
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «Ամերիկեան նոր պատժամիջոցներուն մեր հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ հրթիռային մեր ծրագիրը եւ պաշտպանական մեր կարողութիւնները ամրապնդելու միջոցով»` աւելցնելով. «Իրանի հրթիռային ծրագիրը չի հակասեր միջազգային արժեչափերուն, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներու կառոյցը փուլ եկաւ եւ զայն կարելի չէ վերակառուցել»:
Նախարարութիւնը նշեց, որ իրանեան իշխանութիւնները պիտի շարունակեն լրջօրէն օգտուիլ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան ստեղծած նոր կացութենէն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ «պատժամիջոցներ հաստատելու մոլի են», եւ ատիկա յստակօրէն կ՛երեւի նախկին ցանկին վրայ նոր ընկերութիւններ աւելցնելու ընդմէջէն: «Միջազգային ընտանիքն ու տնտեսական հաստատութիւնները իրենց փափաքը յայտնեցին` հակառակ ամերիկեան միջոցառումներուն մեզի հետ գործակցելու», ըսաւ նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Պաղեստինցիներուն դէմ օգտագործուող զէնքերու մատակարարումին լոյսին տակ` ամերիկեան պատժամիջոցները իրաւական կամ բարոյական օրինականութենէ զուրկ են: Անոնք շրջանի երկիրներուն կը ծախեն տարեկան միլիառաւոր տոլարներու զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ ապրող քաղաքայիններու դէմ»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Իրանի դէմ հաստատած էր նոր, անհատական պատժամիջոցներ, որոնց թիրախներն են այն անձերն ու կազմակերպութիւնները, որոնք առնչութիւն ունին Իրանի հեռահար հրթիռներու ստեղծման ծրագիրին հետ:
Միացեալ Նահանգներու նոր սեւ ցուցակին վրայ են հինգ իրանցիներ, որոնք անմիջականօրէն մասնակցած են Իրանի համար հեռահար հրթիռներու ստեղծման:


