
Panorama.am կը հաղորդէ, որ պարսկալեզու Azarhia.org կայքը արցախեան պատերազմին ընթացքին Իրանի կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերուած աջակցութեան վերաբերեալ տեսանիւթ մը հրապարակած է:
Հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի նախկին զօրավար Մանսուր Հաղիղաթփուրը զինուորական համազգեստով կանգնած է Ազրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի կողքին եւ կը հետեւի ազրպէյճանցի զինուորներու ռազմաուսումնական վարժութիւններուն:
Տեսանիւթի մէկ այլ հատուածին մէջ Հաղիղաթփուր ելոյթ կ՛ունենայ ազրպէյճանցի զինուորներուն առջեւ:
«Վերջին շրջանին ազրպէյճանցի պաշտօնեաները կը ժխտեն Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին ընթացքին Իրանի կողմէ Ազրպէյճանին ցուցաբերած աջակցութիւնը, սակայն յառաջիկային Իրանի ցուցաբերած աջակցութեան վերաբերեալ այլ փաստեր եւս պիտի ներկայացուին», կը նշէ իրանական աղբիւրը:
Նշենք, որ Մանսուր Հաղիղաթփուր ներկայիս Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահն է: Հաղիղաթփուր իր հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին յայտարարած է, որ արցախեան պատերազմին ընթացքին եղած է Հայտար Ալիեւի յատուկ խորհրդականը: Մինչեւ երեսփոխան ընտրուիլը` Մանսուր Հաղիղաթփուր կը զբաղեցնէր Արտապիլի նահանգապետի պաշտօնը:
Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութեան երեսփոխան Սիաւուշ Նովրուզով վերջերս յայտարարած էր, թէ իրանցի խորհրդարանականին դէմ Ազրպէյճանի մէջ քրէական գործ յարուցուած է: Նովրուզով Հաղիղաթփուրը մեղադրած է ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին Հայաստանին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւն հաղորդելուն մէջ:
Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ Մանսուր Հաղիղաթփուր, արձագանգելով Սիաւուշ Նովրուզովի մեղադրանքին, մասնաւորապէս նշած է. «Պատերազմի ժամանակ դուք եւ միւս երեսփոխանները ո՞ւր էիք, ձեզմէ, ձեր երեխաներէն քանի՞ հոգի մասնակցած է պատերազմին: Ինչո՞ւ սովորաբար նուիրեալ ու ոչ ազրպէյճանցի երիտասարդները կը սպաննուէին թիկունքէն: Իրականութեան մէջ ասիկա հարց է նահատակներու ծնողներուն կողմէ, թէ ինչո՞ւ իրենց որդիները սպաննուեցան թիկունքէն»:
Աւելցնենք նաեւ, որ աւելի առաջ` Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի նախկին հրամանատար Մոհսեն Ռեզային, անդրադառնալով պատերազմական գործողութիւններու ժամանակաշրջանին, ըսած է. «Այն ժամանակ ես անձամբ հրամայած եմ, որ Ազրպէյճանին ռազմամթերք տրամադրուի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն համար յատուկ ռազմաուսումնական վարժութիւններ կազմակերպուին»:


