Թրքական բանակը հակադարձեց Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ սուրիական կողմէն արձակուած հրթիռներուն, որոնցմէ մէկը ինկաւ Քիլիս նահանգին մէջ գտնուող դպրոցի մը վրայ եւ պատճառեց երկու զոհ:
Ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ թրքական բանակի ռատարները ճշդած են սուրիական հողերէն «Քաթիուշա» տիպի երեք հրթիռներու արձակման դիրքը, որմէ ետք թրքական բանակը զայն քանդած է: