
Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Մեհմեթ Ուչում յայտարարած է, որ երկրի նոր սահմանադրութիւնը խորհրդարանի օրակարգ պիտի բերուի դեկտեմբեր 2016-ին, իսկ անոր բնագիրէն դուրս պիտի մնան հանրապետութեան հիմնադիր, երկրի առաջին նախագահ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի գաղափարախօսութենէն առնուած մէջբերումները: Միայն նախաբանին մէջ պիտի նշուի, որ Աթաթուրքը Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրն է:
Ուչում նշած է, որ նոր սահմանադրութեան համար ուսումնասիրուած են շուրջ 50 երկիրներու սահմանադրութիւններ, մասնաւորաբար` իբրեւ օրինակ վերցուած են Հարաւային Ափրիկէի եւ Իսլանտայի օրինակները:
Ան յայտնած է, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան համոզուած է, որ սահմանադրութեան համար հանրաքուէ կատարելը անհրաժեշտութիւն է:
Թուրքիոյ նոր սահմանադրութեան նախագիծը պատրաստ պիտի ըլլայ յունիս-յուլիս ամիսներուն եւ պիտի ներկայացուի հանրութեան:


