Միջազգային

Հերքելով Եգիպտոս-Թուրքիա Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Բանակցութիւններու Լուրերը.  «Թուրքիան Կը Խախտէ Եգիպտոսի Կայունութիւնը»  Կ՛ըսէ Շուքրի

Հերքելով Եգիպտոս-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Բանակցութիւններու Լուրերը. «Թուրքիան Կը Խախտէ Եգիպտոսի Կայունութիւնը» Կ՛ըսէ Շուքրի

Սամիհ Շուքրի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շուքրի եգիպտական «Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիան մեղադրած է իր երկրի ներքին գործերուն միջամտելուն մէջ` հերքելով այն լուրերը, թէ Եգիպտոս վերականգնած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու բանակցութիւնները: Շուքրի ըսած է. «Թուրքիան չի հետեւիր այլ երկիրներու ներքին գործերուն չմիջամտելու միջազգային կանոններուն: Թուրքիան մեր ներքին ահաբեկիչներուն հետ համագործակցելու միջոցով Եգիպտոսի կայունութիւնը խախտելուն ուղղուած...

Արեւելեան Հոլանտայի Մէջ Տեղահանուածներու  Հիւրընկալման Ծրագիրին Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Արեւելեան Հոլանտայի Մէջ Տեղահանուածներու Հիւրընկալման Ծրագիրին Դէմ Բողոքի Ցոյցեր

Հոլանտական լրատուամիջոցներ եւ քաղաքապետական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ արեւելեան Հոլանտայի մէջ գտնուող Հիշ քաղաքին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ, որոնք կը բողոքէին յառաջիկայ 10 տարուան ընթացքին քաղաքին մէջ 500 տեղահանուածներ հիւրընկալելու ծրագիրին դէմ: Բախումներէն քանի մը ժամ առաջ ծայրայեղ աջակողմեան երեսփոխան Կերթ Վիլտըրզ կոչ ուղղած էր` տեղահանուածները բանտարկելու հիւրընկալման կեդրոններու մէջ` պաշտպանելու համար կիները, որոնք, ըստ...

Քաթալոնիան 17-րդ Անգամ Ըլլալով Անկախութեան  Հանրաքուէի Հարցով Դիմած Է  Սպանիոյ Իշխանութիւններուն

Քաթալոնիան 17-րդ Անգամ Ըլլալով Անկախութեան Հանրաքուէի Հարցով Դիմած Է Սպանիոյ Իշխանութիւններուն

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Ռաուլ Ռոմէա յայտարարած է, որ Սպանիոյ Քաթալոնիա երկրամասի իշխանութիւնները 17-րդ անգամ ըլլալով դիմած են Սպանիոյ իշխանութիւններուն` անկախութեան հարցով հանրաքուէ կատարելու խնդրանքով: Ան նշած է, որ իրենց` Քաթալոնիոյ իշխանութիւններուն, «ոչ ոք կը լսէ»:  

Թրքական Բանակը Հակադարձեց Քիլիսի Դէմ  Արձակուած Հրթիռներուն

Թրքական Բանակը Հակադարձեց Քիլիսի Դէմ Արձակուած Հրթիռներուն

Թրքական բանակը հակադարձեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ սուրիական կողմէն արձակուած հրթիռներուն, որոնցմէ մէկը ինկաւ Քիլիս նահանգին մէջ գտնուող դպրոցի մը վրայ եւ պատճառեց երկու զոհ: Ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ թրքական բանակի ռատարները ճշդած են սուրիական հողերէն «Քաթիուշա» տիպի երեք հրթիռներու արձակման դիրքը, որմէ ետք թրքական բանակը զայն քանդած է:

Շուքրի-Չաւուշօղլու Հանդիպումի Մը  Շուրջ Նախնական Համաձայնութի՞ւն.  Անգարա Եգիպտոսը Հրաւիրած Է Մասնակցելու  Իսլամական Համագործակցութեան  Խորհուրդի Վեհաժողովին

Շուքրի-Չաւուշօղլու Հանդիպումի Մը Շուրջ Նախնական Համաձայնութի՞ւն. Անգարա Եգիպտոսը Հրաւիրած Է Մասնակցելու Իսլամական Համագործակցութեան Խորհուրդի Վեհաժողովին

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Ռախա Ահմետ Հասան յայտնեց, որ Թուրքիոյ` Եգիպտոսը Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովին հրաւիրելը «բնական է, սակայն աւելի տրամաբանականը Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի այդ հրաւէրին չընդառաջելն է, քանի տակաւին Եգիպտոսի նկատմամբ թրքական քաղաքականութիւնը կ՛ընթանայ Եգիպտոսի պետութեան չաջակցող ուղղութեամբ»: «Որովհետեւ Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովը կը գումարուի Պոլսոյ մէջ` ժողովին Սիսիի ներկայութիւնը կարելի...

Ֆրանսա Կ՛ուզէ Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ  Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

Ֆրանսա Կ՛ուզէ Իրանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

Լորան Ֆապիւս «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարած է, որ Ֆրանսան պատրաստ է Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ լարուածութիւնը մեղմացնելու գործին մէջ միջնորդներէն մէկը դառնալու: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը ըսած է. «Մենք պիտի փորձենք հասնիլ լարուածութեան մեղմացման»: Ֆապիւս այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն պիտի մեկնի Ռիատ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սէուտական...

«Միացեալ Նահանգներ Իրանի Կառուցողական  Մօտեցումը Կ՛ակնկալեն  Շրջանի Խնդիրներու Լուծման Մէջ»  Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

«Միացեալ Նահանգներ Իրանի Կառուցողական Մօտեցումը Կ՛ակնկալեն Շրջանի Խնդիրներու Լուծման Մէջ» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբերը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի կառուցողական մօտեցումը կ՛ակնկալեն շրջանի հիմնախնդիրներու լուծման հոլովոյթին մէջ: Ան ըսած է, որ Թեհրան ատիկա կրնայ ցուցադրել սուրիական տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին: «Սուրիոյ կացութեան շուրջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կը պահպանուին էական տարակարծութիւնները: Մեր կարծիքով` շրջանային հիմնախնդիրներու լուծման համար կառուցողական կերպով աշխատելու Իրանի ցանկութեան ստուգումը ժամանակի...

Իրան Կը Մերժէ Ամերիկեան  Նոր Պատժամիջոցները

Իրան Կը Մերժէ Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Ամերիկեան նոր պատժամիջոցներուն մեր հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ հրթիռային մեր ծրագիրը եւ պաշտպանական մեր կարողութիւնները ամրապնդելու միջոցով»` աւելցնելով. «Իրանի հրթիռային ծրագիրը չի հակասեր միջազգային արժեչափերուն, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներու կառոյցը փուլ եկաւ եւ զայն կարելի չէ վերակառուցել»: Նախարարութիւնը նշեց, որ իրանեան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն լրջօրէն օգտուիլ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան ստեղծած նոր կացութենէն` աւելցնելով, որ Միացեալ...

Միացեալ Նահանգներ Իրանին Պիտի Վճարեն  1,7 Միլիառ Տոլարի Պարտք Եւ Տոկոսներ

Միացեալ Նահանգներ Իրանին Պիտի Վճարեն 1,7 Միլիառ Տոլարի Պարտք Եւ Տոկոսներ

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ Թեհրանին պիտի վճարեն 1,7 միլիառ տոլարի պարտքը: Լրատուամիջոցները կը մանրամասնեն, որ խօսքը Թեհրանին ունեցած 400 միլիոն տոլար պարտքին մասին է, որ սառեցուած էր 1981-էն: Այժմ ատոր գումարուած են այս տարիներուն ընթացքին կուտակուած տոկոսները, որոնք կը կազմեն 1,3 միլիառ տոլար: Օրին Իրան 400 միլիոն տոլարի գումարով Միացեալ Նահանգներէն սպառազինութիւն պիտի գնէր, սակայն հետագային...

Ռուսիոյ Փոխվարչապետը Կը Յայտարարէ.  «Ռուսիա Պատրաստ Է Քննարկելու Եւրասիական  Տնտեսական Միութեան Եւ Հոնկ Քոնկի Միջեւ  Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Հարցը»

Ռուսիոյ Փոխվարչապետը Կը Յայտարարէ. «Ռուսիա Պատրաստ Է Քննարկելու Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Եւ Հոնկ Քոնկի Միջեւ Ազատ Առեւտուրի Գօտիի Ստեղծման Հարցը»

Արկադի Տվորքովիչ ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Արկադի Տվորքովիչ` Հոնկ Քոնկի մէջ ընթացող Ասիական ելեւմտական խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պատրաստ է քննարկելու Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հոնկ Քոնկի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման հարցը: «Մենք վերջերս ստորագրած ենք առաջին համաձայնագիրը Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Վիեթնամի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին, այժմ բանակցութիւններ կը վարենք Իսրայէլի հետ: Մենք...

Միացեալ Նահանգները Եւ Եւրոպական Միութիւնը  Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարեցին

Միացեալ Նահանգները Եւ Եւրոպական Միութիւնը Իրանի Դէմ Պատժամիջոցները Չեղեալ Յայտարարեցին

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարած են Իրանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները վերցնելու մասին: Որոշումը յայտարարուած է 16 յունուարի ուշ երեկոյեան` Վիեննայի մէջ: Քերրին եւ Մոկերինին ելոյթ ունեցած են, երբ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանօ հանդէս եկած էր անցեալ տարուան յուլիսին Իրանի կողմէ Հիւլէական...

Իրան Ազատ Արձակած Է  «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Լրագրողը

Իրան Ազատ Արձակած Է «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Լրագրողը

Թեհրան ազատ արձակած է «Ուաշինկթըն փոսթ»-ի լրագրող Ճէյսոն Ռեզայեանը եւ երկքաղաքացիութիւն` իրանական եւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող եւս երեք անձ, Միացեալ Նահանգներու եւ  Իրանի միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման համաձայնութեան ծիրին մէջ, Ուաշինկթըն 7 իրանցիներ ազատ արձակած է: Ռեզայեան, որ «Ուաշինկթըն փոսթ»-ի Թեհրանի գրասենեակի ղեկավարն է, լրտեսութեան մեղադրանքով բանտարկուած էր աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր: Ան  եւ «Ուաշինկթըն փոսթ»-ը բազմիցս հերքած են...

Քաթալոնիոյ Նոր Ղեկավարը Բացառած Է  Միակողմանի Կարգով Անկախութեան Հռչակումը

Քաթալոնիոյ Նոր Ղեկավարը Բացառած Է Միակողմանի Կարգով Անկախութեան Հռչակումը

Քարլես Փուչտեմոն ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ ինքնավար կառավարութեան նոր նախագահ Քարլես Փուչտեմոն «Թէ.Վէ.3» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Քաթալոնիոյ իշխանութիւնները միակողմանի կերպով Սպանիայէն անկախութիւն պիտի չհռչակեն: «Մեր ընտրական խոստումը չէ եղած անկախութեան միակողմանի հռչակումը», ըսաւ ան` նշելով, որ ներկայիս իր նպատակը մարզի սահմանադրութեան մէջ փոփոխութիւններ կատարելն է: Բացի ատկէ, Քաթալոնիոյ ղեկավարը պնդած է, որ ըստ...

Անգլիա Շուտով Կրնայ Ունենալ  Իր Սեփական Քայլերգը

Անգլիա Շուտով Կրնայ Ունենալ Իր Սեփական Քայլերգը

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու տան անդամները պաշտպանած են Անգլիոյ պաշտօնական ազգային քայլերգի ստեղծման գաղափարը` առաջին ընթերցումով հաւանութիւն տալով համապատասխան օրինագիծին: Այժմ գրեթէ Անգլիոյ բոլոր մարզական խումբերու մրցումներուն ընթացքին կը հնչէ «Աստուա՜ծ պահպանէ թագուհին» համաբրիտանական պետական քայլերգը: Սակայն ինչպէս Չեսթըրֆիլտէն ընտրուած աշխատաւորական երեսփոխան Թոպի Փըրքինզ խորհրդարանին մէջ յայտարարած է, Անգլիան կարիքը ունի սեփական քայլերգի: Անգլիոյ ազգային քայլերգին մասին...

Ռուսիոյ Մէկ Շրջանի Իշխանութիւնները  Հրկիզած Են «Ռուսական  Գաղափարախօսութեան Համար Խորթ» Գիրքեր

Ռուսիոյ Մէկ Շրջանի Իշխանութիւնները Հրկիզած Են «Ռուսական Գաղափարախօսութեան Համար Խորթ» Գիրքեր

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ հիւսիսարեւմտեան Քոմի շրջանին մէջ իշխանութիւնները հրկիզած են 50 գիրքեր, որոնք «խորթ են ռուսական գաղափարախօսութեան»: Բացի ատկէ, 500 հատոր ալ հեռացուած է տեղւոյն երկու բարձրագոյն վարժարաններուն գրադարաններէն: Խօսքը հիմնականին մէջ ուսումնական նիւթերու մասին է: Կը նշուի, որ գիրքերը հրատարակած էր «Սորոս»-ի հիմնադրամը, որ նոյեմբերին «անցանկալի գործիչ» հռչակուած էր երկրին մէջ: Շրջանի մշակոյթի նախարարը ըսած է, որ...

Իրանի Կողմէ Արցախեան Պատերազմին  Ազրպէյճանին Ցուցաբերուած Աջակցութեան  Վերաբերեալ Նոր Փաստեր Հրապարակուած Են

Իրանի Կողմէ Արցախեան Պատերազմին Ազրպէյճանին Ցուցաբերուած Աջակցութեան Վերաբերեալ Նոր Փաստեր Հրապարակուած Են

Հայտար Ալիեւ եւ Մանսուր Հաղիղաթփուր Panorama.am կը հաղորդէ, որ պարսկալեզու Azarhia.org կայքը արցախեան պատերազմին ընթացքին Իրանի կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուած աջակցութեան վերաբերեալ տեսանիւթ մը հրապարակած է: Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի նախկին զօրավար Մանսուր Հաղիղաթփուրը զինուորական համազգեստով կանգնած է Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի կողքին եւ կը հետեւի ազրպէյճանցի զինուորներու ռազմաուսումնական վարժութիւններուն: Տեսանիւթի մէկ այլ հատուածին...

«Եւրոպական Միութիւնը Էրտողանէն  Կախեալ Դարձած Է»  Ըսաւ Քուրց

«Եւրոպական Միութիւնը Էրտողանէն Կախեալ Դարձած Է» Ըսաւ Քուրց

Սեպասթիան Քուրց «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է տեղահանուածներուն համար պատասխանատուութեան մէկ մասը բարդել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ձեռքերը չաղտոտէ, մինչդեռ Անգարա ստացած է չափազանց մեծ իշխանութիւն: Քուրց գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Մենք պէտք է Թուրքիոյ փոխանցենք միայն այն խնդիրները, որոնց լուծման համար...

«Եւրոպական Յանձնաժողովը Պէտք Է  Ճնշում Գործադրէ Թուրքիոյ Վրայ»  Կ՛ըսէ Չեխիոյ Վարչապետը

«Եւրոպական Յանձնաժողովը Պէտք Է Ճնշում Գործադրէ Թուրքիոյ Վրայ» Կ՛ըսէ Չեխիոյ Վարչապետը

Պոկուսլաւ Սոպոթքա Չեխիոյ վարչապետ Պոկուսլաւ Սոպոթքա Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովը պէտք է ճնշում գործադրէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս կատարէ իր պարտաւորութիւնները եւ կազմակերպէ դէպի Եւրոպա ներգաղթի հոսքի նուազեցումը: «Ես օգտուեցայ տիկին Մոկերինիի` Փրակա կատարած այցելութենէն, որպէսզի յայտնեմ անոր Չեխիոյ հետաքրքրուածութիւնը, որ Թուրքիան կատարէ իր պարտաւորութիւնները», ըսած է Սոպոթքա:...

20 Յունուարին` Ցիւրիխի Մէջ  Լաւրով-Քերրի Հանդիպում

20 Յունուարին` Ցիւրիխի Մէջ Լաւրով-Քերրի Հանդիպում

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի յանձնարարականին համաձայն, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Ճոն Քերրի 20 յունուարին Ցիւրիխի մէջ պիտի ունենան հանդիպում մը:

«Թուրքիան Մեզի Բարեկամ Ու ՕԹԱՆ-ի  Անդամ Երկիր Է, Եւ Մենք Պիտի Շարունակենք  Անոր Կողքին Կանգնիլ»  Կ՛ըսէ Քըրպի

«Թուրքիան Մեզի Բարեկամ Ու ՕԹԱՆ-ի Անդամ Երկիր Է, Եւ Մենք Պիտի Շարունակենք Անոր Կողքին Կանգնիլ» Կ՛ըսէ Քըրպի

Ճոն Քըրպի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի դատապարտեց Տիգրանակերտի մէջ ՔԱԿ-ի կատարած ականահարումը եւ ցաւակցութիւն յայտնեց «ահաբեկչական պայթումի զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն»: Քըրպի նշեց. «Թուրքիան մեզի բարեկամ ու ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիր է, եւ մենք պիտի շարունակենք անոր եւ թուրք ժողովուրդին կողքին կանգնիլ ընդդէմ ահաբեկչական լուրջ սպառնալիքներուն, զորս կը դիմագրաւեն իրենց հողերուն վրայ»: Յիշեցնենք, որ ՔԱԿ Տիգրանակերտի...

Page 809 of 882 1 … 808 809 810 … 882

Արխիւներ