
Թեհրան ազատ արձակած է «Ուաշինկթըն փոսթ»-ի լրագրող Ճէյսոն Ռեզայեանը եւ երկքաղաքացիութիւն` իրանական եւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող եւս երեք անձ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանտարկեալներու փոխանակման համաձայնութեան ծիրին մէջ, Ուաշինկթըն 7 իրանցիներ ազատ արձակած է:
Ռեզայեան, որ «Ուաշինկթըն փոսթ»-ի Թեհրանի գրասենեակի ղեկավարն է, լրտեսութեան մեղադրանքով բանտարկուած էր աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր: Ան եւ «Ուաշինկթըն փոսթ»-ը բազմիցս հերքած են մեղադրանքները:
Միւս ազատ արձակուածներն են` վերապատուելի Սայիտ Ապետինին, ամերիկացի նախկին զինուորական Ամիր Հեքմաթին եւ Նոսրաթոլլահ Խոսրաւի-Ռուտսարին, որ, ըստ ԻՐՆԱ գործակալութեան, գործարար է:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով ամերիկացի պաշտօնեաները, կը նշէ, որ Իրանը այս խումբէն բացի ազատ արձակած է նաեւ ամերիկացի ուսանող Մեթիու Թրեուիթիկը:
Ամերիկացի պաշտօնեաները նաեւ հաստատած են 7 իրանցիներու ազատ արձակման մասին տեղեկութիւնը: Ազատ արձակուածներէն 6-ը նոյնպէս երկքաղաքացիներ են` ե՛ւ Իրանի, ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու:
Յայտնենք, որ երէկ երեկոյեան Իրանի կողմէ ազատ արձակուած արգելափակեալները հասած էին Ժընեւ:


