
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Արկադի Տվորքովիչ` Հոնկ Քոնկի մէջ ընթացող Ասիական ելեւմտական խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիան պատրաստ է քննարկելու Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հոնկ Քոնկի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման հարցը:
«Մենք վերջերս ստորագրած ենք առաջին համաձայնագիրը Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Վիեթնամի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին, այժմ բանակցութիւններ կը վարենք Իսրայէլի հետ: Մենք պատրաստ ենք քննարկելու այդ հարցը նաեւ Հոնկ Քոնկի հետ», ըսած է Տվորքովիչ:
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան կը ձգտի Ասիա-խաղաղովկիանոսեան շրջանի երկիրներուն հետ համագործակցութեան: Փոխվարչապետին խօսքով` Հոնկ Քոնկ կատարած այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի ստորագրումը կրկնակի հարկերէն խուսափելու վերաբերեալ համաձայնագիրի մը, որ պիտի արտօնէ բարելաւել ռուսական եւ հոնկքոնկեան գործարարութեան փոխադարձ գործակցութիւնը:
Եւրասիական տնտեսական միութիւնը միջազգային տնտեսական միաւորում մըն է, որ ստեղծուած է Մաքսային միութեան եւ Միացեալ համարկման տնտեսական տարածքին հիման վրայ: Այժմ Եւրասիական տնտեսական միութեան կ՛անդամակցին Հայաստանը, Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը եւ Խըրխըզիստանը:


