Փութին Կը Սպառնայ Ֆինլանտայի. «Ռուսիա Պիտի Հակազդէ, Եթէ Հելսինքի Միանայ ՕԹԱՆ-ին»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին շաբաթ օր այցելեց Ֆինլանտա, ուր հանդիպում ունեցաւ Ֆինլանտայի նախագահ Սալուի Նիինիսթոյի հետ` զգուշացնելով, որ Մոսկուա պիտի հակազդէ, եթէ Ֆինլանտա միանայ ՕԹԱՆ-ին: Խրիմի Ռուսիոյ կցումէն եւ արեւելեան Ուքրանիոյ զինեալներուն աջակցութենէն ետք, Ֆինլանտա եւ անոր դրացի Շուէտի ՕԹԱՆ-ին հետ համագործակցութիւնը աճած է: Այս մէկը 2014-ին նշեալ տագնապներուն ստեղծումէն ետք Փութինի Ֆինլանտա առաջին այցելութիւնն էր: Փութին յայտնեց, որ իր...




















