Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Պատրաստ Է Ռուսիոյ Հետ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ճակատ Կազմելու» Կ՛ըսէ Ապտելլահեան

September 23, 2015
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան
Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտելլահեան Մոսկուայի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Միխայիլ Պոկտանովի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման որեւէ ծրագիր պէտք է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը ներառէ լուծման մէջ»:

Ան նշեց, որ Պոկտանովի հետ քննարկած է Սուրիոյ տագնապի լուծման Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի ներկայացուցած գաղափարները, ինչպէս նաեւ այդ առնչութեամբ Ասատի ներկայացուցած «շատ հետաքրքրական գաղափարները»:

«Ռուսիա եւ Իրան մտադիր են իրենց բոլոր կարելիութիւնները օգտագործելու` Սուրիան դուրս բերելու համար տագնապէն», ըսաւ Ապտելլահեան` նշելով. «Քաղաքական հոլովոյթն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը պիտի կատարուին զուգահեռ կերպով»:

«Իրան պատրաստ է Ռուսիոյ հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ճակատ կազմելու», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք կ՛ողջունենք ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ճակատ կազմելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջարկը եւ պատրաստ ենք այդ նախաձեռնութեան գործադրութեան եւ գործակցութեան համար»:

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս եւրոպական շարք մը օրաթերթերու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար Ասատի հեռացումը նախապայման նկատելը «իրատեսական չէ»` նշելով, որ լուծումը վարչակարգէն եւ ահաբեկչութիւնը մերժող ընդդիմութենէն կողմեր ներառող «ազգային միութեան կառավարութեան» կազմութեան ճամբով է:

ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել սուրիական բանակն ու պետութեան այլ սիւները, որպէսզի կարգ ու կանոնը չքանդուի, ինչպէս տեղի ունեցաւ Իրաքի մէջ:

«Ռուսիա արաբերէնով» կայքը հաղորդեց, որ ռուսական բանակի մասնայատուկ ուժերու 95 հազար անդամներ սկսած են մարզուիլ Սուրիոյ մէջ միջամտութիւն կատարելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար:

Գործակալութիւնը աւելցուց, որ հոկտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին նշեալ գործողութեան պիտի մասնակցին 170 կործանիչներ եւ 700 զրահապատ մեքենայ ու հրետանի:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆալըն յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ քայլերը կացութիւնը աւելի բարդացուցած են:

Նախորդը

Ցիփրաս Ստանձնեց Յունաստանի Վարչապետի Պարտականութիւնները

Յաջորդը

Իսրայէլեան Ուժեր Խիստ Հսկողութիւն Կը Կատարեն «Կապոյտ Գիծ»-ի Տարածքին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.