Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Վերաբերեալ Հանրաքուէն Կայացաւ. Վերջնական Արդիւնքը` Այսօր Առաւօտեան
Չորս ամիս տեւած ընտրական քարոզարշաւէ մը ետք, 46.499.537 բրիտանացի արձանագրուած քուէարկողներ, երէկ ուղղուեցան քուէատուփեր` ճշդելու համար իրենց երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ճակատագիրը: Քուէարկութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի ժամանակացոյցով ժամը 9:00-ին եւ փակուեցաւ կէս գիշերին: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին նախատեսութեամբ հանրաքուէի վերջնական արդիւնքը պիտի յստականայ այսօր` «շուրջ նախաճաշի ժամուն»: Հանրաքուէի քուէաթուղթը կը հարցնէ հետեւեալ հարցումը. «Միացեալ Թագաւորութիւնը Եւրոպական Միութեան պէ՞տք է անդամ մնայ,...




















