
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ հիւսիսարեւմտեան Քոմի շրջանին մէջ իշխանութիւնները հրկիզած են 50 գիրքեր, որոնք «խորթ են ռուսական գաղափարախօսութեան»:
Բացի ատկէ, 500 հատոր ալ հեռացուած է տեղւոյն երկու բարձրագոյն վարժարաններուն գրադարաններէն: Խօսքը հիմնականին մէջ ուսումնական նիւթերու մասին է:
Կը նշուի, որ գիրքերը հրատարակած էր «Սորոս»-ի հիմնադրամը, որ նոյեմբերին «անցանկալի գործիչ» հռչակուած էր երկրին մէջ: Շրջանի մշակոյթի նախարարը ըսած է, որ համապատասխան հրահանգ ստացուած է նախագահական պալատէն: Սակայն Ռուսիոյ մշակոյթի նախարարը գիրքեր հրկիզելը նկատեց անընդունելի:


