւելեալ 30 տարի», ըսած է Քայթան:

 

Նախորդը

«Փըթի Ներսէսը Կը Ճանչնայի՞ր…»

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Վերականգնուած Մեծ Մզկիթին

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.