
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան բանբերը յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Իրանի կառուցողական մօտեցումը կ՛ակնկալեն շրջանի հիմնախնդիրներու լուծման հոլովոյթին մէջ: Ան ըսած է, որ Թեհրան ատիկա կրնայ ցուցադրել սուրիական տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին:
«Սուրիոյ կացութեան շուրջ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ կը պահպանուին էական տարակարծութիւնները: Մեր կարծիքով` շրջանային հիմնախնդիրներու լուծման համար կառուցողական կերպով աշխատելու Իրանի ցանկութեան ստուգումը ժամանակի ընթացքին պիտի դառնայ այն բանը հասկնալու ընդունակութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը կարելի չէ աւարտել, որովհետեւ տակաւին իշխանութեան գլուխ կանգնած է Պաշշար Ասատ», ըսած է ան:
«Եթէ Իրան կարենայ գործել կառուցողական կերպով, ապա ատիկա դրականօրէն պիտի ազդէ տարբեր հարցերու լուծման հոլովոյթին վրայ: Եթէ ոչ` մենք պիտի շարունակենք խստացնել մեր պատժամիջոցները», աւելցուցած է ան:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Իրանի հետ հիւլէական գործարքի գործադրման նուիրուած յատուկ ուղերձին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն քաղաքականութիւնը Թեհրանի այն գործողութիւններուն դէմ, որոնք կ՛անհանգստացնեն Ուաշինկթընը: Խօսքը մասնաւորաբար կը վերաբերի շրջանին մէջ Իրանի «ապակայունացնող աշխուժութեան» եւ հեռահար հրթիռներու մշակման:


