
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարի նախկին օգնական Ռախա Ահմետ Հասան յայտնեց, որ Թուրքիոյ` Եգիպտոսը Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովին հրաւիրելը «բնական է, սակայն աւելի տրամաբանականը Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի այդ հրաւէրին չընդառաջելն է, քանի տակաւին Եգիպտոսի նկատմամբ թրքական քաղաքականութիւնը կ՛ընթանայ Եգիպտոսի պետութեան չաջակցող ուղղութեամբ»: «Որովհետեւ Իսլամական համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր ժողովը կը գումարուի Պոլսոյ մէջ` ժողովին Սիսիի ներկայութիւնը կարելի չէ սպասել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման համար Թուրքիան պէտք է նոր քաղաքականութիւն կիրարկէ եւ վերատեսութեան ենթարկէ Իսլամ եղբայրներուն աջակցող իր կեցուածքները»:
Ան յայտնեց, որ Եգիպտոսի նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան փոխուելուն պարագային նախագահ Սիսի կրնայ ներկայ գտնուիլ ընդհանուր ժողովին, իսկ եթէ այդ ուղղութեամբ զարգացում տեղի չունենայ, հաւանական է, որ այդ ժողովին Եգիպտոսը ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարարը: «Այժմ գնդակը Թուրքիոյ դաշտին մէջ է», շեշտեց ան:
Ան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Եգիպտոսին ուղղուած այս հրաւէրը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց շուրջ որեւէ քաղաքական իմաստ չունի, որովհետեւ հիւրընկալ երկրին պարտաւորութիւնն է կազմակերպութեան բոլոր անդամները ժողովին հրաւիրել:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին յայտնած է, որ Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն` Սամեհ Շուքրիի եւ Մեւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ հանդիպումի մը շուրջ սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է: Հանդիպումին ժամկէտը չէ ճշդուած` սպասելով Անգարայի կողմէ հրապարակային նախաձեռնութիւններու:
Աղբիւրը նշած է, որ Եգիպտոսի նախագահը չի մերժեր «իսկական հաշտութիւն մը», որով Թուրքիա կ՛ընդունի Եգիպտոսի իրադարձութեանց իր սխալ ընկալումը:


