
Հողերու պաշտպանութեան եւ պաղեստինցիներու բնակեցման դիմադրութեան ազգային գրասենեակը զգուշացուց հրեայ ռաբբիներու կողմէ իսրայէլացի բնակեցուածներուն դէպի պաղեստինեան գիւղերն ու քաղաքները հոսող ջուրերը թունաւորել արտօնող կրօնական հրամանագիրներու վտանգէն ու հետեւանքներէն:
Նախապէս, իսրայէլեան «Լռութիւնը կը քանդեն» կազմակերպութիւնը բացայայտած էր Այսրյորդանանի մէջ Բնակեցման վայրերու ռաբբիներու խորհուրդի նախագահ ռաբբի Շլոմօ Մալմիտի հրապարակած կրօնական հրամանագիրը, որ կ՛արտօնէր ըմպելի ջուրերու թունաւորումը:
Իսրայէլեան կազմակերպութիւնը նշած էր, որ հրեայ բնակեցուածները արդէն կը ձեռնարկեն Այսրյորդանանի մէջ գտնուող պաղեստինեան գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու ըմպելի ջուրերու թունաւորման աշխատանքին:


