Միջազգային

«ՏԱՀԵՇ-իՆ Պիտի Չարտօնենք Շարժիլ  Դէպի Թուրքիոյ Սահմանները»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«ՏԱՀԵՇ-իՆ Պիտի Չարտօնենք Շարժիլ Դէպի Թուրքիոյ Սահմանները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման պիտի չարտօնենք շարժիլ դէպի Թուրքիոյ սահմանները»` նշելով. «Թուրքիան կը դիմակայէ ահաբեկչական խմբաւորումները ճիշդ ինչպէս պետութիւններուն մեծամասնութիւնը նոյն պահուն կը դիմակայէ այդ խմբաւորումները»: Անդրադառնալով Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ շրջանին մէջ անձնասպանական գործողութեան` Էրտողան յայտնեց. «Մեր ապահովական ուժերը շրջանները ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման անդամներէն մաքրելու գործողութիւններ կը կատարեն»: «Քաղաքականութիւն վարելը իշխելու...

Թուրքիոյ Մէջ Քիւրտերու Հետ Խաղաղութիւն  Պահանջած Գիտնականներու  Եւ Մտաւորականներու Ձերբակալում

Թուրքիոյ Մէջ Քիւրտերու Հետ Խաղաղութիւն Պահանջած Գիտնականներու Եւ Մտաւորականներու Ձերբակալում

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ սկսած են ձերբակալել այն գիտնականները, որոնք ստորագրած էին քիւրտերուն հետ խաղաղութիւն հաստատելու մասին երկու օր առաջ թրքական պետութեան յղուած «Խաղաղութեան համար գիտնականներու նախաձեռնութիւն» վերնագիրով կոչին տակ: Քոճաէլիի հանրապետական դատախազութեան կողմէ գիտնականներուն դէմ սկսած հետաքննութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած են կոչը ստորագրած 21 գիտնականներ: Քոճաէլիի դատախազութիւնը քիւրտերու հետ խաղաղութեան կոչը ստորագրած գիտնականները կը մեղադրէ...

«ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ  Թրքական Ռմբակոծման  Ազդուութեան Աստիճանը Տեսանք»  Ըսաւ Ուորըն

«ՏԱՀԵՇ-ի Դիրքերուն Դէմ Թրքական Ռմբակոծման Ազդուութեան Աստիճանը Տեսանք» Ըսաւ Ուորըն

Սթիւ Ուորըն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի ուժերու բանբեր Սթիւ Ուորըն գովաբանեց թրքական հրետանիի եւ հրասայլերու Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն ռմբակոծումը` նշելով, որ ջանք կը թափուի Թուրքիոյ հետ յաւելեալ համակարգում կատարելու: «Մենք հրետանիով եւ հրասայլերով թրքական ռմբակոծման ազդուութեան աստիճանը տեսանք», ըսաւ ան` գնահատելով այդ քայլը եւ զայն նկատելով «բուռն»: «Ռմբակոծումը կը նկատուի կարիքի բաւարարում մը,...

Զաուահիրի Կոչ Ուղղած Է Յարձակումներ  Գործելու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Զաուահիրի Կոչ Ուղղած Է Յարձակումներ Գործելու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ

Այման Զաուահիրի Բրիտանական «Տը Ինտիփենտընթ» օրաթերթը ամերիկեան «ՍԱՅԹ Ինթելիճընս Կրուփ» վերլուծական ընկերութեան` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզին մէջ տուեալներուն յղում կատարելով կը հաղորդէ, որ Քայիտայի ղեկավար Այման Զաուահիրի կոչ ուղղած է յարձակումներ գործելու Սէուտական Արաբիոյ մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Քայիտայի ղեկավարը 7 վայրկեաննոց տեսաուղերձին մէջ իր հետեւորդներուն կոչ ուղղած է յարձակումներ գործելու Սէուտական Արաբիոյ թագաւորական ընտանիքին դէմ, զոր ան...

Իտալիա Կ՛արգելակէ Եւրոպական Միութեան  Կողմէ Թուրքիոյ  3 Միլիառ Եւրոյի Յատկացումը

Իտալիա Կ՛արգելակէ Եւրոպական Միութեան Կողմէ Թուրքիոյ 3 Միլիառ Եւրոյի Յատկացումը

Եւրոպական դիւանագիտական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ Իտալիան կ՛արգելակէ Եւրոպական Միութեան կողմէ Թուրքիոյ 3 միլիառ եւրոյի օգնութիւն տրամադրելու ծրագիրի իրագործումը, որուն դիմաց Անգարան պէտք է օժանդակէ միջինարեւելեան երկիրներէն դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքին դէմ պայքարին մէջ: Աղբիւրներէն մէկը լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Եւրոպական Միութեան անդամ միայն մէկ երկիր առաջուան պէս դէմ է Թուրքիոյ ելեւմտական միջոցներու յատկացման: Ես չեմ գիտեր,...

Քայիտա Կը Սպառնայ «Իրեն Վերադարձնել»  Սպանիոյ Սէութա Եւ Մելիլիա Քաղաքները

Քայիտա Կը Սպառնայ «Իրեն Վերադարձնել» Սպանիոյ Սէութա Եւ Մելիլիա Քաղաքները

«Եուրոփա Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսլամական Մաղրեպի երկիրներուն մէջ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութիւնը տարածած է տեսագրութիւն մը` Սպանիոյ Սէութա եւ Մելիլիա քաղաքները «իրեն վերադարձնելու»` իսլամներուն յղուած կոչով: Աւելի քան 20 վայրկեան տեւողութեամբ տեսահոլովակին մէջ ահաբեկիչները  «կը դիմեն իսլամներու զգացումներուն եւ կը յորդորեն իրենց վերադարձնել երկու քաղաքները»: Իսլամական Մաղրեպի երկիրներուն մէջ Քայիտան նաեւ կը դիմէ Լիպիոյ բնակչութեան, որ պէտք է...

ՏԱՀԵՇ Ստանձնեց Ճաքարթայի Մէջ  Կատարուած Յարձակումներուն  Պատասխանատուութիւնը

ՏԱՀԵՇ Ստանձնեց Ճաքարթայի Մէջ Կատարուած Յարձակումներուն Պատասխանատուութիւնը

Երկու քաղաքայիններ եւ 5 զինեալներ սպաննուեցան, երբ զինեալներ Ինտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ գործեցին յարձակումներ, որոնք նկատուեցան Փարիզի յարձակումները կապկելու փորձ մը: Զինեալներէն երկուքը իրենք զիրենք պայթեցուցին, իսկ մնացեալ երեքը սպաննուեցան ոստիկանութեան հետ ժամեր տեւած բախումի մը ընթացքին: Արձանագրուեցան 20 վիրաւորներ, որոնց շարքին` 5 ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ շարք մը օտարահպատակներ, ներառեալ` հոլանտացի մը: Քաղաքային զոհերէն մէկը քանատացի էր, իսկ միւսը` ինտոնեզիացի:...

Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան  Առաջնահերթութիւնը ԱՊՀ-ի Հետ  Համագործակցութիւնն Է

Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Առաջնահերթութիւնը ԱՊՀ-ի Հետ Համագործակցութիւնն Է

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ռաշիտ Նուրկալիեւ հրապարակած է 13 յունուարին Ռուսիոյ նախագահին կողմէ հաստատուած Ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութեան վերաբերեալ մեկնաբանութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւններէն մէկը ԱՊՀ-ի, ինչպէս նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ համագործակցութեան ամրապնդումն է: «Ռազմավարութեան նոր խմբագրութեան մէջ ճշգրտուած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան, Եւրասիական տնտեսական...

«Այսուհետեւ Թուրքիոյ Դէմ Ուղղուած  Որեւէ Սպառնալիքի Պիտի Հակադարձենք  Նոյնպիսի Հարուածով»  Ըսաւ Տաւութօղլու

«Այսուհետեւ Թուրքիոյ Դէմ Ուղղուած Որեւէ Սպառնալիքի Պիտի Հակադարձենք Նոյնպիսի Հարուածով» Ըսաւ Տաւութօղլու

Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց. «Թուրքիոյ կամ անոր հիւրերուն դէմ որեւէ սպառնալիքի պիտի հակադարձենք նոյնպիսի հարուածով եւ պիտի շարունակենք ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարիլ ամբողջական վճռականութեամբ, մինչեւ որ հեռանայ Թուրքիոյ բոլոր սահմաններէն»: Ան նշեց, որ հաստատելէ ետք, թէ Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ շրջանին մէջ յարձակումը գործուած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ, թրքական զինեալ ուժերը «մեր ցուցմունքով 48 ժամուան ընթացքին հրետանիէ եւ...

Պայըք Պոլսոյ Մէջ Կատարուած Անձնասպանական  Գործողութիւնը Կը Նկատէ ՄԻԹ-ի Գործը

Պայըք Պոլսոյ Մէջ Կատարուած Անձնասպանական Գործողութիւնը Կը Նկատէ ՄԻԹ-ի Գործը

Ճեմիլ Պայըք Քիւրտիստանի համայնքներու միութիւն կազմակերպութեան գործադիր խորհուրդի համանախագահ Ճեմիլ Պայըք յայտարարեց, որ 12 յունուարին Պոլսոյ մէջ անձնասպանական գործողութիւնը կատարուած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ուղղորդումով: «Ենի Էօզկիւր Փոլիթիքա» եւ «Ազատիա Վելաթ» օրաթերթերու երէկուան թիւին մէջ հրապարակուած «Նոր ցեղասպան գաղութատիրութիւն» վերնագիրով յօդուածին մէջ` մեկնաբանելով Պոլսոյ Սուլթան Ահմեթ հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնը` Պայըք ըսած է, որ յարձակումը...

