«Ժընեւի Մէջ Միջսուրիական Հանդիպումը Պիտի Սկսի Անուղղակի Բանակցութիւններով» Կ՛ըսէ Քերրի
Ճոն Քերրի «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր խմբակներու պատուիրակներուն միջեւ Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը պիտի սկսի անուղղակի բանակցութիւններով: Քերրի Տաւոսի մէջ լրագրողներու յայտնած է. «Առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ անուղղակի բանակցութիւններու ձեւով... Կարելի չէ արտօնել, որ ստեղծուի այնպիսի իրավիճակ, երբ անոնք նստին սեղանի շուրջ...




















