Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Էրտողանէն Կախեալ Դարձած Է» Ըսաւ Քուրց

January 18, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեպասթիան Քուրց
Սեպասթիան Քուրց

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը որոշած է տեղահանուածներուն համար պատասխանատուութեան մէկ մասը բարդել Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի ձեռքերը չաղտոտէ, մինչդեռ Անգարա ստացած է չափազանց մեծ իշխանութիւն:

Քուրց գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Մենք պէտք է Թուրքիոյ փոխանցենք միայն այն խնդիրները, որոնց լուծման համար խիստ անհրաժեշտ է թրքական կողմի մասնակցութիւնը, որ է` գաղթականներուն ապաստան տրամադրելը»: Սակայն երբ Եւրոպական Միութիւնը ընդհանուր սահմաններու անվտանգութեան ապահովման պարտականութիւնները կը փոխանցէ Անգարային, կը յառաջանայ մեծ կախեալութիւն, որ, ինչպէս ես կը կարծեմ, շատ վտանգաւոր է»:

Քուրցի խօսքով` քաղաքական գործիչներէն շատեր կը զգուշանան, որ սահմանային գօտիի հսկողութիւնը կարելի չէ գլուխ հանել առանց բռնութիւն կիրարկելու: Սակայն Եւրոպական Միութիւնը չի կրնար պարզապէս վերցնել եւ այդ «կեղտոտ աշխատանքը» դնել Թուրքիոյ ուսերուն, որպէսզի ինք չկեղտոտի: Այսպէս թէ այնպէս, տեղահանուածներուն հետ կապուած կացութիւնը կարելի չէ գլուխ հանել առանց «դաժանութեան այլանդակ տեսարաններու»:

Քուրցի կարծիքով` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնութիւնները կ՛օգտագործէ իբրեւ Եւրոպայի վրայ ճնշում բանեցնելու լրացուցիչ լծակներ:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած է Թուրքիա ապաստանած տեղահանուածներու համար 3 միլիառ եւրոյի չափով յատուկ հիմնադրամի մը ստեղծման, որուն 500 միլիոն եւրոն պիտի տրամադրէ Եւրոպական յանձնաժողովը, իսկ մնացեալ 2,5 միլիառ եւրոն պէտք է տրամադրեն Եւրոպական Միութեան երկիրները:

 

Նախորդը

«Եւրոպական Յանձնաժողովը Պէտք Է Ճնշում Գործադրէ Թուրքիոյ Վրայ» Կ՛ըսէ Չեխիոյ Վարչապետը

Յաջորդը

Իրանի Կողմէ Արցախեան Պատերազմին Ազրպէյճանին Ցուցաբերուած Աջակցութեան Վերաբերեալ Նոր Փաստեր Հրապարակուած Են

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.