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են  Ուքրանիոյ Եւ Սուրիոյ Կացութիւնը

Փութին Եւ Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ Եւ Սուրիոյ Կացութիւնը

Օպամա եւ Փութին «Ռոյթըրզ»` յղում կատարելով Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթին, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Պարաք Օպամա 13 յունուարին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ կացութիւնը եւ Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցը: Երկու երկիրներուն նախագահները ընդգծած են Մինսքի համաձայնութիւններու բոլոր մասնակիցներուն կողմէ անոնց կատարման անհրաժեշտութիւնը: Օպամա նշած է, որ Տոնպասի մէջ...

Աբխազիան Միացած Է Թուրքիոյ Դէմ  Սահմանուած Ռուսական Պատժամիջոցներուն

Աբխազիան Միացած Է Թուրքիոյ Դէմ Սահմանուած Ռուսական Պատժամիջոցներուն

«Կազեթա» կը գրէ, որ Աբխազիոյ վարչապետ Արթուր Միքվապիան ստորագրած է որոշում մը` Թուրքիոյ դէմ սահմանուած ռուսական պատժամիջոցներուն միանալու մասին: Վարչապետը յանձնարարած է մինչեւ 20 յունուար երկրի տնտեսութեան նախարարութեան` գիւղատնտեսութեան նախարարութեան եւ մաքսային պետական յանձնախումբին հետ միասին ներկայացնել առաջարկ ժամանակաւոր սահմանափակող միջոցներու մշակման վերաբերեալ: Առաջարկը պիտի վերաբերի յատուկ ապրանքներու ներածման, որոնց ծագման երկիրը Թուրքիոյ Հանրապետութիւնն է: Յանձնարարութեան համաձայն, պիտի արգիլուի Աբխազիոյ...

Թեհրան Իրանեան Ջուրեր Մուտք Գործած  Ամերիկացի Զինուորները  Ձերբակալելէ Ետք Ազատ Արձակեց Զանոնք

Թեհրան Իրանեան Ջուրեր Մուտք Գործած Ամերիկացի Զինուորները Ձերբակալելէ Ետք Ազատ Արձակեց Զանոնք

Թեհրան երէկ իրանեան ջուրեր մուտք գործած ամերիկացի 10 զինուորներ ձերբակալելէ ետք ազատ արձակեց զանոնք: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ ամերիկացի զինուորները ներում հայցած են եւ խոստացած դէպքը չկրկնել, որմէ ետք անոնց ազատ արձակումը տեղի ունեցած է միջազգային ջուրերուն մէջ: Անոնք ազատ արձակուած են, երբ ստուգումէ ետք յստակ դարձած է, որ սահմանի հատումը դիտաւորեալ չէր: Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած էր,...

Մոսկուա. «Լաթաքիոյ Մէջ Սուրիական Փոքր  Պետութեան Մը Ստեղծման Վերաբերեալ  Էրտողանի Յայտարարութիւնները  Դատարկաբանութիւն Են»

Մոսկուա. «Լաթաքիոյ Մէջ Սուրիական Փոքր Պետութեան Մը Ստեղծման Վերաբերեալ Էրտողանի Յայտարարութիւնները Դատարկաբանութիւն Են»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնեց. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուա կը ձգտի Լաթաքիոյ շուրջ սուրիական փոքրիկ պետութիւն ստեղծել, պարզապէս Անգարայի կողմէ ինքնիր յանցանքները ծածկելու փորձ է»` աւելցնելով. «Թուրքիոյ նախագահի` Լաթաքիոյ մէջ փոքր պետութիւն մը ստեղծելու Ռուսիոյ ծրագիրներուն շուրջ յայտարարութիւնները բացարձակ դատարկաբանութիւն են, եւ յստակ է, որ ան կը փորձէ Ռուսիոյ հետ յարաբերութեանց տագնապը օգտագործել...

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ Ներքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութեան  Հեղինակը 8 Տարեկանին Սէուտական  Արաբիայէն Հեռացած Սուրիացի Մըն Է

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան. Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութեան Հեղինակը 8 Տարեկանին Սէուտական Արաբիայէն Հեռացած Սուրիացի Մըն Է

Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Պոլսոյ մէջ զբօսաշրջիկներ թիրախ դարձուցած եւ 10 զոհ պատճառած անձնասպանական գործողութեան հեղինակը Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացի մըն է` նշելով, որ ան Սուրիոյ քաղաքացի մըն է, որ աւելի քան քսան տարի առաջ իր ծնողքին ընկերակցութեամբ հեռացած է Սէուտական Արաբիայէն: Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մանսուր Թըրքի յայտնեց, որ անձնասպանական գործողութեան հեղինակին անունը...

«Սուրիոյ Մէջ Զինադադարը Միացեալ Նահանգներուն  Ու Ռուսիոյ Պիտի Արտօնէ Միասին Պայքարիլ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ»  Ըսաւ Օպամա

Օպամա Քոնկրեսին Կոչ Կ՛ուղղէ` Որդեգրելու ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Օրէնքը

Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Քոնկրեսին առջեւ «Երկրի դրութեան մասին» տարեկան իր ուղերձին ընթացքին Քոնկրեսին կոչ ուղղեց` որդեգրելու այն օրինագիծը, որ կ՛արտօնէ ամերիկեան զինեալ ուժերը օգտագործել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ: «Եթէ Քոնկրեսը իրապէս մտադիր է յաղթել այս պատերազմին եւ կ՛ուզէ յստակ պատգամ ուղարկել աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ տեղակայուած մեր զօրքերուն, ապա պէտք է արտօնէք երկրի սահմաններէն դուրս ամերիկեան...

«Ռուսիան Կարողութիւնը Ունի Ահաբեկչական  Խմբաւորումներն Ու Այլ Թիրախները  Իրարմէ Զատորոշելու»  Ըսաւ Շուքրի

«Ռուսիան Կարողութիւնը Ունի Ահաբեկչական Խմբաւորումներն Ու Այլ Թիրախները Իրարմէ Զատորոշելու» Ըսաւ Շուքրի

Սամեհ Շուքրի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի մերժեց Սուրիոյ մէջ ռուսական օդուժին գործողութիւններուն ուղղուած քննադատութիւնները` նշելով. «Մենք վստահութիւն ունինք ահաբեկչական խմբաւորումներն ու այլ թիրախները իրարմէ զատորոշելու Ռուսիոյ կարողութեան վրայ»: Ան ըսաւ, որ այս զատորոշումը կատարելը առանձնաշնորհումը չէ միայն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին, որուն մաս կը կազմեն Միացեալ Նահանգներն ու Գերմանիան, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսը»: Եգիպտական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ...

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը  Կը Դատապարտէ Թուրքիան Քրտական  Կուսակցութիւն Մը Փակելուն Համար

Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանը Կը Դատապարտէ Թուրքիան Քրտական Կուսակցութիւն Մը Փակելուն Համար

Թրքական «ՏեմոքրաթՀապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը դատապարտած է Թուրքիան քրտական Ժողովրդավարական հասարակութիւն կուսակցութեան փակման հարցով յարուցուած դատական գործին մէջ: Մարդկային իրաւանց դատարանը վճռած է, որ քրտական կուսակցութեան իրաւունքները խախտած Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարտաւոր է 74 հազար 500 եւրոյի նիւթական եւ բարոյական հատուցում կատարել Ժողովրդավարական հասարակութիւն կուսակցութեան: Կը նշուի, որ թրքական կառավարութիւնը խախտած է Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրի...

Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Զոհերուն Եւ Վիրաւորներուն Մեծամասնութիւնը`  Գերմանացի Զբօսաշրջիկներ

Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Զոհերուն Եւ Վիրաւորներուն Մեծամասնութիւնը` Գերմանացի Զբօսաշրջիկներ

Պոլսոյ Սուլթանահմեթ շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 10 զոհեր, որոնց մեծամասնութիւնը` գերմանացի զբօսաշրջիկներ, ինչպէս նաեւ 15 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը դարձեալ գերմանացի զբօսաշրջիկներ էին: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իրենք ճշդած են, թէ յարձակումին հեղինակը ՏԱՀԵՇ-ի անդամ օտարերկրացի մըն է: Ան խոստացաւ բացայայտել եւ պատժել անոր գործակիցները, ինչպէս նաեւ շարունակել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը: Տաւութօղլու...

Այսօր Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հանդիպում

Այսօր Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ Հանդիպում

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ժընեւեան կեդրոնատեղիէն հաստատած են, որ 13 յունուարին Ժընեւի մէջ կը նախատեսուի Սուրիոյ շուրջ հանդիպում` ՄԱԿ-ի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեամբ: ՄԱԿ-ի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի լրագրողներուն յայտնած է, որ ինք տեղեկութիւն ունի, որ «եռակողմ հանդիպումը Ժընեւի մէջ տեղի պիտի ունենայ 13 յունուարին` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի մասնակցութեամբ»: Նոյն ատեն, ըստ անոր, առայժմ տեղեկութիւններ չկան ներկայացուցչութեան...

Page 810 of 882 1 … 809 810 811 … 882

Արխիւներ